Արխիւ

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2015

2015 թուա­կա­նի մթնո­լոր­տին մէջ, Ապ­րի­լի 24-ին առ­թիւ Իս­թան­պու­լի մէջ եւս տե­ղի ու­նե­ցան ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ։ Ծա­նօթ է, որ քա­նի մը տա­րիէ ի վեր հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ 1915-ի զո­հե­րը կ՚ո­գե­կո­չուին նաեւ Թուր­քիոյ մէջ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2015

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան բա­ցա­ռիկ հար­ցազ­րոյց մը տուած է «Հիւր­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թին, ո­րու թղթա­կի­ցը Ճան­սու Չամ­լը­պէլ այս օ­րե­րուն կը գտնուի Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Այ­սօր «Հիւր­րի­յէթ»ի մէջ գրե­թէ ամ­բողջ էջ մը յատ­կա­ցուած է այս հար­ցազ­րոյ­ցին, ո­րու ամ­բող­ջա­կան տար­բե­րա­կը զե­տե­ղուած է նաեւ թեր­թի հա­մա­ցան­ցա­յին կայ­քէ­ջին վրայ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ, Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րին մօտ այս ա­ռա­ւօտ Ապ­րի­լի 24-ին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­գե­կոչ­ման պատ­մա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ 2015-ի մթնո­լոր­տին մէջ այս ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ու­նե­ցան պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն։

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2015

Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ հայոց բոլոր պնդումները անհիմն են»:
Թուրքիա հայկական հարցին շուրջ սկսած է վերստին շեշտադրել իր վաղեմի մօտեցումները: Նախագահը այսօր դարձեալ հանդէս կու գայ յայտարարութիւնով մը:
Պետական աւագանին այսօր ոգեկոչման համար Չանաքքալէ կ՚այցելէ միջազգային հիւրերուն մասնակցութեամբ:

 

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2015

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊՕ­ՂՈ­ՍԵԱՆ

Ա­րե­ւոտ ու զուարթ առ­տու մըն էր 1915 Ապ­րիլ 12-ի ա­ռա­ւօ­տը։

Մայ­րա­քա­ղա­քը կ՚արթն­նար սո­վո­րա­կա­նին պէս ան­փոյթ ու ժպտուն։

Բա­րե­կամս Սա­հակ-Մես­րո­պի հետ շատ կա­նուխ, ա­րե­ւին մէ­ջէն կը քա­լէինք Բան­կալ­թիի շի­տա­կէն։

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2015

Ե­ՐՈ­ՒԱՆԴ Օ­ՏԵԱՆ

Չէ՛, սգա­հան­դէս մը չէ այ­սօ­րուա­նը։ Ողբ ու կոծ, լաց ու ար­ցունք տեղ չու­նին հոս։ Տխրու­թիւ­նը հա­մա­կած է, ան­շուշտ մեր բո­լոր էու­թիւ­նը, բայց ա­յո տխրու­թիւ­նը մե­ծա­վա­յե­լուչ, պատ­կա­ռազ­դե­ցիկ, հպարտ տխրու­թիւն մըն է եւ ո՛չ թէ գլխի­կոր տխրու­թիւն մը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2015

24 Ապ­րիլ 1915… 24 Ապ­րիլ 2015… Հա­րիւր տա­րի, 100-րդ տա­րե­լից… Մեծ ե­ղեռ­նէն դար մը անց, այ­սօր հա­մայն հա­յու­թիւ­նը կ՚ո­գե­կո­չէ իր բիւ­րա­ւոր նա­հա­տակ­նե­րը, կը վեր­յի­շէ զո­հե­րը, ո­րոնց դէմ գոր­ծուած ո­ճի­րը յա­ջոր­դած տաս­նա­մեակ­նե­րուն պայ­մա­նա­ւո­րեց մարդ­կու­թեան դէմ կա­տա­րուած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն սահ­մա­նում­նե­րը, բնո­րո­շու­մը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2015

Ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւուր «Լը Մոնտ» օ­րա­թեր­թին մէջ յօ­դուած մը գրի ա­ռաւ, «Հայ­կա­կան մե­նու­թեան 100 տա­րին» խո­րագ­րին ներ­քեւ։ Այս սրտա­ռուչ յօ­դուա­ծին մէջ Շարլ Ազ­նա­ւուր շեշ­տեց, թէ իր մէջ ա­տե­լու­թիւն չեն դաս­տիա­րա­կած։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2015

Ապ­րիլ 23-ի Ազ­գա­յին գե­րա­կա­յու­թեան եւ ման­կանց տօ­նին առ­թիւ այ­սօր մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն կ՚ապ­րուի բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ։ 0րուան տօ­նին ա­ռըն­թեր, այ­սօր կը նշուի նաեւ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի հիմ­նադ­րու­թեան 95-րդ տա­րե­դար­ձը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2015

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թաց­նե­րով, այս տա­րի եւս Իս­թան­պու­լի մէջ ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան Ապ­րի­լի 24-ին առ­թիւ։ Այս շրջագ­ծով ե­րէկ ե­րե­կո­յեան յատ­կան­շա­կան ձեռ­նարկ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Իս­թան­պու­լի Հա­մա­գու­մար­նե­րու կեդ­րո­նին մէջ, Հար­պիէ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2015

​Վաղուան ոգեկոչումներուն ընդառաջ Անգարայի թիրախը դարձած են Երեւանի արարողութիւնները:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Իրենք պիտի նուագեն, իրենք ալ պիտի խաղան»:
Աւստրիոյ խորհրդարանի որոշումէն վերջ Թուրքիա քննարկումներու համար ետ կանչեց Վիեննայի մօտ իր դեսպանը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2015

Ապրիլի 24-ին ընդառաջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը կատարէ պատմական կարգադրութիւն մը:
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ Միջեկեղեցական Հսկում:
Երեւանի մէջ Վեհափառ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հողօրհնէքը:

 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով Հայաստան մեկնած Ղպտիներու Պատրիարքը հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Դեղագործութիւն ուսանելէ վերջ հոգեւոր ասպարէզ նետուած Տ.Տ. Թեւադրոս Բ. մասնագիտացած է փոքրիկներուն կրօնական ուսում ջամբելու նիւթին վրայ: Նորին Սրբութիւնը, որ համաքրիստոնէական ընտանիքէն ներս ունի լուրջ համբաւ, նոր սերունդը կը նտակէ եկեղեցւոյս զարթօնքին գրաւականը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ի­րա­րու հարց­նենք սի­րե­լի­նե՜ր. իր ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րու, ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րու չեն­թար­կուած մէ­կը կա՞յ ար­դեօք։ Ա­մէն մարդ, քիչ կամ շատ չա­փով, դի­մա­ւո­րուած է ա­նի­րաւ ու ա­նար­դար դէպ­քե­րու հետ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Տե­ղա­կան մա­մու­լը ո­ղո­ղուած է հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րով։ Այդ ամ­բող­ջէն ան­մասն չէ նաեւ թրքա­հա­յու­թիւ­նը։ Ինչ­պէս միշտ, հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցին վրայ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծե­լու հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն զուրկ ըլ­լա­լով հան­դերձ մեր հա­մայն­քին գո­յու­թեան փաս­տը կը շեշ­տադ­րուի՝ նշա­նա­կու­թեան ուռճա­ցու­մով։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2015

2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը այս օ­րե­րուն կը հիւ­րըն­կա­լէ աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պե­տե­րը։ Ե­րէկ, այս ծի­րէն ներս Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին ժա­մա­նե­ցին Ան­տիո­քի եւ Հա­մայն Ա­րե­ւել­քի Պատ­րիարք Տ.Տ. Եփ­րեմ Բ. եւ Մա­րո­նիտ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռաջ­նորդ Կար­տի­նալ Ալ Ռա­յի Պութ­րոս։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2015

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ ըն­դու­նե­լու «Հայ­ճար»ի նո­րըն­տիր վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Այս­պէս, մեր հիւ­րերն էին ա­տե­նա­պետ Ժան Կավ­րի­լոֆ, Սե­ւան Յա­կո­բեան եւ Ա­րէտ Ճա­նի­կեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2015

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի «Մրջիւն­ներ»ուն ըն­թերց­ման տօ­նը, ո­րով ապ­րուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Փոք­րիկ­նե­րը այս առ­թիւ հան­դէս ե­կան ճոխ յայ­տագ­րով մը, ո­րու գոր­ծադ­րու­թեան բո­լոր փու­լե­րուն ար­ժա­նա­ցան ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2015

Եւրոմիութեան գծով նախարարը 2015-ի մթնոլորտին մէջ երէկ յետմիջօրէին այցելեց Սամաթիա:
Վոլքան Պոզքըր կառավարութեան սէրը փոխանցեց Թուրքիոյ հայ համայնքի անդամներուն:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­տե­լու­թիւ­նը, մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վնաս պատ­ճա­ռող, ա­նոնց մշա­կու­մը կա­սեց­նող, ա­նոնց աճ­ման ար­գելք հան­դի­սա­ցող «ա՛խտ» մըն է։ Ե­թէ ո՛չ մարմ­նա­կան, այլ՝ բա­րո­յա­կան ախտ մը, հի­ւան­դու­թի՛ւն մըն է ա­տե­լու­թիւ­նը…։

Էջեր