Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցեալին ծնողներու համար մեծագոյն վտանգ կը սպառնար շրջապատը, սակայն այսօր շրջապատը աւելի նուազ վտանգ կը սպառնայ՝ քան համացանցը: Անցեալին պատանիի մը շրջապատը գրեթէ յստակ էր. անոր ընկերները կա՛մ դասընկերներն էին եւ կամ դրացի հասակակիցները. առաւելագոյն պարագային մի քանի փողոց վեր ապրող տղաքը, սակայն այսօր վիճակը ամբողջութեամբ տարբեր է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ազգովին կ՚ապրինք հանգրուան մը, ուր ամէն ինչ գլուխն ի վայր շրջուած է: 2020 թուականին մեր կրած ամօթալի պարտութիւնը եւ այդ պարտութենէն ետք տեղի ունեցած զարգացումները, կարծէք հարուած հարուածի ետեւէ եկան հիասթափեցնելու, յուսախաբ դարձնելու մեզմէ շա՜տ շատերուն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
2021 թուականին Հայաստանի մէջ մեկնարկած «Հայահաւաք» նախագծի ծիրէն ներս այս նոյեմբերի սկիզբին Հայաստան ժամանած էր Մեծն Բրիտանիոյ մէջ բնակող հայ ջութակահար, խմբավար «Չիլինկիրեան» լարային քառեակի հիմնադիր, Լոնտոնի Երաժշտութեան թագաւորական ակադեմիայի դասախօս, Կիդհոլի երաժշտատրամաթիքական դպրոցի ջութակի եւ քամերային երաժշտութեան դասախօս, աշխարհահռչակ հայ ջութակահար՝ Լեւոն Չիլինկիրեան: Համերգը նուիրուեցաւ անոր 75-ամեակին, որ լրացաւ այս տարի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Լոյսը Աստուծոյ հոգեւոր զօրութեան տեսանելի արտացոլացումն է։ Արդարեւ, լոյսը արարչագործութեան ամենէն ազնիւ յատկութիւնն է եւ այդ իսկ պատճառաւ բոլոր արարածներ տեսանելի՛ դարձան եւ կարողացան պատսպարուիլ աշխարհի վրայ եւ կեանքը տեւականացնել։
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեր «ջղային դարը»: Հասարակական կեանքի զարգացումն ու մտաւոր մրցումը, իբրեւ գլխաւոր պատճառ ջղային տկարութեան, կամ ջղաթուլութեան: Ջղաթուլութեան եւ անոր բնորոշ գիծերը: Արգանդախեղդ (hysteria) եւ անոր նշանները: Ընկնաւորութիւն: Խելագարութիւն: Ջղային դրութիւնները եւ անոնց բացատրութիւնը: Ախոնդացաւ (hypochondria) եւ մելամաղձոտութիւն: Ջղայնոտը եւ ամուսնութիւն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատանիներուն եւ իրենց ծնողներուն միջեւ մեծագոյն հարցերէն մին գաղտնիութեան իրաւունքն է. դժբախտաբար շատ մը ծնողներ իրենց պարտաւորութիւնը եղող հետեւողականութիւնը կը շփոթեն անվստահութեան հետ, որ իրականութեան մէջ ամբողջութեամբ տարբեր են իրարմէ:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս մասնաւոր համերգ մը տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական այս բացառիկ ձեռնարկը հովանաւորեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Սուրբ Հրեշտակապետներու եւ երկնային զօրքերու տօնը։ Այս առթիւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն էր Տ. Դաւիթ Քհնյ. Գիշեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն անդամներէն Քոզէթ Ավանուսն ու Նուպար Մանավեանը։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ կիրակի, նոյեմբերի 19-ին նախատեսուած է Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որու ընդառաջ Պաքըրգիւղի ընտանիքը զօրակոչի ենթարկուած է։
Դէպի Լոնտոն պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ «Chatham House»ի (Անգլիոյ միջազգային յարաբերութիւններու արքունի կաճառ) երդիքին տակ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հաւաքոյթի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի ընձեռած հնարաւորութիւնները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նոր բեմագրութիւններ կրնան մշակուիլ ու կրնան ի յայտ բերուիլ նոր առաջանորդներ, որոնք որոշ հեղինակութիւն կրնան ունենալ թէ՛ Արեւմտեան ափին եւ Կազզէի հատուածին մէջ:
«Համաս» ցոյց տուաւ, որ տարածաշրջանէն ներս պետութիւններու առընթեր խաղի մէջ են նաեւ ոչ-կառավարական շարք մը կազմակերպութիւններ, որոնք փաստած են իրենց գործօն ըլլալու հանգամանքը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Խնդիրը միայն Արցախը չէր, խնդիրը միայն Արցախի անվտանգութեան ապահովումը չէր, այլ խնդիրը այսօր ալ կը շարունակէ մնալ իրատես ինքնաճանաչումը:
Հայաստանի ներուժը ճի՛շդ հասկնալու, անոր իրական ուժը պատկերացնելու եւ շրջապատի իրադարձութիւնները ըստ այդմ ճի՛շդ թարգմանելով ընկալելու հրամայականը միշտ արդիական:
Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան Գօշավանքի մէջ շաբաթավերջին խօսած քարոզին ընթացքին ըսաւ. «Այս օրերը ես կը կոչեմ անպատուութեան օրեր։ Կրկնակի անպատուութեան օրեր, որովհետեւ մենք համաձայնած ենք ընդունիլ այդ անպատուութիւնը։ Մեր այս ժամանակահատուածը նաեւ վերականգնումի ձգտումի ժամանակահատուած է։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Արժանթինի հրէական կազմակերպութիւններու պատուիրակութեան նախագահ Խորխէ Քնոպլովիցը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու պատասխանատու Արիէլ Պլուֆշթէյնը։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ երկու ժողովուրդներու ընդհանրութիւններուն եւ մասնաւորապէս խօսեցաւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքի մէջ նախանձը մեծ դեր կը կատարէ։ Մեծութեան եւ հպարտութեան ձգտողներ չեն սիրեր ուրիշներուն գեղեցիկ եւ հրապուրիչ խօսքերը եւ փառաւորուիլը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գրական վերլուծական յօդուածներով արեւմտահայ միտքի վրայ ազդած մեր մեծերէն մէկուն՝ եղեռնազոհ գրող, հայագէտ, թարգմանիչ Արտաշէս Յարութիւնեանի 150-ամեակն է:
Իր կենսագրութիւնը մանրամասն կը կարդանք 1937 թուականին Փարիզի մէջ «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» հրատարակչական ընկերութեան տպագրած գիրքերէն մէկուն մէջ, ուր ամփոփուած են Արտաշէս Յարութիւնեանի արձակ էջերէն ու քերթուածներէն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շատ մը մշակոյթներու, ընկերութիւններու եւ հասարակութիւններու մօտ դաշտանը «ամօթ» կը նկատուի՝ հիմնուած ըլլալով տարբեր համոզումներու եւ կրօնական ըմբռնումներու վրայ: Այդ մէկը առաւելաբար կը տեսնենք Արեւելքի երկիրներու մէջ եւ դժբախտաբար մեր ազգը եւս մաս կը կազմէ անոնց:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ռուսաստան թէ՛ իբրեւ Սովետական Միութեան ժառանգորդ եւ թէ անոր փլուզումէն ետք իբրեւ նոր աշխարհ մուտք գործող երկիր, որքան ալ սկզբնական շրջանը միաժամանակ համարկուած եւ պարփակուած էր Արեւմուտքին կողմէ, մասամբ յստակ էր, որ իր մեծ տարածքին ներքեւ այսպիսի մեծ քանակութեամբ հիւլէական զէնքերու սեփականութեամբ այսպէս ըսած բարձր առաքելութիւն մը պիտի տար՝ նկատի առած արդէն, որ պատմականօրէն ալ ան ինքզինք Արեւմուտքի մրցակից ու շատ մը տեղեր (երբ հզօրացման ճամբան բռնած էր) իբրեւ Արեւմուտքի ախոյեան համարած է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Դուք բարեկամներս էք, եթէ գործադրէք այն, ինչ որ Ես ձեզի կը պատուիրեմ: Ձեզ այլեւս ծառայ չեմ կոչեր, որովհետեւ ծառան չի՛ գիտեր, թէ ի՛նչ կ՚ընէ իր տէրը. այլ ձեզ բարեկամ կոչեցի, քանի որ այն բոլորը՝ ինչ որ Հօրմէս լսեցի, ձեզի յայտնեցի» (Յհ 15.15):