Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վերջին ընթրիք»ին ժամանակ, Ի՛նք Տէրը Իր աշակերտներուն ակնարկը հրաւիրեց Զատիկին լրումին վրայ՝ Աստուծոյ արքայութեան մէջ. «Կ՚ըսեմ ձեզի, այսուհետեւ երբեք պիտի չխմեմ այգիին բերքէն մինչեւ այն օրը երբ ձեզի հետ զայն դարձեալ պիտի ըմպեմ Հօրս Արքայութեան մէջ» (ՄԱՏԹ. ԻԶ 29)։ Ամէն անգամ որ Եկեղեցին Սուրբ Պատարագի խորհուրդը հանդիսակատարէ, այս «խոստում»ը կը յիշէ եւ իր ակնարկը կ՚ուղղէ «Անոր որ կու գայ» (ՅԱՅՏ. Ա 4)։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Ամերիկեան օրացոյցին մէջ կան իւրայատուկ օրեր, երբ պետական պաշտօնատեղիներն ու հանրային դպրոցները փակ կը մնան, յիշատակելու այդ օրերուն զուգադիպող տօները։ Օրինակ՝ Մարթին Լուտըր Քինկ օր, Նախագահներու օր, Նահատակաց օր, Բանուորական օր, Վեթերաններու օր եւ այլն։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մինչ Փարիզը տօնական հանդերձանք առած կը նշէր քաղաքի խորհրդանիշները դարձած Էյֆէլ աշտարակի 130 եւ Լուվր բուրգի 30-ամեակները, Փարիզի միւս գեղեցկուհին՝ Նոթրը Տամ տաճարը կրակի լեզուակներու մէջ կ՚այրէր ողջ Եւրոպայի եւ աշխարհի աչքին առջեւ: Մարդիկ՝ արցունքն աչքերուն անզօր եւ վհատ կը դիտէին 850 եւ աւելի տարիներու պատմութիւն ունեցող հսկային այրիլը…
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Իսկ այսօր, այսօրուան մեծ եւ հոյակապ օրը՝ Հինգշաբթին, կարգելով շարակարգեցինք խորհրդածութեան բացափայլութիւնը, որ նոյնինքն արարչագործութեան հինգերորդ օրուան օրինակն ու պատկերն է, որուն ընթացքին ջուրերը բղխեցան՝ Աստուծոյ հրամանով, բոլոր տեսակի կենդանիները՝ երկրի, երկինքի եւ ջուրերուն մէջ եղող, իւրաքանչիւր սեռրն ու տեսակները բաժնուած եւ որոշուած (իրարմէ), որոնք կ՚ընթանան ջուրերու շաւիղներէն. (անոնց) շնչառութիւնը՝ ռնգուքներով չեն կլաներ օդը, այլ ջուրէն կ՚արտաշնչեն, ինչպէս ցամաքայինները՝ օդը։ Հողմերը անոնց ըմպելիքներն են, ինչպէս ցամաքայիններունը՝ ջուրերը. որովհետեւ խորերէն դէպի վեր կ՚ընթանան օդ կլանելու. ինչպէս որ ցամաքայինները խեղդելով կը սպաննեն ջուրերը, նոյնպէս եւ ջրայինները՝ օդը։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Սրբոց տասն կուսանաց յիշատակութիւնը։ Աւագ շաբթուան այս խորհրդաւոր արարողութեան հանդիսապետեց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Ֆաթիհի նորընտիր քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանին։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, նորին սրբազնութեան հետ էին Ֆաթիհի գաւառակէն ներս գտնուող մեր եօթ եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները կամ ներկայացուցիչները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւագ շաբթուայ չորեքշաբթի օրը խորհրդանիշն է Յիսուսի իւղով օծումին եւ Յուդայի մատնութեան։
Արդարեւ, Աւագ չորեքշաբթի օրը մեզ կը տանի Աւագ շաբթուան ամենէն սոսկալի՛ օրերուն։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Օգոստոս էր…
Վառարանի ու ծխախոտի ծուխէն սեւցած երբեմնի լուսաւոր ննջասենեակի երկնագոյն պատեր։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Նախորդ քանի մը յօդուածներուս մէջ անդրադարձած էի Թուրքիոյ մէջ հայ ինքնութիւնը ծածկելու երեւոյթին ու անոր լեզուական դրսեւորումներուն։ Ժամանակակից պոլսահայոց մօտ հայերէնի օգտագործման նիւթով շարքին վերջինը պիտի ըլլայ այս յօդուածը, որուն մէջ պիտի անդրադառնամ անձնանուններու թեմային։ Անձնանունները, ի վերջոյ, թէ՛ լեզուական երեւոյթ են, թէ՛ ինքնութեան։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Յառաջիկայ շաբթուան մէջ թրքահայութեան օրակարգը ամբողջութեամբ պիտի կեդրոնանայ պատրիարքական ընտրութեան խնդրին վրայ։ Իրականութեան մէջ, սա խնդիր մը չէ, բնականոն երեւոյթ է, սակայն վերջին աւելի քան մէկ տասնամեակի իրադարձութիւնները պատրիարքական ընտրութիւնը վերածած են ծանր խնրի մը։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան նախագահ Երուանդ Զօրեանը, որ միեւնոյն ժամանակ գլխաւոր ճարտարագէտն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Սինոփսիս» ընկերութեան։ Երուանդ Զօրեան սփիռքահայ յայտնի գործիչ մըն է, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան մաս կը կազմէ եւ ՀԲԸՄ-ի ջանքերով ստեղծուած Հայկական համացանցային համալսարանի հիմնադիր-նախագահն է։
ՀԲԸՄ Նիւ Եորքի մէջ ճաշասեղանով մը պատուեց Հայաստանի վարչապետի տիկինը:
Աննա Յակոբեան ներկայացուց իր գլխաւորած բարեգործական հիմնադրամներուն գործունէութիւնը:
Հանրապետութեան նա-խագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներուն հանդիպումը։
Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ գործակցութեան զարգացման հեռանկարները ուշադրութեան առարկայ:
Պերաթ Ալպայրաք Սպիտակ տան երդիքին տակ Տանըլտ Թրամփին փոխանցեց Էրտողանի ողջոյններն ու պատգամը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ, երէկ ընդունուեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի կողմէ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար ու նշեց, որ հանդիպման օրը զգացական տեսակէտէ մեծ նշանակութիւն ունի Փարիզի Նոթրը Տամ մայր տաճարի հրդեհին բերումով։
Փարիզի Նոթրը Տամ մայր տաճարի վերանորոգութեան համար այժմէն հանգանակուած է 1 միլիառ եւրօ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Մեր աղօթական զօրակցութիւնը կը յայտնենք բոլոր ֆրանսացիներուն եւ Կաթոլիկ մեր քոյր եկեղեցւոյ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւագ երեքշաբթին «ներքին ընդհանրութեամբ» մը կապուած է նախորդ օրուայ՝ Աւագ երկուշաբթիի հետ։
Արդարեւ, Աւագ երեքշաբթին մեր ուշադրութեան կը յանձնէ այն՝ թէ մեր առաքինի գործերու պտուղները հոգեպէս պէտք է պատրաստ պահենք, եւ այդ պտուղներով պատրաստ ըլլանք Քրիստոսի Երկրորդ Գալստեան, այլապէս չկորսուինք եւ չչորնա՛նք թզենիի պէս եւ երբ չորնանք՝ դուրս կը մնանք երկինքի արքայութենէն՝ ինչպէս դուրս մնացին հինգ «անխոհեմ» կոյսերը։
Աւագ երեքշաբթին ժողովուրդին մէջ ծանօթ է ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ յիշատակի օր անունով: Ներքին ձեւով կապուած է նախորդ օրուան՝ Աւագ երկուշաբթիի հետ. ան կ՚ակնարկէ, որ մեր առաքինի գործերու պտուղներով հոգեպէս պէտք է պատրաստ ըլլանք Քրիստոսի երկրորդ գալստեան, այլապէս կը չորնանք թզենիին պէս եւ երկինքի արքայութենէն դուրս կը մնանք հինգ յիմար կոյսերուն նման:
Պատմաբան ԱՄԷՐ ՌԱՇԻՏ ՄԸՊԱՅԷՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայերը առաջինն են, որոնք արդի բժշկութեան եւ վիրահատութեան հիմքը դրած են Սուրիոյ մէջ։
Հայերը քաղաքակրթական մեծ դեր ունին Սուրիոյ բժշկական, գիտական, կրթական, ճարտարապետական, շինարարական եւ վաճառականական զարթօնքին մէջ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայագէտ, բնագրագէտ, Հայաստանի Ազգային արխիւի երկարամեայ աշխատակից Էմմա Յովսէփեանի հերթական գիրքը ազգային մեծ բարերար՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի մասին է: «Տոհմիկ բարերարը» խորագրով գիրքը լոյս տեսած է Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ եւ կը ներկայացնէ 20-րդ դարու առաջին կէսին Կիւլպէնկեանի ծաւալած հայանպաստ եւ ազգապահպան գործունէութիւնը: