Արխիւ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2021

Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ բացուեցաւ յայտնի նկարիչ, քանդակագործ, ճարտարապետ ու արուեստաբան Վան Խաչատուրի (Վանիկ Խաչատուրեան) ծննդեան 90-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս մը։ Երախտաշատ գործունէութիւն ծաւալելէ վերջ ան մահացած էր 2019 թուականին։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2021

Երեւանի Պետական համալսարանը (ԵՊՀ) արդէն ունի նոր վերատեսուչ մը. յանձին՝ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի։ ԵՊՀ-ի հոգաբարձուներու խորհուրդը երէկ կատարեց նոր վերատեսուչի ընտրութիւնը եւ այդ պաշտօնին կոչեց Յովհաննէս Յովհաննիսեանը, որ վերջին շրջանին արդէն ժամանակաւոր պաշտօնակատարի կարգավիճակով կը գլխաւորէր այս կարեւոր գիտական կառոյցը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2021

Պրիւքսելի եռակողմ հանդիպումը եւս ծրարային բովանդակութիւն քննարկեց: Արցախ-Ատրպէյճան, Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւններ եւ անշուշտ՝ տարածաշրջանային համագործակցութիւններ ներառած է:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2021

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Ճարտարապետ Թորոս Թորամանեան (1864-1934թթ.) ծնած է Շապին Գարահիսար, ուր տարի մը ետք ծնած է զօրավար Անդրանիկ։ Փարիզի Սորպոնի համալսարանէն վկայեալ ճարտարապետ Թորամանեան ստեղծագործած է Սոֆիայի, Վառնայի, Պելժիայի, Ռումանիոյ, Եգիպտոսի, Իտալիոյ, Յունաստանի եւ հուսկ ուրեմն պատմական մեր Վաղարշապատ եւ Անի քաղաքներուն մէջ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2021

Ի տարբերութիւն նախորդ փորձերէն՝ Անգարա եւ Երեւան այս անգամ ուղիղ պիտի շփուին, առանց միջնորդի ու կ՚ակնկալուի, որ 2009 թուականին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններն ալ վերստին օրակարգի վրայ գան:
Յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումէն վերջ պիտի յստականայ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի ճանապարհային քարտէսը: Լրատուամիջոցները հետզհետէ աւելի յաճախակիօրէն կ՚անդրադառնան նախատեսուած իրադարձութիւններուն:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2021

Հայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» կոթողային երկի արեւմտահայերէն նոր փոխադրութեան շնորհանդէսը։ Պըրպենքի առաջնորդարանի «Համբար» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը՝ հովանաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւանի մէջ զրուցեցինք Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի հետ։ Յայտնի հասարական գործիչ եւ հրապարակագիր Հրայր Ճէպէճեան մեր ընթերցողներուն ծանօթ անուն մըն է՝ իր պարբերական աշխատակցութիւններով։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ Երեւանի մօտ Վատիկանի Ս. Աթոռի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը, որու պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած էր վերջերս։ Այս առթիւ ան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Ս. Աթոռի առաքելական նուիրակ արքեպիսկոպոս Ժոզէ Աւելինու Պեթանփուրի կողմէ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2021

Մեծ քաղաքը խտութիւն է, բազմութիւն ու ժխոր… Պոլիսը, իր հերթին, ի՛նչ խօսք՝ ծովով հատուած, պատկառելի…
Մեծ քաղաքը կրնաս իւրացնել, եթէ գիտես այնտեղ կեանքէն թաքնուելու պահեր գտնելու ձեւերը, հնարքները՝ այն աստիճան, որ զգաս կորսուած, նոյնիսկ մեկուսացած, բայց ո՛չ երբեք մոլորուած։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2021

Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ մշակոյթի նախարարի հովանաւորած ձեռնարկին:
Նորին Ամենապատուութիւնը Սիմոն Չեքէմէն տեղեկութիւններ ստացաւ երբեմնի Լուսաւորիչեան վրժ.ի շէնքի վիճակին շուրջ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2021

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Երբ առիթը պիտի ունենայի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատուն-թանգարանը շրջելու, առաջին հերթին նախ ուզած էի «գանձատուն» եւ կամ «գանձարան» բառերու նշանակութիւնը ստուգել։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2021

ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Սկիւռը պարտէզներուն մէջ պտտելէն յոգնած, մագլցեցաւ կեռասենիի մը վրայ, նստաւ հաստ ճիւղերէն մէկուն եւ ըսաւ անոր.

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երբեւէ մտածա՞ծ էք, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթին, ինչպէս նաեւ լոյս տեսնող բոլոր թերթերուն մէջ հրատարակուող նիւթերն ու յօդուածները երկինքէն չեն որ կու գան, այլ կը պահանջեն ժամանակ, միտք, տրամաբանութիւն, կեդրոնացում եւ ուսումնասիրութիւն: Այն յօդուածը, որ մարդիկ յաճախ վերնագիրը նայելով կ՚անցնին, հաւանաբար ծնունդը ըլլայ անքուն գիշերուան մը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վերջերս Երեւանի մէջ լոյս տեսած է պոլսահայ անմահ մեծ դերասան, բանաստեղծ, գրող, նկարիչ եւ հասարակական գործիչ Պետրոս Ադամեանի մասին արժէքաւոր գիրք մը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2021

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մօր կամ ծծմօր խմած գինիին մէկ մասը կաթին մէջ կ՚անցնի եւ կ՚արբեցնէ ծծկեր երեխային: Իսկ եթէ մայրը գինեմոլ է, անոր կաթը անպէտք կը դառնայ, երեխան վատ կը սնուի, վատ կը զարգանայ եւ երկար չ՚ապրիր:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Բազմի՜ցս լսած ենք «հայ ըլլալը դիւրին չէ» խօսքը, որ իր մէջ կ՚ամփոփէ մեր որպէս ազգութիւն ունեցած բոլոր մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները: Կասկածէ վեր է, որ այդ դժուարութիւններէն առաջինն ու առաջնահերթը ինքնութեան պահպանումն է, մանաւանդ ցիր ու ցան եղած մեր հայերուն համար սփիւռքի մէջ, ուր հայ ըլլալը առօրեայ մարտակոչ մըն է հայ մնալ կամ չմնալու:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2021

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2021

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Անգարայի կողմէ՝ որպէս յատուկ ներկայացուցիչ պաշտօնի կոչուելիք անունը արդէն յայտնի է։ Այսպէս, այդ առաքելութիւնը պիտի իրականացնէ փորձառու դիւանագէտ մը՝ Սերտար Քըլըչ, որ եղած է Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպանը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2021

Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարութիւնները վերահաստատեցին Երասխ-Ջուլֆա-Օրտուպատ-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղիի կառուցման վերաբերեալ որոշումը:
Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ Պրիւքսելի մէջ դարձեալ մէկտեղուեցան՝ այս անգամ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Մաքրոնի միջնորդութեամբ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2021

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ դարձեալ մէկտեղուեցաւ պոլսահայ վարժարաններու սանուց միութիւններու վարչայիններուն հետ:
Նորին Ամենապատուութիւնը առկայ հարցերուն լուծման հեռանկարները կը դիտարկէ՝ նոր սերունդը համայնքային կեանքին ներգրաւելու հետամուտ առաջնահերթութիւններու առանցքով:

Էջեր