Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հաւատացէ՛ք, որ Հայաստանի քաղաքականութեան եւ եկեղեցի-իշխանութիւն յարաբերութեան մասին գրել չենք ուզեր, սակայն, շատ մը երեւոյթներ այնքա՛ն անհանդուրժելի կը դառնան, որ կամայ թէ ակամայ մենք մեզի դարձեալ կը գտնենք այս նիւթին մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամէն անգամ, որ փողոցներու մէջ ցուցարարներ տեսնեմ, կամ հանդիպիմ, կամ այդ մասին կարդամ եւ լսեմ, անպայման ողորմած հօրս այս մասին իր օրինակելի պատումները կը վերյիշեմ: Հայրս, մեզի զանազան առիթներով եւ հպարտօրէն պատմած էր, թէ «Ֆրանսան, երբ Իսքէնտէրունը Թուրքիոյ յանձնեց...»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեր պատմութեան ամենէն մթոտ ժամանակաշրջաններէն մէկն է որ կ՚ապրինք:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ճէյն Կուտոլը՝ անգլիացի գիտնականը, մարդաբանը, բնապահպանը, բարոյախօսը եւ սեւակապիկներու մեծ մասնագէտը, հեռացաւ կեանքէն իննսունմէկ տարեկանին՝ իր ժամանակին քանդելով գիտութեան սահմանները եւ նուաճելով սիրտեր։
Մասեացոտնի թեմի առաջնորդն ու հոգեւոր սպասաւորները երէկ այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը պատգամեց ըլլալ կենդանի քարոզութիւն՝ որպէս քաջ ու նուիրեալ հովիւներ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Հռոմի մէջ մասնակցեցաւ «Քրիստոնեաներու աղօթք»ին, որ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ Քոլոսէումի մէջ։ Այս աղօթքը բնորոշեց Ս. Էճիտիօ միաբանութեան տարեկան հաւաքի եզրափակիչ փուլը։
Էսաեանի աշխարհատարած սաները համակուած վարժարանի հիմնադրութեան 130-ամեակի հրճուանքով:
Էսաեանցիներու աւանդական բաժակի օրը սերունդներու միասնականութեան տօնախմբութեան մը վերածուեցաւ:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Ֆրիտրիխ Նիցչէի «Ջրադաշտ»ին մէջ կան այսպիսի տողեր. «Ամենացածրաձայն արտասանած բառերը անոնք են, որոնք փոթորիկ կը յառաջացնեն։ Մտքերը, որոնք կը քայլեն աղաւնիի քայլերով, կ՚իշխեն աշխարհի վրայ»։ Սա այդպէս է։
Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելենական շրջանին բացառիկ տարեդարձ:
Պէյրութի մէջ կազմակերպուած հաւաքով արժեւորուեցան հաստատութեան գործունէութեան զանազան երեսակները:
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան կը պատրաստուի աշխատանքային այցելութիւն մը տալ Մոսկուա։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ ուղեւորութիւնը նախատեսուած է նոյեմբերի 5-ին։
Հայաստան քննարկելի օրակարգ չի համարեր Ատրպէյճանի կողմէ յառաջ քշուած նախապայմանը:
Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ խտացեալ շփումներ կ՚ընթանան՝ TRIPP նախաձեռնութեան հեռանկարներուն շուրջ:
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը գոյատեւման երկրորդ դարուն մէջ կը շարունակէ իր ամուր երթը։ Այսօր դարձեալ Հանրապետութեան տօնն է։ Ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման, այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի 29 Հոկտեմբերը։ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը արդէն 102 տարեկան է…
ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մուհամմատ Ալի Աքպարը աղքատ մըն է, Օմանի արեւմտեան թաղամասի «Իպխա» գիւղէն. թուխ ու նիհար երիտասարդ մը, որու աչքերուն մէջ իղձեր կան, սակայն չի՛ գիտեր ինչպէս սկսի: Ճիշդ է, որ ան աղքատ էր, սակայն ի՞նչ կը նշանակէ աղքատութիւնը մարդու մը, որ բացի անկէ ուրիշ բան չէ տեսած իր կեանքին մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ երբ կը խօսին իրարու հետ, պէ՛տք է որ անկեղծ ըլլան եւ մտերիմ, քանի որ մարդուս խօսքերը պէտք է համաձայն ըլլան իրենց մտածումներուն եւ արարքները՝ խօսքերուն։ Հոն՝ ուր խօսքերը անկեղծ են եւ մտերիմ, հոն ամէն ինչ կարգին կ՚ընթանայ՝ խաղաղ եւ անխռով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հակառակ հազարաւոր տարիներու գոյութեան՝ հայու ինքնութիւնը՝ մա՛նաւանդ հայուն համար կը շարունակէ մնալ անլուծելի հանելուկ։ Տարօրինակ ձեւով մենք մեզի համար կը շարունակենք անծանօթ մնալ, սակայն, օտարը որոշ համարում ու տեսակէտ կ՚ունենայ մեր ազգին մասին՝ ինչ որ կը շարունակէ մնալ անճիշդ եւ կամ ժամանակավրէպ:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 118-րդ տարին։ Հայ մամլոյ նահապետը կը շարունակէ ալեկոծեալ ովկիանոսի մէջ թիավարել՝ սաստիկ փոթորիկի պայմաններու ներքեւ։ Հայաշխարհի անընդհատ հրատարակուող երիցագոյն օրաթերթն ու Թուրքիոյ՝ նոյնպէս անընդհատ հրատարակուող հնագոյն օրաթերթը նոր տարի մը կը դիմաւորէ՝ մտահոգիչ պայմաններով։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի վերջին օրերուն հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Խալաֆ Խալաֆովը, որ այցելեց Թեհրան։
Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Անդրանիկ Սիմոնեան Թիֆլիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Մամուքա Մտինարածէի հետ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկիրը այսօր իսկ պատրաստ է ապահովել բեռնատարներու տարանցումը Թուրքիայէն դէպի Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ՝ Մարգարա-Եղէգնաձոր-Սիսիան-Գորիս երթուղիով։
Պալըքէսիրի Սընտըրկը գաւառակին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը՝ ռիխթերեան չափանիշով 6.1 սաստկութեամբ։ Ժամը 22.48-ին պատահեցաւ երկրաշարժը, որ զգալի դարձաւ Մարմարայի եւ Եգէականի շրջանի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ։