Արխիւ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2022

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

-Բի՛բ, գտայ քեզ, Կարօ՛, ոտքերդ կ՚երեւին այդ օթոյին ետեւը:
-Միշտ ալ շուտով կը գտնես, հա՞:
-Է՛, դուն ալ միշտ այդ նոյն տեղը կը պահուիս, միայն օթոյին գոյնը կը փոխուի. ուրիշ տե՛ղ մը գտիր:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդ, քանի որ «բանաւոր էակ» մըն է՝ խորհելու, դատելու եւ որոշելու կարողութեան տէր եւ ազատ կամքով շարժող՝ ըստ իր համոզումներուն, ապա ուրեմն շատ բնական է, որ իր նմաններուն հետ տարակարծութիւններ ունենայ։ Եւ տարակարծութիւններու բնական հետեւանքն է՝ վիճաբանութիւնը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

«Դու սիրոյ հետ միշտ հաշտ ապրիր,
բայց խոյս մի տայ տառապանքից»

Պարոյր Սեւակ իր այս տողերով կը նոյնացնէ սէրն ու տառապանքը։ 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2022

Պէյրութէն Վերժին եւ Կարօ Աբրահամեանները կը տեղեկացնեն.-

Յաճախ կը լսենք ու կը կարդանք, թէ որքա՛ն կարեւոր է մանկապատանեկան գրականութիւնը հայ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան համար։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2022

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ, Կովկասի բանակցութիւններու հարցերով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքերը, որ ներկայիս տարածաշրջանային այցելութեան մը ձեռնարկած է։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022

Հայաստանի առողջապահութեան հաստատութիւններու կատարելագործման ու մանաւանդ՝ թեքնիք վերազինման ուղղեալ ծրագիրները կը շարունակուին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022

ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին հերթական՝ 29-րդ ժողովը:
Արարատ Միրզոյեան երկկողմանի շփումներուն ժամանակ կ՚անդրադառնայ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու վիճակին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022

Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս մեծարուեցաւ հայ երաժշտութեան կենդանի առասպելը:
Յովհաննէս Յովհաննիսեան Տիգրան Մանսուրեանի պարգեւատրման ժամանակ ըսաւ. «Իւրաքանչիւր ազգ հզօր է իր մեծերով»:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ու շարք մը գործակիցները, որոնք փութացած էին իր օրհնութիւնը ստանալու՝ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Երեւանի աշխատակիցներէն Անուշ Թրուանց-Սագօ Արեան ամոլը, որ քաղաքավարական այցելութեան մը փութացած էր Գումգաբու։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցուցակին ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Սեդա Պէշիկթաշլեան, Թալին Գույումճու, Լինտա Աքչէլեան եւ Մինաս Մեծատուր։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այս շաբաթավերջին պիտի տօնախմբէ հայոց առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգը երէկ հաղորդեց, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրական տնօրինութեամբ՝ այսօրուան դրութեամբ երկարամեայ ծառայութենէն յետոյ վաստակեալ հանգիստի կը կոչուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արժանթինի եւ Շիլիի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գիսակ Արք. Մուրատեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի, այս շաբաթավերջին այցելութիւն մը պիտի տայ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հեծելանիւ չեմ կրնար քշել՝ հաւասարակշռութիւն չունիմ, մինչդեռ կեանքի մէջ իմ հաւասակշռութիւնը կը գերազանցէ:
Բարձրէն ալ կը վախնամ, սակայն կը ձգտիմ դէպի բարձունքներ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս տարի կը լրանայ Երեւանի «Պուքինիսթ» գրախանութի հիմնադրման 90-ամեակը: Հայաստանի հնագոյն գրախանութներէն մէկը (որ արդէն գրախանութներու ընդլայնուած ցանց-ընկերութիւն մըն է) յոբելենական տարին նշանաւորած է կարգ մը ձեռնարկներով, ինչպէս նաեւ վերահրատարակած է արժէքաւոր պատմական գիրքեր, որոնք ժամանակակից ձեւաւորումով, տպագրական նոր որակով դրուած են ընթերցողի սեղանին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսպիսով մենք իմացանք մալարիայի իսկական պատճառը, բայց ատիկա բաւարար չէ: Անհրաժեշտ էր փնտռել-տեսնել, թէ ուրկէ՞ եւ ի՞նչ կերպով մեր մէջ կը մտնեն այդ մակաբոյծները (փարազիտները):

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աստուծոյ անհուն բարութեան եւ գութին մէկ մասն է համբերութիւնը, եւ այդ անհուն եւ գերագոյն բարութիւնը ունի մեծագոյն հեզութիւնը։ Որքան մեծ է բարութիւնը՝ նոյնքան մեծ է հեզութիւնը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

«Ու թէ հիմա, իմ բալիկըս, ես քո գլխին ճառ եմ կարդում,
Ապա միայն նրա համար...».

Իրականութեան մէջ Սեւակ ճառեր սիրող մարդ մը չէր, որովհետեւ հաւատացողն էր, թէ իւրաքանչիւր մարդ միայն իր փորձառութեամբ կրնայ բան մը սորվիլ եւ հասկնալ եւ այս մէկը մեր մարդկային բնութեան մաս կը կազմէ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022

«Անատոլու քիւլթիւր»ի հովանաւորութեան ներքեւ գործող Թոփհանէի «Տեփօ»ի երդիքին տակ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ քննարկում մը, որ վերնագրուած էր՝ «Թուրքիոյ մէջ զանազանութիւն եւ Հայաստանի հետ մշակութային համագործակցութիւն»։

Էջեր