Արխիւ

Երկուշաբթի, Փետրուար 26, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը Ս. Պատարագի ընթացքին։

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2024

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ամբողջ աշխարհի մէջ ակնյայտօրէն կ՚ահագնանայ քաոս մը, որուն համար կը նախընտրուի՝ ուժերու վերադասաւորման շրջանի բանաձեւումը։ Սա մղձաւանջ մըն է հայութեան համար՝ քանի պատմութեան ընթացքին միշտ այսպիսի պահերու մէջ հայոց պետականութիւնը անկում ունեցած է։

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2024

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ կէսօրուան ժամերուն եզրափակուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ մասնակցութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2024

Երեւան-Փարիզ համագործակցութիւնը արդէն նոր հարթութեան մը վրայ է՝ պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութեան խորացումով։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան եւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպաստիան Լըքորնիւ երէկ ստորագրեցին՝ այս ոլորտէն ներս համագործակցութեան խորացման ուղղեալ շարք մը փաստաթուղթեր։

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2024

Կը տեղեկանանք, որ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասէն Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան երէկ ենթարկուած է գործողութեան մը։ Մասնագէտները երիկամունքի փոխպատուաստման յաջող վիրահատութեան մը ենթարկած են տէր հայրը։

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի տասներրորդ օրն է:
Մեծ պահքի եւ ընդհանրապէս տարուան ընթացքին հանդիպող բոլոր պահեցողութիւնները մարդուն համար առիթ են երկնաքաղաքացիութիւն ձեռք ձգելու համար:

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքները կը ջանան նոր ճակատագիր մը կերտել՝ երգիծանքը վերածելով դիմադրութեան գործօն:
Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերը հաստատուած գաղթականներու կեանքի պայքարին կ՚աջակցին սփիւռքէն բարերարներ եւ կազմակերպութիւններ:

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2024

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Գէորգ Զ. Կաթողիկոսը ծնած է 2 դեկտեմբեր 1869-ին, Նոր Նախիջեւան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցէն ներս, ապա Նոր Նախիջեւանի հոգեւոր դպրեվանքին մէջ ուսանած է:

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Անձնասիրութիւնը մարդկային թերի եւ անկատար բնութեան եւ տկարութեան բնական մէկ արտայայտութիւնն է։ Այս իմաստով՝ այն որ գիտակից է իր թերութիւններուն եւ տկարութիւններուն, չի վստահիր իր անկատար ուժերուն, գիտէ, թէ պահանջքը ունի իր նմաններուն օգնութեան եւ գիտէ, թէ պէտք է օգնէ իր նմաններուն՝ իրենց տկարութիւններուն եւ թերութիւններուն մէջ։

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աշխարհն ու մարդկութիւնը վերջին յիսուն տարիներու ընթացքին բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելով զանազան բնագաւառներու մէջ բարգաւաճեցաւ, սակայն հակառակ տասնամեակներու պայքարին, որոշ հարցեր շարունակեցին եւ կը շարունակեն մնալ նոյնը:

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ընդհանուր առմամբ կեանքի համար դրական ապագայի ուրուագծումը կը կոչուի ապագայապաշտութիւն, իսկ անոնք, որոնք որդեգրած են այս մօտեցումը՝ կը կոչուին ապագայապաշտ։

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդ արարածը անկատար է, իսկ Աստուած՝ կատարեա՛լ։ Այս կը նշանակէ, թէ մարդ յաճախ ժխտական է, իսկ Աստուած միշտ դրական եւ բացարձա՛կ։

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կարդացէ՛ք... կարդացէ՛ք... կարդացէ՛ք...
Մայրենի լեզուի ուսուցիչներէն մէկը այսպէս կը հրամայէր իր աշակերտներուն. անոր համոզումով կեանքի բոլո՛ր հանգրուաններուն համար պէտք էր կարդալ. պէտք էր կարդալ դասերը հասկնալու եւ սորվելու համար, պէտք էր կարդալ ընկերութեան մէջ ինքնավստահ ու գիտակից ներկայութիւն մը դառնալու համար, պէտք էր կարդալ ապագայի համար. պէտք էր կարդալ նոյնիսկ ժամանցի համար:

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2024

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագէտ ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքը այցելեցին Իսրայէլի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ հիւպատոս Դաւիթ Ալավերտեան։

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2024

Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ կողմերու միջեւ՝ տարբերակներու եւ շարադրութեան վերաբերեալ փոխանակումները կը շարունակուին։ Երեւան միջոց մը առաջ տեղեկացուցած էր, որ Պաքուի հետ այս շփումի ամբողջին մէջ կայ յետընթաց։

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2024

«FRANCE 24»ին հարցազրոյց. «Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ յարձակումը շատ հաւանական է»:
Հաքան Ֆիտան եւ Սերկէյ Լաւրով անդրադարձան տարածաշրջանի իրավիճակին: Սեպաստիան Լըքորնիւ Երեւանի մէջ:

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2024

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր խանդավառ հանդէսով մը նշուեցաւ Մայրենի լեզուի համաշխարհային օրը։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ կեանքի կոչուեցաւ յայտագիրը, որու ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ հայերէնի ուսուցչուհի Լեռնա Գարագիւթիւք:

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2024

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը սաներ երէկ այցելեցին Տոլմապահչէի պալատը։ Պատմական այս հոյակերտ կոթողը այցելելէ վերջ, տղաքը նոյն թաղամասին մէջ այցելեցին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին։

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2024

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նորոգ հանգուցեալ արուեստագէտին փառաշուք յուղարկաւորութիւնը:
Լուսահոգի Արարատ Մօրի յիշատակին առջեւ բիւր յարգանքով եւ անսահման սիրով խոնարհեցան բազմաթիւ յուղարկաւորներ:

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2024

Արթիւր Պաղտասարեանի, Տիանա Յարութիւնեանի եւ Մարգարիտ Սարգսեանի հերթական յաղթանակը:
Համայնքային ծրագրէն վերջ, երեք արուեստագէտները հանդէս պիտի գան նաեւ Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութեան հովանիին տակ:

Էջեր