Արխիւ
Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի՝ տաղաւարի հայրապետական մեծահանդէս Սուրբ Պատարագը մագնիսացուց աշխարհացրիւ հայութեան ուշադրութիւնը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով եւ հոգենորոգ զգացումներով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնը, որ եկաւ յոյսի ճամբուն վրայ ամրապնդել հաւատացեալները:
ԱՆՈՅՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի Հայ Երուսաղէմ գիրքին մէջ, կարդացած էի այս տողերը…
«Իսկ աջ կողմերնիս կը տեսնենք երկու բաւական ընդարձակ ե՛ւ լուսաւոր ե՛ւ օդաւէտ սենեակներ, որոնց առջինը խոստովանահօր սենեակ, եւ երկրորդը Հին Իսրայէլի սենեակ անունը կը կրեն, անշուշտ խոստովանահայր վարդապետ մը եւ նորադարձ հրեայ մը անոնց մէջ բնակած ըլլալէն»։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Դարձեալ կը տօնախմբենք Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը: Իրողութիւն մը, որ մարդկութեան պատմութիւնը յեղաշրջեց: Եթէ մինչեւ Քրիստոսի ժամանակները որոշ մարդիկ կ՚ապրէին յարութեան յոյսով, այսինքն՝ կը հաւատային, թէ այս կեանքէն անդին, ուրիշ կեանք մը կայ, ապա Տէր Յիսուսի Յարութեամբ այդ յոյսը մէկ անգամ ընդ միշտ իրականութիւն դարձաւ, որով մարդուն բացարձակ համոզում տրուեցաւ այս կեանքէն անդին՝ ուրիշ կեանքի մը մասին:
ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
Այս օրերուս, երբ կը պատրաստուինք տօնել Աստուածորդիին Հրաշափառ Յարութիւնը, մարդ երբեմն-երբեմն մտածումներու գիրկը իյնալով, կը սկսի մտածել իր ներքին ապրումներուն եւ զգացումներուն մասին: Երբեմն ալ ինքն իրեն կը հարցնէ, արդեօք բաներ մը կը զգա՞յ:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Գոհութիւն եւ փառք Աստուծոյ, որ այս տարի եւս մեր եկեղեցիներուն մէջ կատարուած արարողութիւններով, կ՚արժանանանք Քրիստոսի մեր մէջ յայտնութեան նպատակը տեսնելու, Աստուածային փրկարար մեծագոյն ծրագրին վկաները դառնալու եւ չարին դէմ տարուած յաղթանակը տօնելու։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ծանօթ է բոլորիս, թէ ամանորը կը գտնուի անցեալի վերջին ու ապագայի առաջին օրերու խաչմերուկին վրայ։ Այս կէտը առիթ է, որ նայինք մեր անցեալին, դիտարկելու համար մեր թերութիւնները, սխալները, տկարութիւնները ու յուսադրուինք ապագային զանոնք սրբագրելու կամ լրացնելու առաջադրութեամբ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վաղը առաւօտ Ս. Զատկի առթիւ պիտի պատարագէ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուր համայն հայութեան պիտի ուղղէ իր տաղաւարի պատգամը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մէկշաբթի օրը Մարիամ Մագդաղենացի առտուն՝ դեռ չլուսցած՝ գերեզման կ՚երթայ եւ կը տեսնէ որ քարը գերեզմանին դռնէն վերցուած է։ Անմիջապէս կը վազէ կ՚երթայ Սիմոն Պետրոսին եւ միւս աշակերտին, որ Յիսուսը կը սիրէր եւ կ՚ըսէ անոնց. -Տէրը գերեզմանէն վերցուցին եւ չենք գիտեր ո՞ւր դրին զանիկա». (ՅՈՎՀ. Ի 1-2)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այնպէս ինչպէս այսօր, անցեալին եւս մարդոց համար մեծ նշանակութիւն ունէր իրենց «արժէք»ներն ու «սրբութիւն»ները, այդ իսկ պատճառով երբ քրիստոնէութիւնը սկսաւ տարածուիլ, շատ մը հեթանոս աւանդութիւններ ու տօներ պահուեցան՝ իրենց գոյնը հեթանոսութենէ քրիստոնէութիւն փոխելով, որովհետեւ անոնցմէ շատեր հոգեւոր պաշտամունք ըլլալէ աւելի անբաժանելի աւանդութիւն մըն էր մարդոց համար:
Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ շփումներու եւ այցելութիւններու երթեւեկը կը շարունակուի թափով։ Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ միջոցէ մը ի վեր կը տիրէ գարնանային մթնոլորտ։
Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ առանցքին վրայ դրական օրակարգը թափով յառաջ կը տարուի:
Նախագահներ Էրտողան եւ Պայտըն Սպիտակ տան մէջ պիտի քննարկեն Անգարա-Ուաշինկթըն համագործակցութեան ապագան:
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ վաղը տեղի պիտի ունենան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները. կան նաեւ հայ համայնքէն թեկնածուներ:
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի պաշտօնին համար ընտրապայքարը ամբողջ երկրի ուշադրութեան առարկայ:
ԱՔ կուսակցութենէն Մուրատ Քուրումի եւ ՃՀՓ-ական Էքրէմ Իմամօղլուի բուռն մրցակցութեան արդիւնքը կրնայ անմիջականօրէն ցոլանալ ներքին քաղաքական հաւասարակշռութիւններուն վրայ:
Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տաղաւարին առթիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի՝ ըստ հետեւեալ ժամանակացոյցին.
Կեանքի մեծագոյն գիւտը այն է, որ մենք չենք այս կեանքի տէրը, այլ որպէս շնորհք կը ստանանք զայն անտեսանելի աղբիւրէ մը: կաթիլ մը կեանք շնորհուած է մեզի Կեանքի Անսպառ Ովկիանոսէն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Շատ տարիներ առաջ եւ յունուարի Խթման գիշերն էր, եկեղեցիէն ետք, հարազատներով, աւանդական սեղանին շուրջ բոլորուած երբ կ՚ընթրէինք, յանկարծ, ողորմած մայրս կը խզէր սենեակին մէջ լեցուած աշխարհ մը մթնոլորտը.
-Քա՛, ըսէ՛ք նայիմ, այս տարի Զատիկը ե՞րբ է:
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կ՚աջակցի՝ աղէտի ենթարկուած Կազզէի բնակչութեան:
Եգիպտոս հասած օդանաւով ուղարկուած են սնունդ, դեղօրայք եւ բժշկական առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ:
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան այս առթիւ լուաց թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սաներուն ոտքերը։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն՝ հադիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ոտնլուայի արարողութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ խորանին վրայ հանդիսաւորապէս լուաց մանուկներու եւ պատանիներու ոտքերը, որոնք ստացան իր օրհնութիւնը։