Արխիւ
Ռուսօ կ՚ըսէ, որ կեանքին իմաստը ոչ թէ յաջողութեան, այլ ազատութեան մէջ է. «Անոնք, որոնք միայն յաջողութեան համար կ՚ապրին, ստրուկի ոգի ունին ու չեն կրնար ազատ ըլլալ»։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Իզապէլ Տիւմոնը։
Բարձրաստիճան դիւանագէտի քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ ջերմ զրոյց։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Արդէն երկու տարի է, որ Հրայրը մեկնած է այս աշխարհէն: Ճիշդ է, որ ան ֆիզիքապէս բաժնուած է մեզմէ, սակայն բոլոր անոնք որոնք կրցած էին Հրայրի մտերմութիւնը շահիլ, ճանչցած էին զինք, առիթ ունեցած էին մօտիկէն զրուցելու, կամ գէթ համացանցի վրայ միտքեր փոխանակելու եւ կամ հետեւելու իր «համով-հոտով» գրութիւններուն, վստահ եմ, որ անոնց միտքերուն, սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ Հրայրը տակաւին ողջ է եւ ողջ ալ պիտի մնայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տանըլտ Թրամփ բաց աչքերով կը հետեւի Կազզէի պատերազմին ու կը ձգտի օգտուիլ ժամանակի սլաքներէն:
Միջին Արեւելքի պարագային ԱՄՆ-ի ձախողած քաղաքականութիւնը կ՚ազդէ նախագահական ընտրութեան հաշուարկներուն վրայ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Այն պահուն, երբ մարդիկ համաճարակներու, պատերազմներու եւ տնտեսական ծանր տագնապներով մթնոլորտին մէջ երջանկութիւն կ՚երազեն, հրապարակուեցաւ երջանկութեան համաշխարհային զեկոյցը, ուր երիտասարդութեան կեանքին մասին ահազանգ կայ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդիկ իրենց շրջապատին հետ հաղորդակցելու համար կ՚օգտագործեն շարք մը խորհրդանշաններ, որոնք կ՚անուանենք լեզու: Մինչ մարդիկ կը շփուին լեզուով, միւս կենդանի էակները ունին հաղորդակցութեան աւելի պարզ միջոցներ:
Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան ծով փորձառութեամբ եւ ամենայն թափով կը շարունակէ գիտական գործունէութիւնը:
Կրետէ կղզիի նորանշանակ տեսուչը երէկ յետմիջօրէին հիւրընկալուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ:
ՆԱԹՕ այսօր կը նշէ իր հիմնադրութեան 75-ամեակը։ Հիւսիսատլանտեան դաշինքը, որ Երկրորդ աշխարհամարտին յաջորդած իրավիճակին մէջ 12 անդամ երկիրներով ճանապարհորդութեան դուրս եկած էր, այսօր արդէն ունի 32 անդամ երկիր։
Պրիւքսէլի վաղուան ժամադրութեան ընդառաջ Ուաշինկթըն-Պաքու բարձր մակարդակի վրայ շփում:
Հակադիր շահերու եւ իրերամերժ դիրքորոշումներու մթնոլորտին մէջ Երեւան կը ջանայ երաշխիքներ ապահովել:
Իսրայէլի մէջ պետութեան ձեռքով բռնութեան կ՚ենթարկուի Երուսաղէմի հայկական թաղամասը:
Տեւական ոտնձգութիւն. «Կովերու պարտէզ»ին վրայ ոստիկանութեան կողմէ յարձակում՝ Մեծ պահոց նուիրական օրերուն:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Բանաստեղծութեան իշխան Վահան Թէքէեան գրեթէ մասնակցած է կիրակնօրեայ մեր ընտանեկան հաւաքոյթներուն ճաշէն ետք։ Ծնողքս երկուքն ալ Թէքէեանի երկրպագուներ… Հայրս ոչ միայն Թէքէեան բանաստեղծը իր գիրքերով ճանչցած՝ այլեւ աշակերտած էր անոր Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վստահաբար շատեր պիտի համաձայնին, որ կարդալը զբաղում մը ըլլալէ անդին ու վեր, մասնագիտութիւն մըն է, աւելի ճիշդ՝ արուեստ մըն է: Այդ արուեստին տիրապետողներն են միայն, որ իրենց կարդացածէն բան կը հասկնան, իրենց կարդացածը կ՚արժեւորեն ու կը գնահատեն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Շարլ Ազնաւուր-100» միջոցառումներու հայաստանեան շարքի առաջին ձեռնարկներէն մէկը տեղի ունեցաւ Կիւմրիի մէջ, որ հոգեհարազատ քաղաք եղած է Շարլ Ազնաւուրին համար՝ 1988 թուականի երկրաշարժէն յետոյ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բարեկամութիւնը ուրախութի՜ւն է՝ սրտին ամենէն թանկագին գոհարներէն մին կը կազմէ։ Ո՞րն է այն սիրտը, որ աւելի արագ չի բաբախեր, երբ երկար տարիներ սպասելէ վերջ, իր բարեկամը կը տեսնէ յանկարծ ողջ առողջ, ուրախ, երջանիկ, զուարթ եւ սիրալիր։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գրականութիւնը ապերախտ ոլորտ մըն է, որ մտային կարողութեան ու աստուածատուր գրելու շնորհքին կողքին քիչ մըն ալ «բախտ» կը պահանջէ: Յաճախ գրութիւն մը, բանաստեղծական գոհար մը «յայտնի» կը դառնայ՝ սակայն մոռացութեան կը տրուի գրողն ու բանաստեղծը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ Ս. Զատկի առթիւ հիւրընկալեց իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կազմակերպուած աւանդական հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ բարձր տրամադրութեան ձեւաւորման։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Ինչո՞ւ Փաշինեան կը շարունակէ իշխել՝ ի հեճուկս սարսափելի աղէտներու, որոնք պատճառած է ազգի եւ պետութեան գլխուն: Այս հարցը ունի բազմաթիւ պատասխաններ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցան քաղաքային խորհուրդի ընտրութիւններ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կլենտէյլի քաղաքապետ ընտրուեցաւ հայազգի Էլէն Ասատրեան։
ԱՔ կուսակցութեան Կեդրոնական գործադիր մարմնին ժողովը՝ Անգարայի մէջ
Նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ արժեւորուեցան շաբաթավերջի ընտրութիւններուն արդիւնքները:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Իրանի գծով յատուկ յանձնակատար Ապրամ Փէյլի վերջերս այցելեց Հարաւային Կովկաս։ Տարածաշրջանային ուղեւորութիւնը ընդգրկեց Հայաստանը, Վրաստանն ու Ատրպէյճանը։