Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի խորհրդարանը 14 յունիսին գումարեց նախագահի ընտրութեան հերթական նիստ մը։ Հերթական կ՚ըսենք՝ հաշուի առնելով, որ երկար ժամանակէ ի վեր Լիբանան կը շարունակէ ընթանալ առանց նախագահի ու մինչ այդ գումարուած նիստերուն թիւը հասած է 12-ի։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 1.2-15:
Պօղոս առաքեալին Հռոմէացիներուն ուղղած նամակէն 6.12-23:
Մատթէոսի Աւետարանէն 12.1-8:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հայհոյութիւն» իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ պղծախօսութիւն. կեղտոտ՝ լպիրշ խօսքեր ուղղել մէկու մը. անարգանք։ Իսկ նեղ առումով կը հասկցուի՝ կրօնական մոլար վարդապետութիւն, հերետիկոսական կարծիք։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կը զարմանամ, որ ունեցած ենք հայեր, որոնք չեն կրցած հասկնալ կամ ըմբռնել, թէ ինչ ըսել է ազատութիւն ու անկախութիւն. ինչ ըսել է ինքնիշխանութիւն եւ վերջապէս չեն կրցած հասկնալ, թէ ինչ ըսել է գտնուիլ օտարի լուծին տակ:
Դաշինքը Ուքրայնայի պարագային կը մշակէ ծրագիր մը, որուն շուրջ Թուրքիա ունի վերապահութիւններ:
Եաշար Կիւլէր եւ Լոյտ Օսթին հանդիպում մը ունեցան ՆԱԹՕ-ի պաշտպանութեան նախարարներու ժողովի շրջանակին մէջ:
Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը աննկարագրելի բարդութիւններ կը դիմագրաւէ։ Պաքու մէկ կողմէ կը պնդէ, որ կը ձգտի Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել, սակայն դաշտի վրայ կ՚առնէ այնպիսի քայլեր, որոնք կ՚իմաստազրկեն այդ առերեւոյթ պատրաստակամութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Կալաթասարայ մարզակումբի ներկայացուցիչները։ Նկատի ունենալով, որ Կալաթասարայի ֆութպոլի կազմը 2022-2023 եղանակի ախոյեանը դարձած է՝ ակումբի վարչութեան նախագահ Տուրսուն Էօզպեքի գլխաւորութեամբ բազմանդամ պատուիրակութիւն մը ներկայացաւ Հանրապետութեան նախագահին։
Գալֆաեան Տան մէջ 2022-2023 կրթական շրջանի վերջաւորութիւնը բնորոշուեցաւ տարեվերջի ոգեւոր հանդիսութիւնով մը։ Վարժարանի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ ողջունեց ներկաները, իսկ տղաքը զանազան ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու «Առաջնորդ» պարախումբէն Նատին Պէրպէրեանը։ Հանդիպման ընթացքին ան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ օրերուն «Առաջնորդ» պարախումբը պիտի ունենայ նոր ելոյթ մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջերս մասնակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Իսթանպուլի աւագ հիւպատոս Ճուլի Էտէյի Անկախութեան օրուան առթիւ սարքած ընդունելութեան։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ֆրանսահայ յայտնի բժիշկ Սերժ Սիմոնեան։ «Նոր Յառաջ»ի մէջ այս կապակցութեամբ կը կարդանք հետեւեալը.-
Յունիս 13-ին, ֆրանսահայ համայնքը կորսնցուց իր արժանաւոր զաւակներէն մին՝ վիրաբոյժ տքթ. Սերժ Սիմոնեանը, որ կեանքէն հրաժեշտ առաւ 85 տարեկանին։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի վերընտրութենէն վերջ Թուրքիոյ շփումները վերստին կը խտանան միջազգային գործընկերներուն հետ։ Անգարա նոր շրջանին համար դիւանագիտական նոր նախաձեռնութիւններու կը պատրաստուի՝ մանաւանդ, որ նշանակուած է նաեւ նոր արտաքին գործոց նախարար մը. յանձինն Հաքան Ֆիտանի։
Ատրպէյճանի բանակը այս առաւօտ դարձեալ կրակի տակ առաւ Հայաստանի սահմանակից Երասխը:
Իլհամ Ալիեւ. «Երեւան պէտք է ուղղակի թուղթի վրայ ամրագրէ այն, ինչ որ արդէն պաշտօնապէս յայտարարած է»:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Հայաստանի գերագոյն մարմնի նորընտիր անդամները՝ գլխաւորութեամբ Դաշնակցութեան պիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ Ֆէնէրճեան եւ ատենապետ Պերճ Զընկըքի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի անդամները։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները աշխարհի վրայ մարդու դերին մասին։
Պատմութեան ընթացքին յառաջացած իւրաքանչիւր խնդրի համար գտնուած են ժամանակաւոր լուծումներ, բայց բացայայտուած չեն անկայունութեան եւ բնական միջավայրերու ոչնչացման հիմնական պատճառները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Խոհք եւ խօսք»ը Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի իր կենսագրութիւնն է. ան իր այս հատորով կը ներկայացնէ ինքզինք՝ կը խօսի իր անձին մասին՝ իր կեանքին եւ իր գործունէութեան մասին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ծանօթացէ՛ք հայու մը հետ, որով սքանչացած ու հպարտացած են ամերիկացիները, աշխարհի մեծագոյն թերթերը անոր մասին խօսած են, սակայն մեր հայկական իրականութեան մէջ մոռցուած է անոր անունը:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ նախագահեց միջվարժարանային գիտութեան մրցոյթի մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը մրցոյթի օրը կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուստի մրցանակաբաշխութեան հանդէսը կատարուեցաւ երէկ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երէկուան մեր յօդուածին մէջ խօսեցանք տնտեսապէս թշուառ վիճակէն դէպի «փայլուն» վիճակի հասնող ազգերու մասին. իսկ այսօր պիտի խօսինք բարոյական փոփոխութիւններուն մասին: