Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ այս ա­ռա­ւօտ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ՝ Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րուան առ­թիւ։ ՃՀՓ­-ա­կան ե­րես­փո­խա­նը մատ­նան­շեց, որ Թուր­քիոյ մէջ կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու պայ­քա­րի պատ­մու­թեան մէջ մո­ռա­ցու­թեան կը մատ­նուին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, որ ՀԱՅ­ՃԱՐ կը պատ­րաս­տուի մե­ծա­րել մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի ե­րախ­տա­շատ ա­նուն­նե­րէն մին՝ Նշան Եա­ղու­պեա­նը։ Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու ՀԱՅ­ՃԱՐ-ի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ժան Կավ­րի­լօ­ֆը, որ մե­զի տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց այս ծրագ­րին շուրջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Գեր­մա­նիոյ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պի­տի այ­ցե­լէ Իս­թան­պուլ։ Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը քա­ղաքս պի­տի ժա­մա­նէ վա­ղը կէս գի­շե­րին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն Սա­րին Թաշ­հան ի­րա­ւունք շա­հած է յա­ճա­խե­լու Հա­յաս­տա­նի յա­ռա­ջա­տար կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն մէ­կը՝ UWC-ի Դի­լի­ջա­նի գո­լէ­ճը։ Ան ներ­կա­յիս կ՚ա­շա­կեր­տի Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րան, որ­մէ ա­ռաջ ա­ւար­տած է Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

Թաքսիմ մարզակումբը յառաջիկայ օրերուն պիտի հիւրընկալէ Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճը:
Նախարարին այցը կրնայ նոր հորիզոն մը բանալ մարզադաշտի կարգավիճակի հարցի լուծման առջեւ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մարտ 6-ին, 112 տա­րի ա­ռաջ, 49 տա­րի­քը նոր բո­լո­րած՝ մեր աշ­խար­հէն առ­յա­ւէտ հե­ռա­ցաւ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան մե­ծար­ժէք վար­պետ­նե­րէն ­Մա­կար Եկ­մա­լեան(1856-1905)։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

ՍԻԼ­ՎԱ  ԳԱ­ՐԱ­ՎԱՐ­ԴԱ­ՆԵԱՆ

Ազ­գի մը պատ­մու­թեան «ձե­ռա­գի­րը» մշա­կող գլխա­ւոր տար­րը ի­գա­կան դէմքն է, ըլ­լայ ան մայր, քոյր, կին, դուստր թէ մեծ մայր: Փաս­տօ­րէն, երբ տղա­մար­դիկ «փո­ղոց ի­ջած» կը պայ­քա­րին ազ­գա­յին ինք­նու­թեան, գո­յա­տեւ­ման ու հա­սա­րա­կաց առըն­չա­կից հար­ցե­րու հա­մար, ան­դին ի­գա­կան տարրն է, որ տան չորս պա­տե­րէն ներս, քու­լիս­նե­րու ե­տին կը խնա­մէ, կը պատ­րաս­տէ, կը կրթէ ու գոր­ծե­լու ա­ւիշ «կը նե­րար­կէ» տղա­մար­դուն, ըլ­լայ ան իր զա­ւա­կը, ա­մու­սի­նը, եղ­բայ­րը թէ հայ­րը:

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Ազգային գրադարանը թափով յառաջ կը տանի իր վիթխարի ժառանգութիւնը թուայնացնելու ուղղեալ բազմակողմանի աշխատանքը:
Տիգրան Զարգարեան երախտագիտութեամբ կ՚ընդգծէ այժմ արժանթինաբնակ Յովսէփ Թահթայի գնահատելի յանձնառութիւնը, որու շնորհիւ կ՚ապահովուին ձեռքբերումներ:

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Կ՚ը­սեմ ձե­զի, որ ա­ռա­ջին հրա­ւի­րեալ­նե­րէն ո՛չ մէ­կը իմ ընթ­րի­քէս պի­տի ճա­շա­կէ» (ՂՈՒԿ. ԺԴ 24)։ Այս­պէս կ՚ը­սէ ա­ռա­կը, ուր Յի­սուս կը պատ­մէ հրա­ւի­րեալ­նե­րու եւ ընտ­րեալ­նե­րու մա­սին։

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

ՄՈՎ­ՍԷՍ ԾԻ­ՐԱ­ՆԻ

Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի Վա­հան Ռու­մե­լեա­նի «Քա­ղա­քը» շար­քին, ուր ժա­մա­նա­կա­կից եկ­նա­քեր­նե­րը հրա­վա­ռու­թեան ըն­թաց­քին կը վե­րա­ցար­կուին, ա­նոնց ակն­թար­թա­յին ցո­լա­ցում­նե­րը  կը բե­կուին կրկնե­րե­ւոյթ­նե­րու նման:

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հայ մշակոյ­թի բա­րե­կամ­նե­րու հիմ­նար­կին (Friends of Armenian Culture Society), Ո­ւո­թըր­թաու­նի, Մա­սա­չու­սեց, «Մով­սէ­սեան» սրա­հին մէջ հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­թով­պա­հայ ե­րա­ժիշտ Ներ­սէս Նալ­պան­տեա­նի յի­շա­տա­կին նուի­րուած նուա­գա­հան­դէս մը:

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

Լոս Ան­ճե­լը­սէն Տքթ. Մի­նաս Գո­ճա­յեան ան­ցեալ շա­բաթ սփիւռ­քեան կարգ մը թեր­թե­րու մէջ գրի ա­ռած էր յօ­դուած մը՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նի Պո­լիս կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն եւ այդ մա­սին ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի մէջ լոյս տե­սած լրա­տուու­թիւն­նե­րուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ»։
Բարեգործական ձեռնարկը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ, տաղաւարներու այցելուներու շարքին էր Հրանոյշ Յակոբեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնին նոր նախաձեռնութիւնը:
Այս ամառ կը նախատեսուին՝ պատանիներու համար ճամբար եւ ուսուցիչներու ուղղեալ վարժընթաց:

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

Ռու­սաս­տա­նի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Փաթ­րու­շեւ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան տե­սակ­ցե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ։

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը այս շրջա­նին լոյս ըն­ծա­յած է AURORA գիր­քը։ Չմշ­­կա­ծա­գէն մին­չեւ Հո­լի­վուտ՝ սա կնոջ մը կեանքն է եւ այդ ո­դի­սա­կա­նին վրայ պատ­րաս­տուած է նաեւ ժա­պա­ւէն մը։

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելեն Պաքու, իսկ Երեւան պիտի մեկնին այլ ժամանակ մը:
Էլմար Մամէտեարով. «Ռուսաստան լուրջ քայլերու կը ձեռնարկէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ»:

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ մեկ­նե­ցաւ Փա­րիզ՝ Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ֆրան­սա­յի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թե­նէն դէմ­քե­րու հետ։

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

Ան­թա­լիոյ մէջ այս ա­ռա­ւօտ տե­ղի ու­նե­ցաւ շատ կա­րե­ւոր ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պում մը։ Այս­պէս, Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար մէկ­տե­ղուե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Ճո­զըֆ Տան­ֆոր­տի եւ Ռու­սաս­տա­նի Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Վա­լե­րի Կե­րա­սի­մո­վի հետ։

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ո­րո­շած է Մեծ պա­հոց շրջա­նին խնամ­քի ա­ռար­կայ դարձ­նել նոյն թա­ղի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թիւնն ու ու­սուց­չա­կան կազ­մը։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ո­րո­շած է Մեծ պա­հոց շրջա­նին շա­բա­թը օր մը ա­պա­հո­վել դպրո­ցին պահ­քի ճա­շը։

Էջեր