Արխիւ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Հարաւային Ամերիկա։ Այս ուղեւորութեան առաջին փուլին ան այցելեց Արժանթին։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան. «Թուրքիա ջանքերը խտացուցած է Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան ու բարգաւաճման համար, Հայաստանի հետ կը զարգացնէ բնականոնացման գործընթացը եւ կը սպասէ Ատրպէյճանի հետ ստորագրուելիք վերջնական խաղաղութեան համաձայնագրին»:
ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնատեղիէն ներս իֆթարի սեղան՝ Անգարայի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններու առաքելութիւններու ղեկավարներուն համար: Ընթրիքին հրաւիրուած էր նաեւ Ամեն. Ս.Պատրիարք Հայրը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հոգեւոր կեանքը այնպիսի հետաքըրքրական իրականութիւն մըն է, որ իր մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ երեսներ եւ երբ մարդիկ կը փորձեն այդ երեսներէն մէկը կամ միւսը իրարմէ անջատել, կամ առանձնաբար կեանքի կոչել, ապա անպայմանօրէն տեղ մը, պահու մը խնդիրներ կը յառաջնան եւ տուեալ մարդը կը յայտնուի խորխորատի մը մէջ, ուրկէ դուրս գալու համար կարիք կ՚ունենայ Աստուծոյ օգնականութեան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս լոյս տեսաւ անուանի հայագէտ, պատմաբան Յակոբ Չոլաքեանի արձակ էջերու վերջին գիրքը՝ «Լեզուական հնհնուքներ»։ Ժողովածոն կը մէկտեղէ ակնարկներու փունջ մը, ուր հեղինակը, իբրեւ ուսուցիչ, կը պատմէ ու կը մտորէ արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման խնդիրներուն եւ սփիւռքահայ դպրոցի մասին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարը. «Թզենիին հոգ տանողը անոր պտուղը կ՚ուտէ եւ իր տէրը պահպանողը պատիւ կը գտնէ» (Առ 27.18):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Միութիւնը եւ միաբանութիւնը ընկերային կեանքի գոյապահպանման եւ բարւոք գոյատեւման համար անհրաժեշտ պայմաններն են։ Արդարեւ, հոն՝ ուր կը բացակայի միութիւնը եւ միաբանութիւնը, հոն կը սկսի քայքայում, կազմալուծում եւ փլուզում։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պահեցողութիւնը հաւատացեալ մարդուն համար բազմաթիւ պտուղներ եւ դրական արդիւնքներ կու տայ, մանաւանդ եթէ հաւատացեալը գիտակցութեամբ պահեցողութիւն կատարէ, իր հոգիին փրկութեան մասին մտածելով եւ ո՛չ թէ մարդոց աչքին երեւնալու համար, կամ այլ նպատակներ հետապնդելով:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մեծ պահքի սկիզբին առթիւ հրապարակած է պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
Սիրելիներ, մուտք կը գործենք Մեծ պահքի շրջան, որ աղօթքի, ինքնաքննութեան, զղջումի եւ ապաշխարութեան ճանապարհով մեզ պիտի առաջնորդէ՝ դէպի մարդեղացեալ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան խնդութիւնը։
Սերկէյ Լաւրով բանաձեւեց Մոսկուայի արձագանգը. «ԱՄՆ կը ձգտի խաղաղութեան, իսկ Եւրոպա կ՚ուզէ պատերազմի շարունակուիլը»:
Եւրոպացի ղեկավարներուն անվտանգութեան օրակարգով երկրորդ հրատապ հաւաքը. Վոլոտիմիր Զելենսքի ընդունուեցաւ Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորին կողմէ: Քննարկումներու ժամանակ Թուրքիան ներկայացուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողմէ: Ռուսաստանի դէմ լուրջ հակադրութիւն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
2015 թուականին էր, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան ժողովուրդը հրաւիրեց հանրաքուէի։ Խնդիրը կապուած էր նոր սահմանադրութեան մը վաւերացման հետ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Թեքնոլոժիի զարգացումով մարդիկ կը խորհին մարդկային գիտակցութիւնը, յիշողութիւնները եւ զգացումները փոխանցել մարդամեքենաներու վրայ եւ այս գաղափարը սկսած է հետզհետէ աւելի իրական թուիլ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքին մէջ տարբեր ժամանակաշրջաններ կան՝ որոնք բնական են կեանքին սովորական ընթացքին մէջ։ Յաջողութիւններ եւ ձախողութիւններ, բարեգործութիւններ եւ չարագործութիւններ, սէր եւ ատելութիւն, օրհնութիւն եւ անէծք եւ բազմաթիւ հակադրութիւններ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սակայն, անկեղծութիւնը դրական արժէք ըլլալով հանդերձ ունի իր բացասական կողմերը, որոնք կրնան վնասել մարդու բարօրութիւնը, որովհետեւ անկեղծութիւնը յաճախ կրնայ խաթարել յարաբերութիւնները, վիրաւորել թէ՛ շրջապատը եւ թէ մանաւանդ՝ ինքնասիրութիւնը, որովհետեւ մեր անկեղծութիւնը կրնայ ուրիշներու համար սեփական շահեր հետապնդելու շարժառիթ դառնալ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի տիրական ներկայացուցիչներէն՝
ՏԻԿԻՆ
ԱՆԻ ՖՈՒԼԻԱՆԷ ՖԵՐԱՀԵԱՆ
որու կորուստը սուգի մատնած է իր ընտանիքը, միեւնոյն ժամանակ, համայնքային շրջանակներէն ներս գտած է լայն արձագանգ։
Պէզճեան Մայր վարժարանի սաները շաբաթավերջին մասնակցեցան «6. Technovation Turkey Launch Event» ձեռնարկին։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն էր՝ խրախուսել STEM-ի մարզէն ներս յաւակնոտ երիտասարդներու պատրաստութիւնը։
Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու շարքէն ներս, շաբաթավերջին փայլուն համերգ մը տեղի ունեցաւ՝ Սաքըզաղաճըի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երդիքին տակ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Բարեկենդանի աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ, մաէսթրօ Ատրուշան Հալաճեանի սաները Բուն Բարեկենդանին զուգադիպած երեկոյթը վերածեցին երաժշտութեան անմոռանալի խնջոյքի մը:
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջը բնորոշուեցաւ Բարեկենդանի խանդավառութեամբ։ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց կազմը փոքրիկներուն համար կազմակերպեց խրախճանք մը, որ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ յարակից «Պալեան» սրահին մէջ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր ընդունեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած հերթական վերապատրաստման դասընթացքներուն մասնակից հոգեւորականները՝ որոնք մայրավանք մեկնած էին Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն։