Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մեծ պահքի Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը տրտմութեան եւ ապաշխարութեան օրեր պէտք չէ՛ նկատուին», կ՚ըսէ Օձնեցին, եւ կը հրամայէ. «Պատարագ մատուցանել» (Կանոն Զ.), նոյն այդ օրերու նշանակութիւնը պարզելով մեզի խորհրդական կամ վերածական մեկնութիւններով։
Տատեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ Ուրբաթ երեկոյեան համանուն վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ հիւրընկալուեցաւ յայտնի արուեստագէտ Սերմիան Միտեաթ։ Ան բեմադրեց իր մէկ հոգինոց խաղը։
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ շաբաթավերջին ունեցանք հեռախօսազրոյց մը։ Երէկ առաւօտ ան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարեց, որ կը պատրաստուի դարձեալ գալ Իսթանպուլ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապալի կացութիւնը կաթուածահարման եզրին հասցուցած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը:
Համայնքային շրջանակները ուշադրութեամբ կը հետեւին բոլոր իրադարձութիւններուն եւ երեք սրբազաններէն ակնկալութիւնը դարձած է զոհողութեան պատրաստակամութիւնն ու համագործակցութիւնը:
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ ճազի յատկանշական համերգ մը։ Օփերայի համալիրէն ներս կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը՝ «Նիւ Եորք-Երեւան ճազի ճանաչում» խորագրին ներքեւ։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան հռչակուեցաւ Հայաստանի տարուոյն լաւագոյն ֆութպոլէօրը։ Երէկ, Երեւանի մէջ կազմակերպուած մասնաւոր արարողութեան մը ընթացքին ան ստացաւ իր «Ոսկէ գնդակ»ը։
Տարածքաշրջանէն ներս աննախընթաց ֆորում մը Երեւանի մէջ. «Ճգնաժամէն դէպի զարգացում»:
Միջազգային մասնագէտներ մատնանշեցին Հայաստանէ ներս քաղաքացիական հասարակութեան արձանագրած վերելքը:
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ Արեւագալի արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որուն ներկայ էին նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան եւ Արման Սրկ. Մարաշլեան։
Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ եզակի հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, հաստատութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական շրջանին խնամակալութեան եւ անոր ատենապետին՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլի հովանաւորութեան ներքեւ ծնունդ առած ծրագրի մը առաջին պտուղները ներկայացուեցան դպրոցի աշակերտութեան։
Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապալի կացութիւնը համայնքի թիւ մէկ խնդիրը:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի վերադառնայ Իսթանպուլ:
ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ
Բոլորիս ծանօթ է այրի կնոջ եւ դատաւորին առակը (Ղուկաս 18.1-8):
Երեք հարցումներ.-
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Առաջին անգամը չէր, որ լիբանանցի բեմադրիչ Շարպէլ Խալիլի պատրաստած քաղաքական երգիծանքի ծրագիրը կ՚արժանանար ծանր մեղադրանքներու: Խալիլ, որ օրեր առաջ իր «Ալ Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանէն ցուցադրուող «Տումա Քարասի» յայտագրին ընթացքին բարձրացուցած էր երեսունինն տարի առաջ շիի կրօնական գործիչ Իմամ Մուսա Ալ Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն առեւանգման նիւթը, կը մերժէր ներողութիւն հայցել «Ամալ» շարժումի հասարակութեան, որոնց կարծիքով Խալիլ վիրաւորած էր իրենց հոգեւոր առաջնորդը՝ Ալ Սատըրն ու ներկայիս գործող ղեկավար Նեպիհ Պըրրին:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Համայնքային հրատապ օրակարգի մթնոլորտին մէջ, վերջին օրերուն շփում մը տեղի ունեցաւ Սամաթիոյ ընտանիքի եւ թերթիս խմբագրութեան միջեւ։ Միասին պատահաբար ներկայ գտնուեցանք հաւաքոյթի մը, որու միջավայրը յարմար առիթ ընձեռեց երկխօսութիւն մը հաստատելու։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութիւնը հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտով նշեց Մեծ պահոց Միջինքը։ Երէկ այս առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան Գերապայծառը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի շրջանի հինգերորդ Կիրակին կը կոչուի «Դատաւորի Կիրակին»՝ ուր կը պատմուի այրի կնոջ մը համբերութեան եւ յարատեւութեան շնորհիւ ձեռք բերած բարոյական յաջողութեան մասին։ Այս պատմութիւնը, ընդհանրապէս կը պատշաճի աղօթքի մէջ յարատեւութեան, անձանձրոյթ եւ անվհատ ըլլալու եւ առանց յուսալքուելու շարունակելու անհրաժեշտութեան։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Երբեմն միայն՝ հոն եմ, ուր որ եմ… հոսանքներ զանազան, երէկը, ներկան ու գալիքն ալ միանգամայն, կը միախառնուին:
Երբեմն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, 16 Յուլիս 1913 թուականի՝ «Քահանայից լսարան»ի իր դասախօսութեան ընթացքին, «Հայ Եկեղեցին ինք իր մէջ. Բարեկարգութիւնը ի՞նչ ուղղութեամբ պէտք է ըլլայ» նիւթով, ի մէջ այլոց կ՚ըսէ, թէ՝ ծէսերու երկարութեան եւ կանոններու խստութեան առթիւ, պէտք է ընդունիլ որ Հայ Եկեղեցին քաղաքական պատճառով հարկադրուեր է երբեմն տեղի տալ շատ մը պատշաճութիւններու։
Ատոլֆ Հիթլէրի անձնական հեռախօսը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կայացած աճուրդով մը վաճառուած է 243 հազար տոլարով: Յենլով Alexander Historical Auctions աճուրդային տան յայտարարութեան՝ կը տեղեկանցնէ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը:
Ախալցխայի, Վրաստան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ՝ օրհնութեամբ Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ․ Վազգէն Եպսկ․ Միրզախանեանի՝ քաղաքին մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցած է «Հայկական գաթա» փառատօնը, որ կը տօնուի քառասնօրեայ Մեծ պահքի Միջինքին:
Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան խթանման համար հերթական նախաձեռնութիւն:
Սփիւռքի, մշակոյթի եւ առողջապահութեան նախարարութիւնները պիտի աշխատին համակարգուած:
