Արխիւ
Պատրիարքական Աթոռը Տիար Արեւ Ճէպէճիէ տեղեկացած էր, թէ 16 օգոստոս 2020, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարի կիրակիին, Գնալը կղզիի վրայ Իսթանպուլի Գլխաւոր քաղաքապետութեան հետ ծրագրուած էր մշակութային փառատօնի մը կազմակերպումը։ Այս տեղեկատուութեան առընթեր ան փափաքած էր գիտնալ, թէ սոյն ձեռնարկը յաչս Պատրիարքական Աթոռոյ անպատեհ կը նկատուէ՞ր, թէ՝ ոչ։
Ինչպէս ծանօթ է՝ Լիբանանի մայրաքաղաքը՝ Պէյրութի մէջ պատահած աղիտալի պայթումը, խոր ցնցում յառաջացուցած է երկրի հայրենակիցներուն մօտ։ Աղէտին իբր հետեւանք ո՛չ միայն փլուզումներ եւ աւերումներ, այլ նաեւ՝ նիւթական լուրջ վնասներ յառաջացած են։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ո՜րքան սփոփարար, ո՜րքան մխիթարական, ո՜րքան հանդարտեցուցիչ է Աստուծոյ ապաւինիլ, Աստուծոյ վստահիլ, քանի որ Պետրոս Առաքեալ իր ընդհանրական առաջին նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէ՛ք, որովհետեւ ինքը կը հոգայ ձեր մասին». (Ա ՊԵՏ. Ե 7)։ Արդարեւ, երբ կ՚աղօթենք եւ կ՚ըսենք «Հայր մեր…», ասիկա կ՚արտայայտէ վստահութիւն մը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեխայի բարօրութիւնը իւրաքանչիւր ծնողի երազն է: Ամէն ծնող կ՚ուզէ իր բոլոր սէրն ու նուիրումը ընծայել իր զաւկին կամ զաւակներուն:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օգոստոսը Հայաստանի մէջ սկսաւ արտակարգ դրութեան որոշ պայմաններու թուլացմամբ: Առտուան ժամը 10-12-ը խանութներու եւ սպասարկման այլ վայրերու մէջ այլեւս միայն տարեց բնակիչներու համար սահմանուած ժամ չէ, ամէն մարդ կրնայ այդ ժամերուն խանութ եւ ուրիշ տեղեր այցելել:
Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հակառակ այն իրողութեան, որ ամբողջ աշխարհը ծունկի եկած է թագաժահրի պատճառած ֆիզիքական ու տնտեսական եւ այլ բազմաթիւ կորուստներու եւ վնասներու պատճառով, հակառակ այն իրողութեան, որ մարդը կանգնած է անորոշութեան դիմաց՝ գալիքին նկատմամբ, մեր երկրին մէջ սակայն կեանքը կարծէք կը շարունակուի իր բնականոն հունով, եւ ո՛չ միայն այդքան, այլ՝ կը ստորագրուին այնպիսի որոշումներ եւ նոր օրէնքներ, որոնք պարզապէս ամօթալի են առաջին հերթին մեր երկրին համար եւ երկրորդ մեր վաղուան Հայրենիքի հորիզոնին մութ եւ գորշ ամպեր կը կուտակեն:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ՝ «Փոքրիկ» կայքէջի ներկայացուցիչներուն կողմէ վաղը նախատեսուած հեքիաթատօնը ջնջուեցաւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արքեպսկ. Մաշալեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը տեղեկացուց, որ Պէյրութի պայթումի զոհերը մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով պիտի ոգեկոչուին մեր եկեղեցիներուն մէջ:
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու վերաբերեալ վիճակագրական տուեալները խորապէս մտահոգիչ համեմատութիւններու հասած են։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին տուեալները։
Պէյրութի հայաբնակ թաղամասերու կրած մեծ վնասը յաղթահարելու ուղղեալ վճռակամութիւն:
Երեւանի մէջ մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ պայթումի հետեւանքով մահացածներու համար. 11 հայ զոհ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պէյրութը տակաւին ընդհանուր շոքի մը փուլին մէջ է։ Ցաւը մեծ է, Լիբանանի կառավարութիւնը բաւական տկար կը մնայ, իսկ գետնի վրայ առկայ ողբերգական պատկերը կարիք ունի շատ մեծ ճիգերու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս կեանքը արարչագործութեան մեծագոյն հանելուկն է։ Ան կրնայ սրբանալ եւ իր աստուածային կոչումին կատարեալ ապացոյցը տալ, բայց կրնայ նաեւ ա՛յնքան վատթարանալ եւ ստորնանալ, որ նոյնիսկ դժոխքին բնակիչներուն զզուելի դառնալու դիրքին մատնուի։ Եւ այս հակադիր բոլոր վիճակները կը պատահին երբեմն նո՛յն մարդուն ժամանակաւոր երկրային կեանքին մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի մայրաքաղաքը՝ Պէյրութը ցնցած սոսկալի պայթումը տակաւին երկար ժամանակով քննարկման նիւթ պիտի դառնայ ո՛չ միայն Լիբանանի օրակարգին վրայ, այլեւ՝ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի համար։ Մանրամասնութիւններուն երթալով յիշեցնեմ, որ Պէյրութի գլխաւոր նաւահանգիստին մէջ որոտացած պայթումը, որու խորհրդաւորութիւնը դեռ մինչեւ այս պահը կը շարունակէ իր շուքերը տարածել դէպքին վրայ, բոլոր առումներով աննախադէպ էր։
ԵՐԱՄ
Հինգ օր է արդէն աշխատանքի կու գար Զանան։
Ամէն առտու կ՚արթննար կանուխ՝ վեցին, լոյսը դեռ լրիւ չբացուած։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ամէն երեկոյեան պարտաճանաչ կը հետեւինք լուրերու հերթական թողարկումին: Անկեղծ ըսած, մինչ թագաժահրի ժամանակաշրջանը, ամէն օր չէր, որ երեկոյեան ժամը ութին կը գամուէինք հեռատեսիլի դիմաց եւ մեր շունչերը պահած կը հետեւէինք աշխարհի անցուդարձին: Ինչեւէ...
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Այս դժուարին օրերուն հայրենիքը պէտք ունի իր իւրաքանչիւր զաւկի զօրակցութեան»:
Վեհափառ Հայրապետը հեռավար զրոյց ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմերու առաջնորդներուն հետ:
Համացանցի վրայ յայտնուած է Տանըլտ Թրամփի մասին «Քոմիի կանոնները» ֆիլմաշարի առաջին գովազդային ցուցադրութիւնը։ Այսպէս, «YouTube»ի մէջ տեղադրած են The Comey rule (Քոմիի կանոնները) կարճ-ֆիլմաշարի առաջին ցուցադրութիւնները, որոնց մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դերը կը կատարէ Պրենտըն Կլիսըն, որ ծանօթ է «Հերի Փոթըր» շարժանկարներու մասնակցութեամբ։
Պիլի Այլիշի նոր հոլովակը միլիոնաւոր դիտումներ հաւաքած է մի քանի ժամուայ ընթացքին։ Այսպէս, ամերիկացի երգչուհի Պիլի Այլիշ համացանցային հարթակներու վրայ ներկայացուցած է իր նոր երգը՝ «My future»ը, եւ «YouTube»ի վրայ հրապարակած է անոր տեսահոլովակը, որ ստեղծուած է բեմադիր Էնտրու Օնորաթոյի կողմէ:
Պելժիոյ մէջ ամենածեր կինը մահացած է 111 տարեկան հասակին։ Այսպէս, 111 տարեկանին մահացած է Պելժիոյ ամենածեր քաղաքացի Մարիէթ Պուվեռն:
Ամենահարուստ երկիրները հերթի կանգնած են քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթի համար։ Միացեալ Նահանգներ, Մեծն Բրիտանիա, Ճաբոն եւ Եւրոմիութեան երկիրները պայմանաւորուած են գնելու համար քորոնաժահրի դէմ 1.3 չափաբաժին պատուաստանիւթ, որ դեռ չէ ստեղծուած: Այս մասին հաղորդած է Bloomberg գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Airfinity վերլուծական ընկերութեան հետազօտութիւնը: