Արխիւ

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Աս­տուա­ծա­բա­նու­թիւ­նը՝ քրիս­տո­նէա­կան-աս­տուա­ծաշն­չա­կան, ե­թէ մէկ կող­մէ ու­նի հա­մա­մարդ­կա­յին տե­սա­դաշտ եւ պա­րու­նա­կու­թիւն, բայց միեւ­նոյն ժա­մա­նակ՝ ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն, ուր իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ կ՚ըն­դե­լու­զուի  հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մշա­կոյ­թին, քա­ղա­քակր­թու­թեան եւ կեն­ցա­ղի հետ եւ այս բո­լո­րին ընդ­մէ­ջէն՝ ա­նոր/ա­նոնց ապ­րած կեան­քին ու փոր­ձա­ռու­թեան կու տայ նկա­րա­գիր եւ ինք­նու­թիւն:

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Աւստ­րա­լա­հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Կլէյ­տիս Պէ­րէ­ճիք­լեա­նի ա­նու­նը հա­յու­թեան ծա­նօթ դար­ձաւ, երբ ան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն զբա­ղե­ցուց ի­րե­րա­յա­ջորդ կա­րե­ւոր ու բարձր պաշ­տօն­ներ՝ Աւստ­րա­լիոյ Նոր Հա­րա­ւա­յին Ո­ւելս նա­հան­գի կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ: Իսկ վեր­ջերս ան դար­ձաւ այդ նա­հան­գին վար­չա­պե­տը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ստո­րեւ կը շա­րու­նա­կենք ու­սում­նա­սի­րել եւ ներ­կա­յաց­նել Ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դամ «անձ»ե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը եւ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը՝ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ընդ­հա­նուր օ­րէնք եւ կա­նոն­նե­րուն հա­մա­ձայն։

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին շղթա­յա­զեր­ծու­մէն ի վեր լի­բա­նա­նեան հո­ղե­րէն դէ­պի Սու­րիոյ տար­բեր ճա­կատ­նե­րը հա­սած զի­նեալ­նե­րու թի­ւը հա­սած է 6 հա­զա­րի: Այս տե­ղե­կու­թիւ­նը շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը դրուէր օ­րեր ա­ռաջ, երբ լի­բա­նա­նեան լրա­տուա­կան ցան­ցի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ քննար­կու­մի նիւթ կը դարձ­նէին մին­չեւ այս պա­հը Սու­րիոյ տար­բեր քա­ղաք­նե­րուն մէջ «ա­պաս­տա­նած» ար­մա­տա­կան զի­նեալ­նե­րուն ճա­կա­տա­գի­րը:

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Անձ» իր ա­մե­նաըն­դար­ձակ ի­մաս­տով կը նշա­նա­կէ՝ ի­րա­ւունք ու­նե­ցող, պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ յանձն ա­ռած, ի­րա­ւուն­քը վա­յե­լե­լու եւ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լու կամ­քով օժ­տուած, իր ա­րարք­նե­րէն պա­տաս­խա­նա­տու եւ բա­նա­կա­նու­թեան ու­ժով շար­ժող ու վա­րուող ան­հատ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

Հո­լի­վու­տեան յայտ­նի դե­րա­սան Ճորճ Քլու­նի Փետ­րուա­րի 24-ին կը ստա­նայ պա­տուա­ւոր «Սե­զար»  շար­ժան­կա­րի մրցա­նա­կը։ Այս ո­րո­շու­մը կա­յա­ցու­ցած է Ֆրան­սա­յի Շար­ժան­կա­րի ա­կա­դե­միան:

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

Հա­յաս­տա­նի Խա­ղո­ղա­գոր­ծու­թեան եւ գի­նե­գոր­ծու­թեան հիմ­նադ­րա­մին ա­ջակ­ցու­թեամբ՝ Փետ­րուա­րի 6-10 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ Մոս­կուա­յի մէջ կա­յա­նա­լիք «Փրոտ Էքս­փօ-2017» մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին, մէկ միաս­նա­կան տա­ղա­ւա­րով պի­տի մաս­նակ­ցին տաս­ներ­կու հայ­կա­կան գի­նե­գոր­ծա­կան ըն­կե­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք պի­տի ներ­կա­յաց­նեն ա­ւե­լի քան յի­սուն տե­սակ հան­գիստ եւ փրփրուն գի­նի:

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

«Սի­րոյ եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան տօ­նի առ­թիւ Փետ­րուա­րի 11-ին Ա­րա­րա­տեան Հայ­րա­պե­տա­կան Թե­մը՝ ա­ռանց տա­րի­քա­յին սահ­մա­նա­փակ­ման, կը հրա­ւի­րէ բո­լո­րը մեծ շու­քով նշե­լու Սուրբ Սար­գի­սի տօ­նը, որ­պէս­զի Ե­րե­ւա­նը զար­դա­րուի սի­րոյ հայ­կա­կան ե­րանգ­նե­րով», այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ Qahana.am-ը՝ իր ֆէյս­պու­քեան է­ջին մէջ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­ներն ու լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուին։ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րուն կող­մէ Թա­լի­շի ուղ­ղու­թեամբ կա­տա­րուած վեր­ջին ներ­թա­փանց­ման փոր­ձին ըն­թաց­քին գե­րե­վա­րուած զի­նուո­րը՝ Էլ­նուր Հիւ­սէ­յին­զա­տէ կա­լա­նա­ւո­րուե­ցաւ եր­կու ա­մի­սով։

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րով՝ այ­սօր Հա­յաս­տա­նի ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րար նշա­նա­կուե­ցաւ Դա­ւիթ Տօ­նո­յեան։ Այս վեր­ջի­նը պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալն էր ու նոր նշա­նակ­ման հա­մար ա­զա­տուե­ցաւ այդ պաշ­տօ­նէն։

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

23 միլիոն եւրօ ներդրումով տարածքաշրջանէ ներս Reebok-ի մեծագոյն կեդրոնը:
Նորակառոյց հսկայ ակումբի հնարաւորութիւնները բաւարար են՝ սպասարկելու տարեկան 15 հազար հոգիի:

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը շփումներ ունեցաւ երկրի հարաւային սահմաններու երկայնքով:
Բարձրաստիճան զինուորականներ քննարկեցին «Եփրատի վահան» գործողութեան ընթացքը: Սուրիոյ բանակն ալ կը յառաջանայ դէպի Էլ Պապ՝ հարաւ-արեւելեան հատուածէն մօտենալով քաղաքին:

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի «Էջ­միա­ծին» երգ­չա­խում­բը այս օ­րե­րուն շրջա­գա­յու­թիւն մը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ դէ­պի Ռու­սաս­տան եւ Սպի­տակ Ռու­սիա։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ երգ­չա­խում­բը հան­դէս կու գայ հա­մերգ­նե­րով։

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Այս գե­րա­րագ դա­րուն մէջ կա­րե­լի է շատ ա­րագ նոր լե­զու մը սոր­վիլ, բայց ա­տի­կա ար­դեօք որ­քա­նո՞վ կ՚ընդգր­կէ լե­զուի մը ամ­բող­ջա­կան տի­րա­պե­տու­մը: Լե­զուն գի­տու­թիւն մըն է եւ կը պա­հան­ջէ ա­կա­դե­մա­կան աշ­խա­տանք, բայց խօ­սակ­ցա­կան լե­զուն սոր­վի­լը նուազ գի­տա­կան է եւ կը պա­հան­ջէ կամք, ըն­թեր­ցում եւ վար­ժու­թիւն:

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

1127 տա­րի ա­ռաջ, 2 ­Փետ­րո­ւար 890 թը-ա­կա­նին, ­Փոքր ­Հայ­քի իր ժո­ղո­վուր­դին տուած ար­քա­յա­կան շրջայ­ցի մը ըն­թաց­քին, հի­ւան­դա­ցաւ եւ վախ­ճա­նե­ցաւ հա­յոց պատ­մու­թեան ար­ժա­նա­ւոր կեր­տիչ­նե­րէն՝ Բագ­րա­տու­նեաց ­Հարս­տու­թեան հիմ­նա­դիր թա­գա­ւոր Ա­շոտ Ա­ռա­ջին ­Բագ­րա­տու­նին։

Շաբաթ, Փետրուար 4, 2017

Անգ­լիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի եւ Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ տնօ­րէ­նու­թեան ղե­կա­վար Սա­րա Սուին­ֆորտ վեր­ջերս այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան, ուր հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կա­րէն Նա­զա­րեա­նի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան, ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, մշա­կու­թա­յին փո­խա­նա­կում­նե­րու աշ­խու­ժաց­ման ուղ­ղու­թեամբ ձեռ­նար­կուած քայ­լե­րը։

Շաբաթ, Փետրուար 4, 2017

Եւրոմիութիւնը կը նախատեսէ զանազան ուղղութիւններով զարգացնել գործակցութիւնը Հայաստանի հետ:
Նոր իրաւական պայմանագրի պատրաստութեան ուղղեալ բանակցութիւնները կը մօտենան իրենց աւարտին:

Շաբաթ, Փետրուար 4, 2017

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

«Պայ­քար» շա­բա­թա­թեր­թի (Նոր Շրջան) ա­ռա­ջին այս թի­ւով կը հրա­տա­րա­կենք ՌԱԿ պաշ­տօ­նա­թեր­թին ա­ռա­ջին խմբագ­րին՝ Ար­մե­նակ Ն. Նա­զա­րի կեն­սագ­րու­թիւ­նը: 1899 թուա­կա­նին Գա­րե­գին Չիթ­ճեան եւ Մխօ Շա­հէն Նիւ Եոր­քի մէջ կը հրա­տա­րա­կեն «Ձայն Հայ­րե­նեաց» ա­նու­նով թեր­թը, որ Հայ­կակ Է­կի­նեան փո­խան­ցած էր ի­րենց: Թեր­թը Նիւ Եոր­քէն կը փո­խադ­րուի Ուստր եւ ա­պա՝ Պոս­տոն, որ սկսած էր դառ­նալ ա­մե­րի­կա­հա­յու­թեան ա­ռաջ­նոր­դու­թիւն տուող կա­րե­ւոր օր­րա­նը:

Շաբաթ, Փետրուար 4, 2017

ՆԱՐԱԶԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

4 ­Փետ­րո­ւա­րին կը նշենք ծնուն­դը ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի (­Յով­հան­նէ­սեան, 1878-1943-?), որ իր մնա­յուն եւ բարձ­րա­դիր պա­տո­ւան­դա­նը ու­նի հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ՝ իբ­րեւ ա­մենէն ա­ռինք­նող կեր­պար­նե­րէն մէ­կը գրո­ղի, մտա­ւո­րա­կա­նի եւ ազ­գա­յին գոր­ծի­չի վա­ւե­րա­կան վաս­տակ նո­ւա­ճած մե­ծա­նուն հայ կի­նե­րու փա­ղան­գին։

Շաբաթ, Փետրուար 4, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այն ժա­մե­րուն, երբ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան «տա­րին ամ­փո­փող մամ­լոյ ա­սու­լիս» կու տար, Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կի ջո­կատ­ներ Ղա­րա­բա­ղի հիւ­սի­սա­յին սահ­ման­նե­րու (Թա­լիշ) ուղ­ղու­թեամբ ներ­թա­փանց­ման փորձ կը կա­տա­րէին: Ատր­պէյ­ճա­նա­կան ոտնձ­գու­թիւ­նը կը բա­խէր հայ­կա­կան սահ­մա­նա­պահ զօր­քե­րու հա­մա­պա­տաս­խան քայ­լե­րուն, ո­րոնց ար­դիւն­քով գրո­հող կող­մը ետ կը մղուէր, առ­նուազն տա­լով մէկ վի­րա­ւոր:

Էջեր