Արխիւ
Թուրքիա երէկ ունեցաւ կարեւոր ձեռքբերում մը՝ փորձագիտութեան բնագաւառին մէջ։ Այսպէս, անջրպետ ուղարկուեցաւ «Göktürk-1» արբանեակը։ Այս ձեռքբերումը միեւնոյն ժամանակ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի։
Վիեննայի մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Միջուկային անվտանգութեան հարցերով միջազգային նախարարական համաժողովը։ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կեդրոնակայանէն ներս տեղի ունեցաւ այս համաժողովը, որուն մասնակցեցան 140 երկիրներէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Մոսկուայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան կ՚ընդունուի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի կողմէ։
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար Ինճիրլիքի ռազմախարիսխէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երէկ Հուլուսի Աքար Ատանայի մէջ ունեցաւ շարք մը շփումներ, տեղւոյն վրայ քննելով բանակի ստորաբաժանումներուն կացութիւնը։
Հալէպի Ս. Գէորգ եւ Ս. Վարդանանց հայկական եկեղեցիները կը մնան կանգուն:
Հակառակ ծանր վիճակին ու ռմբակոծումներուն անոնք կը դիմադրեն բոլոր փորձութիւններուն:
Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը միշտ հետամուտ Իսթանպուլի իր կալուածներուն:
Կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վարդապետ Երէցեան Լոս Անճելըսի մէջ յայտարարած է, որ դիմում ներկայացուցած են Թուրքիոյ բարձրագոյն դատական իշխանութիւններուն մօտ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Սպանիոյ դեսպան Ռաֆայէլ Մենտիվիլ Փէյտրոն։ Նորին Սրբազնութիւնը տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան եւ թրքահայ համայնքային կեանքի մասին։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մանրամասնութիւններ յանձնած է պատկան մարմիններու նկատառման:
Հայաստանի Քննչական կոմիտէն լուսաբանութիւններով հանդէս եկաւ Պատրիարքարանի հաւաքածոյէն կորսուած իւղանկարի հարցին շուրջ: Երեւանի մէջ կը սպասուին Ռուսաստանի կառոյցներէն պահանջուած քննութիւններու արդիւնքներուն:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Անշուշտ գիւտերը միայն ճարտարագիտական, արհեստագիտական մարզերուն մէջ չեն ըլլար: Հոգեբանները եւս նորութիւններ կը յայտնաբերեն, երբ կ՚ուսումնասիրեն մարդոց զգացումները, հոգեկան աշխարհը, վարուելակերպը, նախասիրութիւնները եւ նաեւ… անունը: Կրնան ոմանց համար ասոնք միայն հոգեբաններու պնդումներ, այլ ոչ ճշգրիտ գիտութիւն նկատուիլ, սակայն կ՚արժէ կարդալ:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Սանթիակօ, Չիլի: Նոյեմբեր 2016: Թէեւ Չիլին ֆութպոլային աշխարհին մէջ նաեւ ստեղծած է իրեն յատուկ առասպել մը՝ յար եւ նման Լատին Ամերիկայի իր դրացի երկիրներուն, բայց նաեւ ունի աշխարհագրական ու բնութեան իր տուեալներուն իւրայատկութիւնները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն պահուն, երբ Լիբանանի նախագահ զօրավար Միշէլ Աուն հրամանագիր մը ստորագրելով Սաատ Հարիրին երկրի վարչապետի պաշտօնին կը կոչէր, երկրի քաղաքացիներուն մեծ տոկոսը կու գար համոզուելու, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը պիտի վճռուի ընդամէնը քանի մը օրուան ընթացքին:
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հիմնադրութեան 110-ամեակին ձօնուած յոբելենական հանդիսութիւններուն եզրափակիչ փուլը բնորոշուեցաւ Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած բազմակողմանի ձեռնարկներով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս ներքին միութիւնը կ՚ենթադրէ՝ հոգիին եւ մարմինին միութիւնը, անտեսանելի եւ տեսանելի արժէքներու ներդաշնակութիւնը, ամբողջականութիւնը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց հայոց աշխարհի առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու ցնծալի տօնը։ Բերկրառատ օրուան առթիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած տօնակատարութիւններուն։ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան։
«Սարեան» լարային նուագարաններու քառեակը վերջերս համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Սա ուսուցողական երաժշտական համերգային ծրագիր մըն էր, որ նախատեսուած էր պատանիներու համար։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հիւրընկալեց լուսանկարիչ Նուրհան Աքքայան, որ վերջերս ցուցահանդէս մը բացաւ Երեւանի մէջ։ Ներկայ էր նաեւ լրագրող Սեւան Աթաօղլու, որ այդ ցուցահանդէսին կազմակերպման աշխատանքները համակարգած էր։
Իտալիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Սահմանադրութեան բարեփոխման համար հանրաքուէ մը։ Կառավարութիւնը կը պահանջէր բարձրացնել իր լիազօրութիւնները։ Կը հաղորդուի, որ ժողովուրդը ընթացք չէ տուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն։
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ միաբեւեռ աշխարհը կքած է։ Ռուսական NTV հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ան քննադատեց Արեւմուտքը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի յայտարարեց, որ Իսրայէլ որդեգրած է վտանգաւոր ընթացք մը։ Ուաշինկթընի մէջ, Ռուքինկզի կաճառէն ներս կազմակերպուած ֆորումի մը ընթացքին Ճոն Քերի խօսեցաւ Իսրայէլ-Պաղեստին յարաբերութիւններուն շուրջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ներկայ շաբթուան տեւողութեան շարք մը ժողովներու կը մասնակցի Եւրոպայի մէջ։ Ան այսօր Վիեննայի մէջ մասնակցութիւն կը բերէ Միջուկային անվտանգութեան նախարարական համաժողովին։