Արխիւ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ մեծանուն գրող Վահան Տէրեանի վերաբերեալ ձեռնարկ մը։ Տէրեանի բանաստեղծութիւնները նոր իմաստ գտան, նոր ներշնչանքի առիթ դարձան՝ աշակերտներու շուրթերէն։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի 8-րդ դասարանի սաները երէկ թաղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ հանդէս եկան եզակի ձեռնարկով մը, որով արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան ու վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Ռաֆֆի Ալիքը, որուն կ՚ընկերանար համանուն սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Արսէն Գովան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ վերադարձաւ Վատիկանէն, կը պատրաստուի ճամբորդել Հիւսիսային Ամերիկա:
Նախկին պոլսահայ շրջանակները պատրաստութիւններ յառաջ կը տանին Նորին Ամենապատուութեան հիւրընկալման համար:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Ատրպէյճան, ածխաջրածինով հարուստ երկիր մը, զոր 2003-էն ի վեր Իլհամ Ալիեւ կը կառավարէ երկաթէ բռունցքով, միաժամանակ, կը յաջողի բարդ եւ հմտօրէն մշակուած արտաքին քաղաքականութիւն մը վարել ու նաւարկել իրարու հակասող շահեր հետապնդող տէրութիւններու միջեւ։
ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սիրելի՛ Աբրահամ,
Չեմ գիտեր, թէ որո՞ւ պիտի ղրկեմ այս նամակը: Խոստումս եղած էր քեզի, որ իւրաքանչիւր մայիս ամսուան կիսուն, գերեզմանիդ կակաչներ պիտի տանիմ ու տարածեմ զանոնք գերեզմանիդ վրայ… Ահաւասիկ մայիսի կէսն ենք եւ ո՛չ մէկ կակաչ կրցած եմ գտնել…, եւ եթէ գտնեմ ալ, ինչպէ՞ս պիտի հասնիմ գերեզմանիդ, որպէսզի տամ զանոնք քեզի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ յաճախ սա հարցումը կը հարցնեն երբ իրենց փորձանք մը, պատուհաս մը պատահի. «Ինչո՞ւ ինծի…»։ Բայց ո՛չ ոք բացառութիւն է այս աշխարհի վրայ։
«Համազգային» միութեան կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Վիեննայի մէջ կազմակերպուեցաւ հաւաք մը, որուն մասնակցեցան Եւրոպայի խումբ մը հայ ուսանողներ։
Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան վերջ տալու ուղղեալ բանակցութիւնները շուտով կրնան սկսիլ:
Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքը արդիւնաւէտ:
Տանըլտ Թրամփ երէկ 127 վայրկեան տեւողութեամբ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վլատիմիր Փութինի հետ, որմէ առաջ կապ հաստատեց նաեւ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Քիր Սթարմըրի, Ֆրիտրիխ Մերցի եւ Ճիորճիա Մելոնիի հետ:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
1924-ի դեկտեմբերին, Գահիրէ բնակող Խաչատուրեաններու ընտանիքին մէջ անակնկալ իրադարձութիւն մը պատահած էր. Միքայէլ Խաչատուրեանին կինը աղջիկ մը ծնած էր, բայց՝ եօթամսական։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր Հռոմէն կը վերադառնայ իր Աթոռը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին մասնակցած էր Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նորընտիր քահանայապետին՝ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապի գահակալութեան արարողութեան, որու ընթացքին ներկայացուցած էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սպասաւոր մանուկներ եւ պատանիներ երէկ այցելեցին Պատրիարքարան՝ թաղի քարոզիչ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի հսկողութեան ներքեւ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մայիսի 19-ին, գրեթէ 200 տարի անց, առաջին անգամ Էսթոնիոյ Թարթու քաղաքի համալսարանի գրադարանի պահոցներէն դուրս բերուեցաւ եւ ցուցադրութեան դրուեցաւ հայ մեծ գրող Խաչատուր Աբովեանի նուիրաբերած 13-րդ դարու ձեռագիր շարակնոցը՝ գրողի մակագրութեամբ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Մարդ եթէ իր յանցանքներն ու մեղքերը ծածկէ կամ փորձէ գաղտնի պահել, ի՞նչ կը պատահի այդպիսիին հետ:
Պատասխան. Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս առիթով մը Տէր Յիսուս զԻնք լսողներուն ուղղելով Իր խօսքը, կը զգուշացնէր զանոնք կեղծաւորութենէ, ըսելով. «Նախ եւ առաջ զգուշացէ՛ք Փարիսեցիներուն թթխմորէն, այսինքն՝ անոնց կեղծաւորութենէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Suam habet fortuna rationem»։ (Titus Petronius. «Satyricon»)։ Դիպուածը՝ պատահականութիւնը պատճա՛ռ ունի։ Այս կը նշանակէ, որ եթէ արդիւնք մը կայ՝ անիկա անպայման պատճառ մը ունի, եւ ասիկա դրական գիտութեան անհերքելի սկզբունքն է. մանաւանդ բնագիտական օրէնքներու մէջ այս «պատճառ-արդիւնք» սկզբունքը աւելի եւս զգալի եւ կիրարկելի է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պէտք է ընդունիլ, որ կեանքի մէջ «բախտ»ը որոշ տեղ մը ունի՝ մանաւանդ գրականութեան պարագային, որովհետեւ շատ անգամ գրողը իր մտաւոր կարողութենէն աւելի «բախտ»ն է, որ կենդանի կը պահէ. գուցէ մահն ու հիւանդութիւնը եւս տեղ մը «բախտաւորութիւն» կարելի է նկատել։
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց բարձր գնահատեց Ատրպէյճանի հետ ձեւաւորուած ռազմական համագործակցութիւնը։ Իր խօսքով՝ կողմերը համաձայն են ապագային եւս ընդլայնելու այդ համագործակցութիւնը։
Անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին կազմակերպուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը շաբաթավերջին արտասովոր խանդավառութեան թատերաբեմը հանդիսացաւ։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը վերջին օրերուն կազմակերպեց նախաճաշ մը, որ տեղի ունեցաւ «Marmara Yelken» մարզակումբի սրահին մէջ։ Այս նախաձեռնութիւնը համախմբեց քաղաքիս հայաբնակ զանազան թաղերէ կանայք, որոնք միասնաբար ողջունեցին ներկայ ամառնամուտը։
Շիշլի մարզակումբը կը շարունակէ ուշադրութեան կիզակէտին պահել ճատրակը։ Շաբաթավերջին, ակումբի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու ուղղեալ մրցաշարք մը, որ համախմբեց 33 մարզիկ։