Արխիւ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ չափազանց մեծ թիւով պաղեստինցիներ սպաննուած են Կազզէի մէջ։
Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան Փարիզի համաժողովին ընթացքին հերթական անգամ ահազանգ հնչեցուց:
«Արեւմտեան Ատրպէյճան» սահմանումը Հայաստանի դէմ նոր պատերազմ մը պատրաստելու հայեցակարգն է»:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը։ Այսպէս, ան արտասանեց Ներկայացուցիչներու տան նիստի բացման աղօթքը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է երկու հետաքրքրական թրքերէն գիրք, որոնցմէ մէկուն հեղինակն է Իւմիթ Քուրթ, իսկ միւսինը՝ Պերքէն Տէօնէր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինչո՞ւ Իսրայէլ պատերազմ չի յայտարարեր Լիբանանի դէմ։ Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր կը շարունակուի Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմը։ Իրավիճակը մարդկային տեսակէտէ կը մնայ ահաւոր եւ զոհերու ու վիրաւորներու թիւերը կը շարունակեն աճիլ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 24.1-12:
Պօղոս առաքեալի Եփեսացիներուն ուղղած նամակէն 5.15-33:
Ղուկասի Աւետարանէն 8.49-56:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Յաճախ կրկնուած է, թէ դժուար է հայ ըլլալը, հայ ապրիլը։ Սակայն հայութեան մէջ ամենադժուարը սաղիմահայ ըլլալն է… Այս բանը իրենց մաշկին վրայ լաւ զգացած են բոլոր ժամանակներու սաղիմահայերը, որովհետեւ մեր պայքարը միայն լեզու եւ հաւատք պահելը չէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Նուրհան Սուճուեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։
Համայնքային շրջանակները այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ ժամադրուած են՝ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան համար:
Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը բոլոր սաները շարժման կ՚անցընէ եւ բացառիկ ջանքեր կը գործադրէ՝ պատմական դպրոցի ապահոված յաջողութեան բարձր նշաձողը տեւականացնելու նպատակով:
Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան եւ Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ երէկ Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցան՝ Ընտանիքի եւ ընկերային ծառայութիւններու նախարար Մահինուր Էօզտեմիր Կէօքթաշի հետ։
Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Անթիլիասի այն հոգեւորականներուն հետ, որոնք կը պաշտօնավարեն Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որու ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։
Այսօր բովանդակ Թուրքիան հերթական անգամ կ՚ոգեկոչէ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը։ Իր մահուան 85-րդ տարելիցին առթիւ ամբողջ երկիրը կը խոնարհի իր անանց յիշատակին առջեւ ու կը վերանորոգէ անոր նկատմամբ անսահման երախտագիտական զգացումները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, ըստ էութեան, կոչուած է իր նմաններուն օգնելու, քանի որ մարդ ստեղծուած է յատկութիւններով, կարողութիւններով։ Բայց այս յատկութիւնները եւ կարողութիւնները ամէն մարդու նոյն չափով չէ տրուած, այսինքն՝ թերութիւններով եւ անկատարութիւններով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մինչեւ այսօր խօսեցանք զանազան հարցերու մասին, սակայն ընտանիքի անդամներուն միջեւ խտրութեան հարցը միւս բոլոր հարցերէն աւելի առաջնահերթ ու կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ այս երեւոյթը շատ աւելի մեծ վէրքեր կրնայ յառաջացնել՝ քան միւս բոլոր երեւոյթները:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Իրավիճակներու յարմարուելու համատեսքին մէջ ուրախութեան արցունքներու, յետթրաւմայի ճնշումի խանգարման եւ ցուրտ միջավայրէն տաք միջավայրի անցնելու ժամանակ մսելու պատճառները շատ նման են: Թէ ինչպէ՞ս։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յաճախ մարդիկ կը հարցնեն, թէ կարելի՞ է աղօթել հանգուցեալի մը համար, որ իր կեանքը աւարտած է այլեւս, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք որ այդքան ալ առաքինի ու քրիստոնէական կեանքով չէ ապրած:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հոկտեմբերեան վերջին եւ տաք կիրակի օր մըն էր: Իբրեւ սովորական հաւատացեալ եւ մանաւանդ քահանայի թոռ, որոշած էի անպայման եկեղեցի երթալ: Այր եւ կին նախընտրեցինք Ս. Աստուածածինը: Սանկ մեր յարկաբաժնի մօտերը «կանգնած», հպարտ եւ սլացիկ եկեղեցին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1995 թուականի մարտի 27-ին աշխարհը ցնցեց սպանութիւն մը. իր գրասենեակի աստիճաններուն վրայ վարձու մարդասպանի կողմէ գնդակահարուեցաւ իտալացի գործարար, «Կուչի» նորաձեւութեան հանրահռչակ տան ղեկավար՝ Մաուրիցիօ Կուչին: