Արխիւ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ուսուցչուհիներէն Ժպտուն Զուռնաճըն եւ Լիանա Պենլին, որոնց միացած էին լիսէի բաժնի աշակերտներէն Թայիս Տողանճըօղլուն, Օլիվիա Աչըքկէօզն ու Միքայէլ Յովհաննիսեանը։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաները անցեալ շաբթուան մէջ այցելեցին Փարիզ, ուր ունեցան շուրջ հինգ օրուան կեցութիւն մը։ Վարժարանի անգլերէնի ակումբէն խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան այս ուղեւորութեան՝ գլխաւորութեամբ տնօրէն Սերքան Քըյըճըի։
Գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, շաբաթավերջին մեկնեցաւ Անթալիա, ուր տեղւոյն Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ մատոյց հայածէս կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը։ Իրեն կ՚ընկերանար Արթիւր Ուր. Դպիր Պաղտասարեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ՝ Ս. Զատկի տօնին յաջորդած ներկայ շրջանին շնորհաւորական այցելութիւններ տալ քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանէ ներս Եւրոմիութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթերը։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նախ պարզ յիշեցում մը:
Աշխարհի վրայ կը գործածուին շուրջ եօթ հազար լեզուներ եւ նոյն թիւով ալ բարբառներ:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ամէն անգամ երբ դժբախտութիւն մը պատահի արաբական աշխարհին, կամ դժբախտութեան մը յիշատակը անցնի իր վրայէն, կամ կարդամ, լսեմ ու դիտեմ այս առիթով կատարուած ցոյց մը կամ քայլարշաւ մը, որ պաշտպանուած է գրեթէ բոլոր կողմերուն կողմէ, քանի որ սրտանց է, կը ղեկավարեն զինք շարք մը այս հարցի նշանաւոր մարդոցմէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Տեսէք թզենին եւ բոլոր ծառերը։ Երբ բողբոջին, տեսնելով՝ դուք ձեզմէ կ՚իմանաք թէ ալ ամառը մօտ է». (ՂՈՒԿ. ԻԱ 29-30):
Բնութիւնը ամբողջ դպրոց մըն է, եւ բնութեան մէջ ամէն մէկ երեւոյթ եւ էութիւն՝ ուսուցի՛չ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խրիմեան Հայրիկ իր «Տուն եւ ընտանիք» խորագրեալ գլուխը ի տարբերութիւն միւսներուն, կը գրէ աւելի երկար։ Խօսելով բարիի ու չարի մասին, Հայրիկ կը շեշտէ դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, յստակ տարբերութիւն դնելով դպրոցի ճամբով փոխանցուած կրթութեան եւ ծնողքի ճամբով փոխանցուած դաստիարակութեան միջեւ, ըսելով. «բարի դաստիարակութեան տուրքը՝ միայն ծնողաց սեպհական է, զի առտնին դպրոցին ծայրագոյն եւ բնական վարժապետ նոքա են»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Չարին չարով պատասխանելու մասին բան գրուա՞ծ է Առակացին մէջ:
Պատասխան. Այո՛, գրուած է: Գրուածը աւելի թելադրութիւն մըն է ուղղուած բոլոր ժամանակներու հաւատացեալներուն համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը պատմուի, թէ երեք ընկեր կային՝ որոնցմէ երկուքը կ՚որոշեն իրենց միւս ընկերոջ անուանակոչութեան օրը յիշատակել։ Շատ ճոխ պատրաստութիւն մը կ՚ընեն. մեծ սրահ մը կը վարձեն, բազմաթիւ հիւրեր կը հրաւիրեն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խրիմեան Հայրիկի «Դրախտի ընտանիք» աշխատութեան ամենէն կարեւոր գլուխներէն մէկը հինգերորդ գլուխն է՝ «Տուն եւ ընտանիք» խորագրով. այս գլխուն մէջ է, որ Հայրիկ կը խօսի տուն եւ ընտանիք հասկացողութեան մասին, ընդգծելով բոլոր այն հիմնաքարերը, որոնք պէտք են առողջ ու խաղաղ ընտանիք մը հիմնելու համար:
Գրականագէտ եւ արուեստաբան Երուանդ Տէր-Խաչատրեանի ծննդեան 75-ամեակին առթիւ ձեռնարկ:
Հայաստանի Ազգային գրադարանի երդիքին տակ յոբելենական եզակի ցուցահանդէս եւ մտաւորականի վաստակի արժեւորում:
Իսրայէլի կողմէ Կազզէի հիւսիսի ռմբակոծումէն վերջ անհանգիստ վիճակ յառաջացաւ նաեւ հարաւին:
Պաղեստինցիներ, որոնք Ռեֆահ քաղաքի ճամբարները ապաստանած էին, դարձեալ ճանապարհ ինկան ընտանեօք:
Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան պատարագեց՝ Փորթուգալի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Նորին Սրբազնութիւնը այցելեց նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի կեդրոնէն ներս Հայկական բաժանմունքը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Ֆինլանտիոյ դեսպան Փիրքքօ Միրիամին։ Դեսպան Միրիամիին կ՚ընկերանային Իսթանպուլի մէջ Ֆինլանտիոյ պատուոյ հիւպատոս Ճէֆ Հաքքօ եւ իր օգնականը։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հեքիաթ չէ այս գրութիւնը: Իսկ ես, հեքիաթ պատմող կամ հեքիաթագիր մը իսկ չեմ: Պարզապէս իրական կեանքէ առնուած դէպք-պատահարի մը մասին են տողերս, որ կը կարծեմ ընթերցողը կրնան առաջնորդել դէպի խոր մտածում եւ դրական վերլուծում:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
2020-ին քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով, 86 տարեկանին, մահացաւ սփիւռքահայ անուանի մտաւորական, գրող, խմբագիր Արամ Սեփեթճեան:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Մեր մանկութեան ձմրան գիշերները շա՜տ երկար եւ հետաքրքրական էին… Կէսօրէ ետք ժամը հինգ-հինգուկէսին մութը ինկա՞ւ՝ գիշերը կը սկսէր։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Հոլիվուտով, մարզական զանազան բնագաւառներէ ներս իրականացուցած եւ արդէն միջազգայնացուած մեծ ներկայացումներով նուաճած է աշխարհը: Եւ տեւաբար ամենամեծ «show»ները ամերիկեան են եւ ԱՄՆ-ի միջոցաւ կը կատարուին ու յաջողութեան կը հասնին: