Արխիւ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի ելմտագէտ-հաշուապահ Եդուարդ Գովան, որ իսկական հեղինակութիւն մը կը համարուէր այդ բնագաւառէն ներս։ Յառաջացած տարիքի բերումով Եդուարդ Գովանի առողջութիւնը վերջին շրջանին բաւական խանգարուած էր։
Ֆէրիգիւղի մէջ վաղը երեկոյեան նախատեսուած է համայնքային կարեւոր խորհրդակցութիւն մը:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու. «Պոլսահայ կրթական համակարգը դժբախտաբար կ՚ընթանայ դէպի սնանկութիւն»:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Միշտ կը մտածեմ, որ «երիտասարդ» մնալու գրաւականը, մարդու ներքին լոյսն է։ Իմ պարագային՝ սենեակս։ Աշխատասեղանս։ Համակարգիչիս ճերմակ պաստառին եւ անոր հայերէն տառերուն դիմաց:
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Յառաջաբան-յօդուածին մէջ նշած էի, որ վերնագրի «շարժ» բառը պէտք է նկատի առնել ոչ միայն իր ֆիզիքական-իրական իմաստով, այսինքն տեղափոխման կամ գաղթի, այլ նաեւ վերացական-իմացական առումով։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հայաստանի զանազան մարզերուն եւ բնակարաններուն մէջ խնդիրներ յառաջացած են ոռոգման եւ խմելու ջուրի հետ կապուած։ Այնպէս չէ, որ խնդիրը նոր է։ Որքան կը յիշեմ, ամրան ջրամատակարարման խափանումներ եղած են՝ անկախ վարչախումբերու եւ իշխանութիւններու բնոյթէն։
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը պէտք է շարունակէ շփումները Ռուսաստանի հետ։ Մերքել երէկ Պերլինի մէջ յայտնեց, որ Մոսկուայի իշխանութիւններու հետ ուղղակի շփումները հնարաւորութիւն պիտի տան նաեւ խօսիլ երկկողմանի յարաբերութիւններու մէջ առկայ առաւել վիճայարոյց նիւթերու շուրջ։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ ընտրուեցաւ ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեան։ Այս վերջինը կը յաջորդէ ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեանին, որ 2006 թուականէն ի վեր կը նախագահէր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային։
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան ընկերային ցանցերու վրայ հերթական գրառումներով հանդէս եկաւ՝ երկրի սահմաններու առկայ ծանր կացութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ ընտրութիւններուն մէջ արձանագրած յաջողութեան համար։ Ուաշինկթընի շնորհաւորականը Երեւան հասաւ՝ Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան վերջնական արդիւնքի պաշտօնական հրապարակումէն անմիջապէս վերջ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը այս շրջանին հետամուտ է ընկերային զօրակցութեան զանազան ծրագրերու, մինչ Լիբանանէ ներս յառաջացած տագնապալի կացութեան հետեւանքով տեղւոյն հայութիւնը մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ։ Անթիլիաս վերջերս այս ամբողջին մէջ ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է, որպէսզի հայորդիներու առողջապահութեան կարիքները դիմագրաւուին նախանձախնդրօրէն։
Քորոնաժահրի համաճարակի, կլիմայի փոփոխութիւններու դէմ պայքար եւ գաղթականներու խնդիրներ:
Սրբազան Պապը Պլինքընը հիւրընկալելու ժամանակ յայտնեց իր համակրանքը ամերիկացի ժողովուրդին նկատմամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Foreign Policy»ի պարբերականը կարճ հրապարակում մը կատարելով ըրաւ կարեւոր «հաստատում» մը, ուր նշեց, թէ «Մաքրոն իր ձեռքով քանդեց ֆրանսական նախաձեռնութիւնը»։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները վաղը պիտի տեսակցին Անթալիայի մէջ:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Սերկէյ Լաւրով կ՚անդրադառնան նաեւ Անդրկովկասի տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն:
Գարակէօզեան Տան 2020-2021 ուսումնական շրջանի հունձքը երէկ խանդավառ հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ առաւ դպրոցէն։ Ոգեւոր մթնոլորտի մէջ անցաւ շրջանաւարտից հանդէսը, որ դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուած էր՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ապա, Ղազարոսի յարութիւնը կը ճառէ:
Խօսք. «Յիսուս դարձեալ ներքնապէս յուզուեցաւ եւ մօտեցաւ գերեզմանին» (Յհ 11.38):
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ինն ամիսներ անցան Հարաւային Կովկասի յանկարծական եւ ամենէն կործանարար պատերազմէն ի վեր ընդմէջ Ատրպէյճանի եւ Արցախի եւ հասցուցին հայոց պարտութեան սրտաճմլիկ եւ օրհասական օրը։ Ի պատիւ իրեն, Ջանիկեան այնքան սրտագին աւաղելով կու տար նաեւ «Պայքար»ի վերջին համարին մէջ իր մոմավառութեան լոյսին տակ լրիւ, անհաւատալի, ցուցակը այն բոլոր 79 վանքերուն եւ ուխտավայրերուն, որոնք պիտի անցնին Ատրպէյճանի ձեռքը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երկու ամիս առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացաւ հայ անուանի գործիչ Վարդան Գրիգորեան՝ կեանքի հետաքրքրական ուղի անցած պատմաբանը, ակադեմիկոսը, ուսուցիչն ու հանրային գործիչը, որ իր հարուստ կեանքի փորձառութիւնը նկարագրած է «Տուն տանող ճանապարհը» ինքնակենսագրական գիրքին մէջ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները շաբաթավերջին թէ՛ տեղեկութիւններ փոխանցեցին վերջին դէպքերուն կապակցութեամբ եւ թէ հերքեցին Պաքուի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած ապատեղեկատուութիւնները։ Այսպէս, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Գեղարքունիքի սահմանային հատուածէն ներս Ատրպէյճանի կողմէ կրակահերթեր արձակուած են։
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
1963-ին Դանիէլ Վարուժանի զաւակները՝ տիկին Վերոնիկ Վարուժան-Սաֆրազեանը, ինչպէս նաեւ Արմէն եւ Հայկակ Վարուժանները, իրենց հօրը բոլոր նամակները յանձնեցին Հայաստանի գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին: Վերջինս, իր կարգին, զանոնք լոյս ընծայեց երկու տարի ետք՝ 1965-ին, աշխատասիրութեամբ Գոհար Ազնաւուրեանի:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Հակառակ իրենց յարաբերութիւններուն մէջ դրսեւորած բոլորովին այլ վերաբերմունքին՝ եսապաշտ մը եւ անվերապահօրէն իր շրջապատը գոհացնել փորձող բարեպաշտ մը կրնան ունենալ հասարակաց կէտ մը. երկուքն ալ սերած ու դաստիարակուած են այն ծնողներու կողմէ, որոնք ընդունակ չեն «կառավարել» իրենց յոյզերը։