Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

Դէպի Փարիզ այցի ծիրէն ներս հենդիպում՝ Եւրոպայի հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Դո՛ւք էք մեր ելքը դէպի արտաքին աշխարհ»:

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

Խրղը­զիս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պիշ­քէ­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵԱՏՄ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու վար­չա­պետ­նե­րուն ժո­ղո­վը։ Եւ­րոա­սիոյ միջ­կա­ռա­վա­րա­կան խոր­հուր­դի այս ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Սթե­ֆան Վիզ­քոն­թի (Ֆրան­սա) եւ Ռի­չըրտ Հակ­լընտ (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ) այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի այ­ցե­լեն Պա­քու։ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, որ միջ­նորդ­նե­րուն շփում­նե­րը նա­խա­տե­սուած են Մար­տի 11-ին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահներուն հանդիպումը ստեղծեց լայն արձագանգ:
Զօրավար Հուլուսի Աքար պաշտօնակիցներուն հետ ընդգծեց, որ տարածքաշրջանէն ներս բոլորի հասարակաց նպատակն է խաղաղութեան հաստատումը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ այս ա­ռա­ւօտ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ՝ Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րուան առ­թիւ։ ՃՀՓ­-ա­կան ե­րես­փո­խա­նը մատ­նան­շեց, որ Թուր­քիոյ մէջ կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու պայ­քա­րի պատ­մու­թեան մէջ մո­ռա­ցու­թեան կը մատ­նուին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, որ ՀԱՅ­ՃԱՐ կը պատ­րաս­տուի մե­ծա­րել մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի ե­րախ­տա­շատ ա­նուն­նե­րէն մին՝ Նշան Եա­ղու­պեա­նը։ Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու ՀԱՅ­ՃԱՐ-ի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ժան Կավ­րի­լօ­ֆը, որ մե­զի տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց այս ծրագ­րին շուրջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Գեր­մա­նիոյ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պի­տի այ­ցե­լէ Իս­թան­պուլ։ Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը քա­ղաքս պի­տի ժա­մա­նէ վա­ղը կէս գի­շե­րին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն Սա­րին Թաշ­հան ի­րա­ւունք շա­հած է յա­ճա­խե­լու Հա­յաս­տա­նի յա­ռա­ջա­տար կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն մէ­կը՝ UWC-ի Դի­լի­ջա­նի գո­լէ­ճը։ Ան ներ­կա­յիս կ՚ա­շա­կեր­տի Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րան, որ­մէ ա­ռաջ ա­ւար­տած է Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նը։

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

Ան­թա­լիոյ մէջ այս ա­ռա­ւօտ տե­ղի ու­նե­ցաւ շատ կա­րե­ւոր ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պում մը։ Այս­պէս, Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար մէկ­տե­ղուե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Ճո­զըֆ Տան­ֆոր­տի եւ Ռու­սաս­տա­նի Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Վա­լե­րի Կե­րա­սի­մո­վի հետ։

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ո­րո­շած է Մեծ պա­հոց շրջա­նին խնամ­քի ա­ռար­կայ դարձ­նել նոյն թա­ղի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թիւնն ու ու­սուց­չա­կան կազ­մը։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ո­րո­շած է Մեծ պա­հոց շրջա­նին շա­բա­թը օր մը ա­պա­հո­վել դպրո­ցին պահ­քի ճա­շը։

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» սրա­հին մէջ սկսաւ միջ­միու­թե­նա­կան գի­տա­կան մրցոյ­թը, որ այս տա­րի կը կազ­մա­կեր­պուի տասն միու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Տա­տեան սա­նուց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ու տան­տի­րու­թեամբ կը կազ­մա­կեր­պուի այս տա­րուան մրցոյ­թը, որ պի­տի շա­րու­նա­կուի ե­րեք շա­բաթ։

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Ազգային գրադարանը թափով յառաջ կը տանի իր վիթխարի ժառանգութիւնը թուայնացնելու ուղղեալ բազմակողմանի աշխատանքը:
Տիգրան Զարգարեան երախտագիտութեամբ կ՚ընդգծէ այժմ արժանթինաբնակ Յովսէփ Թահթայի գնահատելի յանձնառութիւնը, որու շնորհիւ կ՚ապահովուին ձեռքբերումներ:

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Կ՚ը­սեմ ձե­զի, որ ա­ռա­ջին հրա­ւի­րեալ­նե­րէն ո՛չ մէ­կը իմ ընթ­րի­քէս պի­տի ճա­շա­կէ» (ՂՈՒԿ. ԺԴ 24)։ Այս­պէս կ՚ը­սէ ա­ռա­կը, ուր Յի­սուս կը պատ­մէ հրա­ւի­րեալ­նե­րու եւ ընտ­րեալ­նե­րու մա­սին։

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

ՄՈՎ­ՍԷՍ ԾԻ­ՐԱ­ՆԻ

Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի Վա­հան Ռու­մե­լեա­նի «Քա­ղա­քը» շար­քին, ուր ժա­մա­նա­կա­կից եկ­նա­քեր­նե­րը հրա­վա­ռու­թեան ըն­թաց­քին կը վե­րա­ցար­կուին, ա­նոնց ակն­թար­թա­յին ցո­լա­ցում­նե­րը  կը բե­կուին կրկնե­րե­ւոյթ­նե­րու նման:

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հայ մշակոյ­թի բա­րե­կամ­նե­րու հիմ­նար­կին (Friends of Armenian Culture Society), Ո­ւո­թըր­թաու­նի, Մա­սա­չու­սեց, «Մով­սէ­սեան» սրա­հին մէջ հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­թով­պա­հայ ե­րա­ժիշտ Ներ­սէս Նալ­պան­տեա­նի յի­շա­տա­կին նուի­րուած նուա­գա­հան­դէս մը:

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

Լոս Ան­ճե­լը­սէն Տքթ. Մի­նաս Գո­ճա­յեան ան­ցեալ շա­բաթ սփիւռ­քեան կարգ մը թեր­թե­րու մէջ գրի ա­ռած էր յօ­դուած մը՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նի Պո­լիս կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն եւ այդ մա­սին ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի մէջ լոյս տե­սած լրա­տուու­թիւն­նե­րուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ»։
Բարեգործական ձեռնարկը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ, տաղաւարներու այցելուներու շարքին էր Հրանոյշ Յակոբեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնին նոր նախաձեռնութիւնը:
Այս ամառ կը նախատեսուին՝ պատանիներու համար ճամբար եւ ուսուցիչներու ուղղեալ վարժընթաց:

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

Ռու­սաս­տա­նի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Փաթ­րու­շեւ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան տե­սակ­ցե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ։

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը այս շրջա­նին լոյս ըն­ծա­յած է AURORA գիր­քը։ Չմշ­­կա­ծա­գէն մին­չեւ Հո­լի­վուտ՝ սա կնոջ մը կեանքն է եւ այդ ո­դի­սա­կա­նին վրայ պատ­րաս­տուած է նաեւ ժա­պա­ւէն մը։

Էջեր