Արխիւ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ արարողութեան:
Նորոգ հանգուցեալ Մելինէ Ենիեորկանի յուղարկաւորութիւնը համախմբեց հոծ թիւով սգաւորներ:
Երեւանի մէջ այս շրջանին կը սկսի «Գեղագրութեան դասընթաց Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ» խորագրեալ նախագիծը։ Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնն ու Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը միասնաբար ձեռնարկած են այս ծրագրին։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Պաշտպանութեան նախարար Անեկրէթ Քրամփ-Քարէնպաուէրի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարներու զրոյցի ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան արեւելեան Միջերկրականի խնդիրները։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը՝ միշտ հաւատարիմ իր հայապահպանման առաքելութեան:
Գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան երէկ ընդունուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Թերեւս շատերը ինծի պէս յուզած է կամ կը յուզէ այն հարցը, թէ ինչպէս Հայկ Նահապետի սերունդին յաջողեցաւ մինչեւ օրս գոյատեւել: Չէ՞ որ մենք փոքր ածու մըն ենք, թիւով սահմանափակ: Ունինք հազարամեակներու պատմութիւն, եւ այդ հոլովոյթին տոկացած ենք բազում ոսոխներու հարուածներուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ո՜վ իմ Տէրս եւ Աստուածս, պիտի փառաւորեմ քեզ, պիտի օրհներգեմ քու անունդ, որովհետեւ սքանչելի են գործերը որոնք կը կատարես սկիզբէն իսկ պատրաստած քու ճշմարիտ ծրագրիդ համաձայն». (ԵՍ. ԻԵ 1)։
ԵՐԱՄ
Օրն անցեր էր երկկողմանի սպասումով։ Երկուքն ալ հասկնալու բան ունէին։ Զանան՝ պատահածի մասին. Նորայի տնեցիք ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս էին իմացեր, ի՞նչ պահանջներ էին դրեր։
Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի մայրաքաղաքը՝ Պէյրութի մէջ պատահած աղիտալի պայթումին առթիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 7 օգոստոս 2020 թուականին կոչ ուղղած էր մեր համայնքի ազնիւ զաւակներուն, որպէսզի իրենց կարելիութիւնները ի սպաս դնէին սոյն մարդասիրական նպատակին ծառայելու համար եւ իրենց լումաները կեդրոնացնէին Պատրիարքական Աթոռոյս հաշիւներուն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Վեհափառ Հայրապետը ընդունած էր հրաւէրը։
Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան երէկ ազատուեցաւ իր աշխատանքէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այդ կարգադրութիւնը կատարուեցաւ Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանի կողմէ։
«Ցաւալի է տեսնել ատելութեան հրահրումը ո՛չ միայն մեր տարածքաշրջանէն ներս, այլեւ զայն տեղափոխելու փորձերը անոր սահմաններէն դուրս»:
Զօհրապ Մնացականեան խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս Երեւանի առաջնահերթութիւններուն շուրջ:
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ հերթական անգամ յայտարարեց, որ ծանր կացութեամբ հիւանդներու թիւը կը բարձրանայ երկրէն ներս։ Երէկ երեկոյեան, Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։
Ալեքսանտր Աճեմեանի «Իմ սիրոյ հասակ» երգը կը մատուցուի նորովի։ FairWind հայկական ռաք խումբը երկրպագուներու դատին յանձնած է յօրինող Ալեքսանտր Աճեմեանի «Իմ սիրոյ հասակ» յայտնի երգի սեփական մեկնաբանութիւնը՝ «Սիրոյ հասակը»:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ տօնեց Էսթոնիոյ դիմաց։ Այսպէսով, սպանացի աւագ մարզիչ Խոաքին Քափարոսի գլխաւորութեամբ հայկական ընտրանին ապահովեց իր առաջին յաղթանակը։
Սպանիայի ոստիկանութիւնը Ժոան Միրոյի կորսուած կտաւը գտած է Լոնտոնի մէջ աճուրդի մը ընթացքին։ Այսպէս, Սպանիայի ոստիկանութիւնը Լոնտոնի աճուրդի ընթացքին գտած է Ժոան Միրոյի՝ տեղափոխելու ժամանակ կորսուած կտաւը. զայն վերադարձուցած են օրինական տիրոջը:
Թուրքիոյ եւ Յունաստանի զինուորական պատուիրակութիւններու միջեւ նախատեսուած բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան վաղը՝ 10 սեպտեմբերին։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ այս կապակցութեամբ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։
ՄԱԿ-ի մէջ յայտնած են լաւագոյն երկիրը երեխաներու ապրելու համար։ Այսպէս, ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամը (ԻՒՆԻՍԷՖ) կատարած է հետազօտութիւն մը, որու արդիւնքով՝ Հոլանտան տեղաւորած է այն երկիրներու վարկանիշի առաջին հորիզոնականին մէջ, որ կազմուած է ըստ երեխաներու բարեկեցութեան մակարդակի:
Թողարկուած է Տենիըլ Քրէյկի մասնակցութեամբ «Մեռնելու ժամանակը չէ» ժապաւէնի նոր ցուցադրութիւնը։ Առցանց հարթակի վրայ յայտնուած է Ճէյմս Պոնտի մասին յառաջիկայ շարժանկարի նոր առաջնացուցադրութիւնը։
Ֆրանսիս Ֆորտ Քոփփոլա կը վերաթողարկէ «Կնքահայր 3»ը։ Այսպէս, Ֆրանսիս Ֆորտ Քոփփոլա յայտարարած է, որ կ՚աշխատի «Կնքահայր 3»ի նոր տարբերակի վրայ։
Ֆրանսացի աշխարհահռչակ դերասանուհի Մարիոն Քոթիար Harper՚s Bazaar ամսագրին տուած հարցազրոյցի ընթացքին պատմած է քորոնաժահրի համավարակի եւ այդ ամիսներու ընթացքին իր մտորումներու մասին։ 44 տարեկան դերասանուհիի խօսքով՝ համավարակի ու ինքնամեկուսացման այդ ամիսները շատ հաճելի էին, որովհետեւ ինք ըստ բաւականի հանգստացած է։