Արխիւ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Չեմ գիտեր՝ զաւեշտալի՞ է, թէ՝ զարմանալի... Այսօր մեր բակին մէջ հաւաքուած էին մեծ թիւով մարդիկ եւ կը քարոզէին համայնավարական կարգերուն վերադարձը Հայաստանի մէջ: Նոյնիսկ պաստառ բռնած էին եւ գրքոյկներ բազմացուցած իրենց համոզումներուն մասին, բայց գիրքերը զգուշութեամբ կը բաժնէին, ամէն մարդու չէին տար, նախ կը ծանօթանային դիմացինին հետ, կը զրուցէին, ով ըլլալը կը պարզէին եւ յետոյ կը փոխանցէին իրենց ծրագիրը: Ես կը կարծէի, որ այդ մարդիկը չկան այլեւս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուն սկզբնական կոչումն է՝ գործակից ըլլալ Աստուծոյ՝ երկրի վրայ հաստատելու համար երկինքի թագաւորութիւնը, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս Առաքեալ. «Քանի որ մենք պարզապէս Աստուծոյ գործակիցներն ենք. դուք Աստուծո՛յ անդաստանն էք եւ Աստուծոյ շինութիւնը, եւ ո՛չ թէ մերը» (Ա ԿՈՐՆԹ. Գ 9)։ Ուստի, մարդ, իր Արարիչին անհուն սիրոյն եւ շնորհած բարիքներուն փոխարէն պարտաւոր է բոլոր սրտով զԱյն սիրել, պաշտել, փառաբանել, կամքը կատարել եւ գոհութիւն տալ, գոյութեանը պատճառ՝ Աստուծոյ գոհութիւն յայտնել։ Առաջին օրէն երբ Աստուած ստեղծեց մարդը, սկսաւ խօսիլ անոր հետ եւ յարաբերուիլ։
ԷԴՈՒԱՐԴ ՄԻԼԻՏՈՆԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի ինքնութեան ու միասնութեան ապահովման գործին մէջ դարերէ ի վեր անփոխարինելի եղած է մշակոյթի ու գրականութեան դերը: Բազմիցս ատիկա տեսանելիօրէն ապացուցուած է ու հաստատուած:
Forbes հեղինակաւոր ամսագիրը Երկուշաբթի հրապարակած է տոլարային միլիառատէրերու ամէնամեայ համաշխարհային ցուցակը:
Այս ցուցակին մէջ ներառուած է ռուսաստանաբնակ երեք հայ գործարար:
Կիւլպէնկեան հիմնարկը յամառ աշխատանք կը տանի լեզուի ծրագրերուն համար:
Երրորդ «Ուիքի ճամբար»ը այս ամառ նախատեսուած է Ֆրանսայի Լա Պուրպուլ գիւղաքաղաքին մէջ:
Երեւանի մէջ այս շրջանին յառաջ կը տարուի «Հայաստանաբնակ կարիքաւոր սուրիահայերու բժշկական աջակցութիւն» խորագրեալ ծրագիր մը, որ ունի կարեւոր նշանակութիւն։ Իզմիրլեան բժշկական կեդրոնէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ այս ծրագրի մեկնարկին եւ համապատասխան համագործակցութեան յուշագրի ստորագրման արարողութիւնը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն ամսավերջին պիտի այցելէ Թուրքիա։ Կը նախատեսուի, որ պետական քարտուղարի այցը տեղի ունենայ Մարտի 30-ին։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ապու Տապի, ուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Փոխ-վարչապետ ու նախագահական հարցերով նախարար Շէյխ Մանսուր Պին Զաիտ Էլ Նահեանի հետ։
Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը երէկ նախաստորագրուեցաւ:
Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան համագործակցութեան մէջ նոր էջ մը կը բացուի ներկայ փաստաթուղթով:
Պատրիարքարանի վերաբերեալ խնդիրները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել համայնքին օրակարգը։ Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Քէօլնէն նամակ մը ուղարկած էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին եւ փափաք յայտնած էր՝ ունենալ իր կողմէ ժամադրութիւն ապահովելու համար Եկեղեցական համագումարէն օր մը վերջ կուսակալութեան ուղարկուած դիմումնագիրը։
Euronews-ի կայքէջը դրուատիքը կը հիւսէ Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի վանքին՝ Սուրբ Ղազարին՝ որպէս Եւրոպայի ժառանգութեան մաս:
Յառաջիկայ Սեպտեմբերին նախատեսուած են շարք մը ձեռնարկներ՝ 300-ամեայ յոբելեանի պատշաճ շուքով տօնախմբման համար, մինչ աշխարհի վրայ կը գործեն չորս վարժարաններ:
ՂԵՒՈՆԴ ՎՐԴ. ԲԵՆԴԵԶԵԱՆ
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վարդապետութեան, ինչպէս նաեւ ծիսական ու քարոզչական կեանքին կարեւորագոյն բաժինը կը հանդիսանայ պահեցողութեամբ ու ծոմապահութեամբ ամրապնդել հաւատացեալին հոգեկան աշխարհը եւ անոնց ընդմէջէն զարկ տալ անոր հաւատքի առողջ աճման:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կամք»՝ իր լայն առումով կը նշանակէ կամեցողութիւն, բաղձանք, նաեւ՝ հոգեկան եւ իմացական զօրութիւն՝ որոշ ուղղութեամբ մը գործելու։ Կամքը կ՚ենթադրէ տրամադրութիւն, դիտաւորութիւն եւ մտադրութիւն եւ այս իմաստով «կամք»ը հոգեկան եւ իմացական ո՛ւժ մըն է։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆինլանտիոյ Լուտերական-Աւետարանական եկեղեցւոյ պետ, Թուրքուի Արքեպիսկոպոս Կերի ՄըքՔինէնի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Վեհափառ Հայրապետը միջեկեղեցական այցելութեամբ այս օրերուն կը գտնուի Ֆինլանտիոյ մէջ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ՀՀԿ-ի անդամ, երեսփոխան Մարգարիտ Եսայեան յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Ներսի եւ դուրսի հայեր չկան, մենք՝ բոլորս մէկ միասնութիւն ենք եւ բոլորիս ջանքերը ուղղուած են դէպի աւելի ուժեղ, աւելի կայուն, անվտանգ հայրենիքի կառուցում»:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Երգեցողութեան դասապահն էր, պիտի երգէինք «Հայր մեր»ը, ուրեմն երբ հասանք «յերկինս» բառին, «կինս» մասը այնպիսի շեշտով մը դուրս պոռթկաց մեզմէ, շուրջ 15-ամեայ պատանիներէս, որ ուսուցիչին՝ Պրն. Համբարձում Պէրպէրեանի գաւազանի հարուածովը սեղանին կ՚ընկերանար՝ «վայրենիներ, վայրենիներ…»։ Նկատողութիւնը, որ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ՝ լռութեան կոչ: Քար լռութիւն: Ապա՝ դասաւանդութիւն:
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Հայ եկեղեցական եւ ժողովրդական դասական երգերու բոլոր ժամանակներու տաղանդաւոր յօրինող եւ մեկնաբանողն է հայ ժողովուրդի հանճարեղ երաժշտագէտը՝ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ։ Բնածին տաղանդով, Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն շրջանաւարտ, Գերմանիա ուսանած եւ արուեստի գործը հայրենիքի, Պոլսոյ եւ Եւրոպայի մէջ բարձրագոյն մակարդակի վրայ յայտնաբերած, Կոմիտաս Վարդապետ մեր ժողովուրդի պարծանքը հանդիսացաւ իր բազմակողմանի դրսեւորումներով՝ երգ, նուագ, բանահիւսութիւն, եւ երաժշտութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Խոկում», այսինքն «méditation» կը նշանակէ՝ մտածութիւն, մտախոհութիւն, նաեւ՝ որոճք։ Այս իմաստով՝ եթէ ընթերցանութիւնը մտքին սնունդն է, անհրաժեշտ՝ անոր գոյապահպանման ու գոյատեւման, խոկումն ալ այդ սնունդին մարսելու՝ սնունդը իւրացնելու եւ կարդացածը ըմբռնելու միջո՛ցը։ Եւ ինչպէս որ սնունդը առանց մարսելու որեւէ օգտակարութիւն չ՚ապահովեր մարմնին, այնպէս ալ առանց խոկումի՝ ընթերցանութիւնը որեւէ օգուտ չ՚ընծայեր մտքին։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայկական լրագրական աշխարհի երէց դէմքերէն մին՝ Վանիկ Սանթրեան։ Սովետական լրագրական դպրոցէն հասած վարպետ մամլոյ սպասաւոր մըն էր ան։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին միջեւ տեսակցութիւն:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Անթոնիօ Կութերէս անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի առկայ վիճակին:
