Արխիւ
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Դաշինքներն ու դաշնակից պետութիւններն ու նոյնիսկ խմբաւորումները-կազմակերպութիւնները տարբեր տեսանկիւններէ դիտուող նիւթեր են միջազգային յարաբերութիւններու մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այնքա՜ն իրաւացի են սփիւռքահայ բանաստեղծ Նիկողոս Սարաֆեանի «Հոգիս վառեց իր լոյսը թախիծին» բանաստեղծութեան մէջ գրած հետեւեալ տողերը.-
«Նենգ ու անարդար՝ մի՛շտ աշխարհն է հին...»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սուրբ Հոգիի յիշատակութենէն ետք, Պատարագի այս հատուածին քահանան եւ դպիրները կը սկսին սուրբերու յիշատակութիւնը: Այսպէս, քահանան բարձրաձայն կ՚ըսէ.
-Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինի, Յովհաննէս Մկրտիչի, Ստեփաննոս Նախավկայի եւ բոլոր սուրբերուն յիշատակը թող այս Սուրբ Պատարագի ընթացքին ըլլայ, կ՚աղաչենք:
Երեւանի «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթը այսօր հարցազրոյց մը հրատարակած է Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար վերապատուելի Հրայր Ճէպէճեանի հետ։ Այս առթիւ ան կոչ ուղղած է, որպէսզի բոլորը ապաւինին հայութեան համահաւաք ներուժին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Վարշաւիա, ուր կը հիւրընկալուի Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիեւ Ռաուի կողմէ։ Այցելութեան ընթացքին նախարարը հանդիպումներ կ՚ունենայ նաեւ երկրի ղեկավարութենէն այլ յառաջատար դէմքերու հետ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու վարչապետները քննարկեցին Հայաստան-Ռուսաստան համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։
Եւրոմիութիւնը մտադիր է յառաջիկային կրկնապատկել Ատրպէյճանէն կազի մատակարարումները:
Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն եւ Իլհամ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ հանդիսաւորապէս ստորագրեցին կարեւոր պայմանագիր մը:
Ազգային երախտաշատ բարերար հոգելոյս Գալուստ Կիւլպէնկեան վաղը պիտի ոգեկոչուի Լիզպոնի մէջ։ Գալուստ Կիւլպէնկեան, որ կեանքի վերջը անցուցած է Փորթուգալի մէջ, վառ հետքեր թողած է նաեւ այդ երկրի հասարակութեան հաւաքական յիշողութեան մէջ։
Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան առանցքին վրայ հերթական անգամ կը շօշափուի Սուրիոյ տագնապը:
Այս առաւօտ Ռաիսիի կողմէ ընդունուելէ վերջ, նախագահ Էրտողան օրուան տեւողութեան կը տեսակցի Փութինի հետ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն վերապատուելի Զաւէն Խանճեանն ու կողակիցը՝ Սօնա Խանճեանը։ Հիւրերուն ընկերացաւ Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական ժողովարանի հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ սա հայրապետական մասնաւոր այցելութիւն մըն է։
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Հայաստան եւ սփիւռք, հաւատաւոր եւ հայու ինքնութեան տէր կանգնող անհատներ եւ բջիջներ կան: Այդքա՛ն: Լեզուամտածողութեամբ եւ ազգային-քաղաքական գիտակցութեամբ, որ ազգի պատմութիւն է, գործողները խիստ փոքրաթիւ են՝ մեր ընդհանուր համրանքին բաղդատած:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։ Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրի շրջափակէն ներս հերթական անգամ եռուզեռ ստեղծուեցաւ այս արարողութիւններուն առթիւ։
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Առաքելոց յիշատակութեան առթիւ արարողութիւններուն հանդիսապետեց եւ Ս. Պատարագը մատոյց կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Ռոյ Սրկ. Քիւչիւքաթէշ, Կարպիս Սրկ. Չիչէք եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլուի։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տղաքը այս շաբաթավերջին բացառիկ խանդավառ պահեր ապրեցան Հէյպէլի կղզիի մէջ։ Այսպէս, «Մեր հայեր» խումբի նախաձեռնութեամբ տղաքը այցելեցին «Ճեւահիր-Աքուափարք», ուր կազմակերպուած զբօսանքը անմոռանալի դարձաւ անոնց յիշողութեան մէջ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայազգի պատմաբան, լեզուաբան, բառարանագէտ, հայագէտ Երուանդ Տէր Մինասեանը (1879-1974) Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանի մէջ ուսանելու ժամանակ ճանչցած է Կոմիտասը, սակայն աւելի մտերմացած է Ճեմարանը աւարտելէն ետք, երբ Գերմանիոյ մէջ իր ուսումը աւարտելէն եւ վերադառնալէն ետք տեղեկացած է Կոմիտասին հիւանդութեան մասին:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Աւստրիացի գրող Սթեֆան Ցվայկ երկար տարիներ ապրած է նացիներու ճնշման տակ եւ չդիմանալով Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի հետեւանքներուն, ինքնասպան եղած է կնոջ հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միջազգային դերակատարները շատ լաւ կը հասկնան, որ մօտաւոր ապագային Հայաստան եւ Ատրպէյճան չեն կրնար համաձայնիլ խաղաղութեան պայմանագրի մը շուրջ, ուստի կը խրախուսեն այն նախաձեռնութիւնները, որոնք կը նպաստեն տարածաշրջանային առկայ անվտանգային կայուն վիճակի ամրապնդման:
Ժամանակէ կախեալ պատասխաններու սպասման պայմաններով Երեւան եւ Պաքու պատրաստ են նոր ճանապարհային քարտէսի մը, որ կրնայ ուժ չկիրարկելու երաշխիք դառնալ: Պրիւքսել չի ձգտիր փոխարինել Մոսկուան: Ուաշինկթըն կը փորձէ աջակցիլ Արեւմուտքի՝ աւելի չէզոք հաշտութեան գործընթացին, որ չի հակասեր հրադադարի յայտարարութեան:
«The Washington Post» թերթի մէջ վերլուծութիւն. «Աշխարհ կեդրոնացած է Ուքրայնայի ուժգին մարտերուն վրայ, իսկ Կովկասի դիւանագիտական խնդիրները կրնան ընկալուիլ՝ որպէս կողմնակի շոու։ Անլուծելի հակամարտութիւններու կարգաւորման աջակցիլը կը բխի նաեւ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի շահերէն՝ ստեղծելով երկխօսութեան համար օգտակար խողովակներ»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր սփիւռքը ե՞րբ պիտի հասկնայ, որ Եւրոպա եւ Հայաստան այցելելու միջեւ կայ տարբերութիւն մը՝ յստակ ու որոշ. ե՞րբ պիտի հասկնանք, որ վարձու պանդոկը ինչքա՜ն ալ հանգիստ ու անդորր տայ մարդուն, սեփական տան տեղը չի՛ կրնար գրաւել:
Երեւանի մէջ, երէկ երեկոյեան եզրափակուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի փառատօնը, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ 19-րդ անգամ։ Յուլիսի 10-ին սկիզբ առած փառատօնի ծրագրի աւարտը բնորոշեց երէկուան մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Օփերայի համալիրէն ներս։