Արխիւ

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025

«Նոր սահմանադրութեան մը մշակման գործընթացին կը սպասեմ։ Օսմանեան շրջանին կարօտ մը կայ Թուրքիոյ մէջ։ Թէկուզ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներն ալ կը յիշուին»։

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025

«Պատրիարքի հեղինակութիւնը ո՛չ կ'աւելնայ, ո՛չ ալ կը պակսի։ Աթոռը համայնքի ամենաչքաւոր կառոյցն է։ Ի վերջոյ parayı veren düdüğü çalar կանոնը կը գործէ»։

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025

«Սրտիս, մտքիս եւ խղճիս եռեակին վրայ հակասութիւններ կ'ապրիմ՝ մեր համայնքի կրթական հարցերու լուծման շուրջ»։

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի արժէքաւոր խմբավար Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանը, որուն կ՚ընկերանար տնօրէն խորհուրդէն Ժիրայր Ագմերճան։

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025

«Ամէն մարդ կը տեսնէ իր տեսողութեան սահմանին համաձայն։ Ի՞նչ տեսլականի մասին է խօսքը։ Այս ժողովուրդը միշտ տոկացած է։ 

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր երեկոյեան Գումգաբուի մէջ կը սարքէ մամլոյ ասուլիս մը։ Անցեալ շաբաթավերջին, Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները պաշտօնապէս տեղեկացուցած էին այս նախաձեռնութեան մասին եւ վերջին օրերուն արդէն սա կը բնորոշէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Երուսաղէմի պատրիարքութեան կալուածներու խնդիրը իրաւական գետնի վրայ կը բացատրուի՝ կուտակուած պարտքերու դիմաց առնուած քայլով: Երուսաղէմի քաղաքային իշխանութիւնները առաջադրած են բռնագրաւել կալուածները, աճուրդի հանել եւ այդպիսով մարել պատրիարքութեան տասնամեակներու վրայ կուտակուած պարտքը:

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025

Հայաստան եւ Իրան հետամուտ՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն:
Արարատ Միրզոյեան եւ Ապպաս Արաղչի անդրադարձան Երեւան-Թեհրան համագործակցութեան շարունակական զարգացման:

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025

Տանըլտ Թրամփ եւ Էմմանիւէլ Մաքրոն Սպիտակ տան մէջ շօշափեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա հաշտութիւնը:
Ուաշինկթըն պատերազմին վերջ տալու համար կ՚աշխատի Մոսկուայի հետ եւ համաձայնութիւնը մօտ կը համարէ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025

Էրտողան Լաւրովի նկատառման յանձնեց, որ նոր գործընթացին պէտք է ներգրաւել նաեւ Քիեւը:
Թուրքիա եւ Ռուսաստան սերտօրէն կ՚աշխատին Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարին շուրջ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին կողմէ կարեւոր յայտարարութիւն. պոռթկում դիտումնաւոր արշաւի հանդէպ:
Անցեալ տարուան նման՝ համայնքը իրազեկելու ուղղեալ հաշուետուութեան նոր հաւաքոյթ մը տեղի պիտի ունենայ մօտաւոր ապագային: Էսաեան վարժարանի եւ բոլոր յարակից մարմիններու գործունէութեան շուրջ ապատեղեկատուութեան փորձերուն դէմ օրինական միջոցներ ձեռք պիտի առնուին:

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի կենսագիր Արամ Ինճիկեան Յովհաննէս Թումանեանի մասին գրած իր գիրքերուն մէջ ուշագրաւ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ բանաստեղծի կեանքի բոլոր շրջաններու մասին, բայց, ուշագրաւ են յատկապէս Թումանեանի մանկութեան տարիներու նկարագրութիւնները, զորս կենսագիրը կու տայ ամենայն մանրամասնութեամբ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Վեց պահ դաս տալէ ետք յոգնած տուն կը բարձրանամ, պատառ մը ուտեմ, կը մտածեմ եւ գոնէ կէս ժամ քնանամ մինչեւ երկրորդ գործիս երթալս… Բայց, անշուշտ, մինչեւ տուն հասնիլս քանի մը կայան ունիմ այցելելիք, ուր մեծ սիրով եւ անհամբերութեամբ ամէն օր կը սպասեն անցնելուս։

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարը. «Բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են, բայց թշնամիին համբոյրները առատ են» (Առ 27.6):
Պատասխան.
Իրաւ բարեկամները, ընկերները երբ կը տեսնեն իրենց ընկերոջ, բարեկամին սխալ ընթացքը, յարմար առիթ մը կը փնտռեն, զգուշացնելու, խորհուրդ տալու, որպէսզի չշարունակէ նոյն ընթացքով ընթանալ: 

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ծառայել՝ մեծութեան նշան է. մեծ չէ՛ այն՝ որ ծառայութիւն կ՚ընդունի, այլ մե՛ծ է այն՝ որ կը ծառայէ մաքուր շարժառիթով եւ անշահախնդիր ոգիով։ Արդարեւ, Շէլըր կ՚ըսէ, թէ՝ ամէն մարդ իր արժանիքը իր իսկ ձեռքովը կը դրոշմէ իր նկարագրին վրայ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ի տարբերութիւն կամաւոր կուրութեան, շատ աւելի վտանգաւոր ու կործանիչ է անգիտակից կուրութիւնը. այս երկուքին միջեւ եղած տարբերութիւնը այն է, որ մէկը աւելի կառավարուող ու վերահսկման ենթակայ է՝ քան միւսը:

Երկուշաբթի, Փետրուար 24, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Եւրոպական ժառանգութեան «Եւրոպա Նոստրա» քաղաքացիական հասարակութեան յառաջատար ցանցը եւ Եւրոպական ներդրումային դրամատան հիմնարկը հրապարակած են Եւրոպայի տասնչորս յուշարձաններու ու ժառանգութեան վայրերու անունները, որոնք ընդգրկուած են «Եօթ ամենավտանգուած» ծրագրի 2025 թուականի կարճ ցանկին մէջ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 24, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ճանաչողական հակասութեան տեսութիւնը կրնայ դիտարկուիլ որպէս մէկ մասը այնպիսի տեսութիւններու, որոնք ուղղուած են անհատի նպատակին՝ հասնելու համար ներդաշնակ եւ հետեւողական մտածելակերպի։

Երկուշաբթի, Փետրուար 24, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Պօղոս առաքեալ Փիլիպպեցիներուն ուղարկած նամակին մէջ սապէս կը գրէ. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք. հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով եւ աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ». (ՓԻԼԻՊ. Դ 6)։

Երկուշաբթի, Փետրուար 24, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Եթէ երբեւէ լսած էք «սէրը կոյր է» արտայայտութիւնը, ապա անհրաժեշտ է գիտնալ, որ ան ունի աւելի քան 600 տարուան հնութիւն. մարդկութիւնը այս արտայայտութեան առաջին անգամ հանդիպած է անգլիացի գրող եւ բանաստեղծ Ճոֆըրի Չոսերի «Քենթըրպըրիի պատմութիւններ» աշխատութեան «Առեւտրականի հեքիաթը» բաժնին մէջ, որ գրուած է մօտաւորապէս 1387-1400 թուականներուն:

Էջեր