Արխիւ
Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքին յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Պատրիարքարան:
ERVAB-ի Կրթական յանձնախումբը յստակացուց այն առաջնահերթ նիւթերը, որոնք պիտի շօշափուին ժողովի ընթացքին:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Save Armenia» յուդայա-քրիստոնէական դաշինքի տնօրէն Մաթիաս Փերթուլլան եւ տնօրէններու խորհուրդի անդամներէն տքթ. Ալվետա Քինկը, որ Մարթին Լութեր Քինկի կրտսեր զարմուհին է, քաղաքացիական իրաւունքի պաշտպան եւ քրիստոնէական հաւատքի դեսպան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ի՞նչ հունի մէջ է Մերձաւոր Արեւելքը՝ մանաւանդ Իսրայէլի «ձեռք ձգած» նոր կանաչ լոյսէն ետք։ Հարցադրումը տեղին է ու կարեւոր, որովհետեւ երկու տարուան արիւնալի պատերազմէն ետք Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիյահուի կառավարութիւնը կարծէք ապահոված է որոշակի համաձայնութիւն մը՝ ամբողջական ներխուժման համար Կազզէի ուղղութեամբ։
ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երուսաղէմ ճամբորդե՞լ կ՚ուզես:
Կը վերցնես հեռաձայնը, ոստիկանատան յատուկ յանձնարարութիւններու սպան կը փնտռես: Լաւ կը ճանչնաս զինք, կը հարցնես անոր որպիսութիւնը, կատակ կ՚ընես անուր հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս, իր «Confessiones»ին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Կը կարծէի, թէ ժուժկալութիւնը կախում ունէր իմ չունեցած սեփական ուժերէս…։ Եւ ես այնքան յիմար էի, որ չէի գիտեր, թէ ո՛չ ոք կրնայ ըլլալ ժուժկալ, եթէ Դո՛ւն զայն չտաս անոր։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լիբանանահայ մտաւորական Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր տունը» գիրքը (լոյս տեսած 2025-ին) մերօրեայ արեւմտահայերէն գրական պատումի վառ օրինակներէն է, որ կ՚ապացուցանէ, թէ արեւմտահայերէնը կենդանի է, քանի դեռ կենդանի են այն յիշողութիւնները, որոնք ապրեցուցած են սերունդներ եւ տակաւին պիտի ապրեցնեն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Հանրային կարծիք» կոչուած ուտելիք մը, որուն հետ անկարելի է հաշուի չնստիլ՝ մանաւանդ այսօր:
Հայութեան մեծ սեղանի բուն ճաշը կամ կեանքը բնականաբար եւ անխուսափելիօրէն կը պարտադրէ իր անվիճելի կանոնները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Հարցումներու պատասխաններ Առակաց գիրքէն եւ բացատրութիւններ» շարքը, որ անցեալ շուրջ երեք տարիներու ընթացքին շաբաթական դրութեամբ հրապարակեցինք ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի սիւնակներուն վրայ, այսօր իր աւարտին կը հասցնենք, մեր սիրելի ընթերցողներուն ներկայացնելով Առակաց գիրքի վերջին երկու գլուխներէն հատուածներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Չեմ գիտեր ինչո՞ւ արդեօք, ամէն աշնանամուտի՝ 23 սեպտեմբերին, սիրոյ մասին խորհրդածելու պահանջքը կը զգամ։ Այս շրջանին մանաւանդ կը մտածեմ սիրոյ վրայ, թէ ան անվե՛րջ է՝ եթէ ան իսկական, անկեղծ սէր է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած մեծագոյն պարգեւը՝ ի տարբերութիւն միւս ստեղծուածներուն՝ բանականութիւնն է. սակայն, չես գիտեր ինչո՞ւ, մարդ արարած կը զլանայ այդ բանականութիւնը ի գործ դնել եւ յաճախ կը նմանի այն ստեղծուածներուն՝ որոնք բնազդով կը գործեն:
Գեղարուեստական եւ մշակութային աշխարհի ուշադրութիւնը այս օրերուն կեդրոնացած է Երեւանի վրայ։ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձի տօնակատարութիւններու շրջանակներէն ներս բացուած «Սրբազան երկխօսութիւն. Լուվրէն Հայաստանի Պատմութեան թանգարան» խորագրեալ միջազգային ցուցադրութիւնը առաջին իսկ քայլափոխին արձանագրած է մեծ յաջողութիւն։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Պաղեստինի դատը այլեւս դարձած է աշխարհի սեփականութիւնը։
Երէկ, Նիւ Եորքի մէջ, նախագահ Էրտողան մասնակցեցաւ Պաղեստինի խնդրին վերաբերեալ բարձր մակարդակի միջազգային խորհրդաժողովի մը։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Մէջբերումները կը շարունակուին։
Չհետեւիլը ընտրութիւն է, հետեւիլը՝ պատասխանատուութիւն. գիտնալու պատասխանատուութիւն։
Չհետեւողները կը զարմանան, կոչ ու կեցուածք կը յայտարարեն, հետեւողները՝ կը դիտեն, եթէ չսխալիմ, արդէն՝ անզգայ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներու շրջանակներէն ներս նախարարները կը գտնուէին Նիւ Եորքի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ իրենց հերթական հանդիպումը։
21 Սեպտեմբերի առթիւ, երէկ երեկոյեան, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ մեծ համերգ մը, որու զուգահեռ կատարուեցաւ բացառիկ հրավառութիւն։
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 34-րդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ մեծ շուքով։ Մայրաքաղաք Երեւանի եւ երկրի այլ քաղաքներուն մէջ 21 Սեպտեմբերի առթիւ տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Երէկ, Սեպտեմբեր 21-ին, լրացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին 34-րդ տարեդարձը։
Երեսունչորս տարի է անկախութիւն կը տօնենք այս օրերուն։
Թոփգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին բացառիկ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։ Դպրոցը, որ 205-րդ անգամ իր դռները բացած է այս կրթական շրջանին, հիւրընկալեց զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները։
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ եւ յարակից Էսաեան վարժարանի հիմնադրութեան 130-րդ տարեդարձները երէկ բացառիկ խանդավառութեամբ համակած էին Պէյօղլուի ընտանիքը։ Այս զոյգ յոբելեաններուն առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իւրաքանչիւր քայլափոխին վրէժի լեզու. բնութիւնը սկսած է խօսիլ ո՛չ թէ բառերով, այլ աղէտներով:
Կենսական հարցում մը. ո՞վ ունի գոյատեւելու իրաւունք՝ մինչ մարդկութիւնը դադրած է ինքզինքը դասել բնութեան զաւակ: