Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Արեւմտահայուն եւ արեւելահայուն բախումը սկիզբ առաւ այն ժամանակ, երբ սփիւռքը հայրենիքին, իսկ հայրենիքը՝ սփիւռքին օգնութեան կարիքը ունէր. դժոխքը հարազատ աչքերով տեսած արեւմտահայը իր վէրքերը բուժելու եւ ցաւերը սփոփելու համար հայրենիքի աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը ունէր, իսկ հայրենիքը իր կարգին վերածաղկելու համար կարօտութիւնը ունէր սփիւռքին:
Հայաստանը Վենետիկի արուեստի 60-րդ յոբելենական պիէնալին կը մասնակցի պետական մակարդակով:
Հայկական տաղաւարին մէջ պիտի ներկայացուի Նինա Խեմչեանի «Արձագանգ» բազմաշերտ մուլթիմետիա նախագիծը:
Ուաշինկթըն կը նախատեսէ 52 միլիոն ամերիկեան տոլար յատկացնել Երեւանին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան արտաքին աջակցութեան գրասենեակի փոխ-տնօրէն Թրէյսի Քարսոն յայտնեց, որ այդ միջոցները՝ մասնաւորապէս նախատեսուած են Հայաստանի տնտեսութեան եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման համար։
«Արեւմուտքը հետամուտ՝ Երեւանը գործիք դարձնել Մոսկուայի դէմ որդեգրած քաղաքականութեան»:
Հնդկաստան ռազմավարական կարեւորութեամբ արտածումներու համար օդային միջանցք մը կը ստեղծէ դէպի Հայաստան:
Ազգային պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս բարձր մակարդակի վրայ ուշագրաւ ժամադրութիւն:
Եաշար Կիւլէր, Հաքան Ֆիտան եւ Իպրահիմ Քալըն արժեւորեցին երկրի անվտանգային օրակարգի հրատապ հարցերը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ «Որեւէ քննարկման ժամանակ խօսք չէ եղած ու չի կրնար ըլլալ Տաւուշի մարզի որեւէ գիւղ յանձնելու մասին», յայտարարեց վարչապետը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի երեսուներրորդ օրն է:
Մեր Հաւատքի Հայր եւ Երկրորդ Լուսաւորիչ Սուրբ Գրիգորը, այսպէս կը գրէ. «Պահքը ախտերու ծովածուփ ալիքին դէմ խաղաղ նաւահանգիստ մըն է եւ ամէն վտանգէ ազատ պահելով՝ կեանքի նաւահանգիստ կը հասցնէ»:
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն խումբ մը վերջերս այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Ներկայիս եւ մօտաւոր անցեալին դպրոցէն ներս ճատրակի աշխատանքներու մասնակիցներէն բաղկացեալ այս խումբը գլխաւորեց տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց՝ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Կէօքհան Եիւքսէլը։ Իշխանական թեկնածուի ընկերակից խումբին մաս կը կազմէր նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կար ու չկար երկիր մը կար,
Որ իր ծնունդով էր միշտ կոչուած,
Հայաստան երկիր դրախտավայր,
Եւ որ ունէր երազ, ե՛ւ հաւատք, ե՛ւ իտէալ։
Եշիլգիւղի սանուց միութեան թատերախումբը այս տարի գեղարուեստասէրներուն կը ներկայացնէ զաւեշտ մը, որ կը կոչուի «Eyvah Yine Karıştı»։ Երկու արարներէ բաղկացեալ այս զաւեշտին հեղինակն է Քլոտ Մանյէ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի քսանիններորդ օրն է:
Շատեր կրնան հարցնել, թէ ի՞նչ է պահեցողութեան նպատակը: Այս հարցումը ո՛չ միայն պահքին կասկածամտութեամբ մօտեցողները, կամ ընդհանրապէս պահքը չընդունողները կու տան, այլ առաւել եւս, պահեցողները, մանաւանդ անոնք, որոնք քայլ առ քայլ կը սկսին աճիլ հոգեւոր կեանքին մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լրացաւ մահուան 275-ամեակը Հայ Կաթողիկէ եկեղեցական գործիչ, հայագէտ, Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացիի: Ինչպէս ծանօթ է՝ ան մահացած է Սուրբ Ղազար կղզիի իր կառուցած վանքին մէջ՝ 73 տարեկան հասակին:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Սէրը համաշխարհային մշակոյթի եւ արուեստի հիմնարար նիւթերէն մին է։ Սիրոյ մասին մտորումները, անոր վերլուծութիւնը արտացոլած է՝ նոյնիսկ հնագոյն փիլիսոփայական համակարգերուն եւ գեղարուեստական յուշարձաններուն վրայ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մեր յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ են Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին կողմէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին յղուած պատգամները, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի հետ սահմանային հարցերուն։ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովին մասնակցելէ եւ այնտեղի բարձր մակարդակի հանդիպումէն վերջ Ալիեւ փութացած էր Անգարա, ուր հանդիպում մը ունեցած էր Էրտողանին հետ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւատալ՝ գործնականօրէն կը նշանակէ վստահի՛լ։ Ուստի Աստուծոյ հաւատալ՝ համազօր է Անոր վստահելու, անտարակոյս, աներկբայ եւ անվարան կերպով։ Արդարեւ, երբ մարդ ունի վստահելի եւ ամենակարող Հայր մը, այլեւս մէկ կողմ կը թողու բոլոր մտահոգութիւնները, բոլոր տարակոյսները եւ կասկածները։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր գրութիւններուն մէջ յաճախ կ՚ըսենք, որ պէտք է կարդալ հիները, ո՛չ թէ որովհետեւ «նոր»երը տալիք կամ «ըսելիք» չունին, այլ պարզ այն պատճառով, որ հակառակ ժամանակներու փոփոխութեան շատ անգամ անցեալը հայելին կը դառնայ ներկային, որովհետեւ ինչպէս գիտենք, պատմութիւնը ինքզինք կրնկելու ոչ դրական սովորութիւն մը ունի:
Հռչակաւոր դաշնակահար եւ երաժիշտ Շահան Արծրունիի գործունէութիւնը միշտ անակնկալներ կը վերապահէ երաժշտասէրներուն։ Անոնք, որոնք Շահան Արծրունիի նուագահանդէսներուն կը մասնակցին, անակնկալի չեն մատնուիր միայն իրենց հաղորդ դարձած արուեստի որակին ու մակարդակին տեսակէտէ։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին մասին։ Զուիցերական հեռուստաընկերութեան մը տուած հարցազրոյցին մէջ Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց, որպէսզի Ուքրայնա քաջութիւն ունենայ սպիտակ դրօշ պարզելու եւ բանակցելու։
Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան որոնումները կ՚ընթանան իրերամերժ ազդեցութեան պայքարներով եւ խաղաքարտերով:
Ատրպէյեան Հայաստանէն պահանջեց անյապաղ վերադարձնել Տաւուշի մարզի սահմանամերձ չորս գիւղերը: Երեւան եւ Թեհրան կրկնեցին զգայնութիւնը միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անձեռնմխելիութեան գծով: Լոնտոն Մոսկուայի սպառնալիքներուն դէմ զօրակցութիւն կը յայտնէ հայկական կողմին: