Արխիւ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020

Յայտարարուած են «Օսքար»ի անուանակարգման նոր պահանջները։ Ամերիկեան շարժանկարի ակադեմիան ներկայացուցած է ցուցակը բացառիկութեան չափանիշներու, որոնց 2024 թուականէն սկսեալ պէտք է համապատասխանեն այն շարժանկարները՝ որոնք «Օսքար» մրցանակի «լաւագոյն շարժանկար» անուանակարգին մէջ կ՚ուզեն յայտնուիլ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020

Հայաստանի մայրաքաղաքը՝ Երեւանի մէջ կը տեղադրուի մշակութային գործիչներուն նուիրուած յուշակոթող մը։ Ընդունուեցաւ Երեւանի Իսրայէլեան փողոցի թիւ 37 շէնքի հարեւանութեամբ հայ մշակոյթի ականաւոր գործիչներու յիշատակին նուիրուած յուշակոթող մը տեղադրելու նախագիծը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020

Այսօր՝ կ՚ոգեկոչենք հայ գրականութեան տիտաններէն Տիրան Չրաքեանը, որուն ծննդեան 145-ամեակն է։ Ան ծնած է 1875 թուականի սեպտեմբերի 11-ին Սկիւտար, Պոլիս:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020

Եւրոմիութեան եւ Անգլիոյ միջեւ տարակարծութիւնները կը շարունակուին BREXIT-ի կապակցութեամբ։ Լոնտոն վերջերս կը ծրագրէ BREXIT-ի համաձայնութեան կարգ մը յօդուածները փոփոխութեան ենթարկել։ Այս իրավիճակին մէջ ԵՄ արտահերթ ժողովի հրաւիրած է Անգլիան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա Վանի մէջ յայտարարութիւններ ըրաւ համաճարակի դէմ պայքարի կապակցութեամբ:
«Նախազգուշական միջոցներուն միասնաբար հնազանդելու ուղղութեամբ յամառութիւն ցուցաբերենք, որպէսզի քորոնաժահրը մեզ չբաժնէ մեր սիրելիներէն»:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020

Հայաստան եւ Անգլիա կը ձգտին յառաջիկային զարգացնել ու խորացնել իրենց համագործակցութիւնը:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ նախարար Ուենտի Մորթըն կարծիքներ փոխանակեցին օրակարգային հարցերու շուրջ:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան վաղը պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Գահիրէ։ Ուղեւորութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 15 սեպտեմբեր։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020

Թուրքիոյ եւ Յունաստանի զինուորական պատուիրակութիւններուն միջեւ երէկ թեքնիկ բնոյթով հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Պրիւքսելի մէջ, ՆԱԹՕ-ի հրամանատարական կեդրոնէն ներս։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, տարանջատման եզրերը քննարկուեցան բանակցութիւններու ընթացքին։ Կը ծրագրուի, որ յառաջիկայ օրերուն նոր ժողով մըն ալ տեղի ունենայ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, երէկ միջօրէին, այցելեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին ու դիմաւորուեցաւ Վարուժան Մաղաքեանի գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներուն կողմէ։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերակցէր գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020

Գարեգին Քայա Քալայճըի նմոյշներու ներկայացումը հետաքրքրութեան առարկայ:
Սկիւտարի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ ցուցահանդէս՝ «Նեւմեքան» սրահի երդիքին տակ:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020

ԵՐԱՄ

Միգիշերեայ լարումէն, սպասումէն, զիրար կորսնցնելու հաւանականութեան տածած վախէն յետոյ Զանայի եւ Նորայի գիրկընդխառնումը լճի մօտ, մէկզմէկու վերագտնումն ու փոխադարձ վստահութեան վերականգնումը՝ եթերեային վիճակի մը հասցուցած էին զիրենք։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Գրուեցաւ եւ դեռ պիտի գրուի Հայաստան պատրաստուած հայերէնի եւ գրականութեան դասագիրքերէն արեւմտահայ գրողներու գրեթէ զանցառման մասին:
Հարցը ծաւալուն է. հատուածական, ազգային, քաղաքական, մշակութային:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2020

Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, շուրջ երկու ժամ տեւեց զրոյցը, որու ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու զարգացման, տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ երէկ երեկոյեան հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 111 հազար 193 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1673 նոր վարակեալ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2020

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ արարողութեան:
Նորոգ հանգուցեալ Մելինէ Ենիեորկանի յուղարկաւորութիւնը համախմբեց հոծ թիւով սգաւորներ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2020

Երեւանի մէջ այս շրջանին կը սկսի «Գեղագրութեան դասընթաց Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ» խորագրեալ նախագիծը։ Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնն ու Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը միասնաբար ձեռնարկած են այս ծրագրին։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2020

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Պաշտպանութեան նախարար Անեկրէթ Քրամփ-Քարէնպաուէրի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարներու զրոյցի ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան արեւելեան Միջերկրականի խնդիրները։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2020

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը՝ միշտ հաւատարիմ իր հայապահպանման առաքելութեան:
Գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան երէկ ընդունուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2020

«Ազգային արժէքներու պաշտպանութիւն» նախաձեռնութեան խումբը երէկ այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ ծանօթացնելով իր օրէնքի նախագիծը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Հայոց ինքնութիւնը դարերով կերտած արժէքները եւ նախնիներէ աւանդուած ժառանգութիւնը գրաւականն են ազգի յարատեւութեան»:

Էջեր