Արխիւ
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Սփիւռքի մեր մշակութային իրականութեան մէջ յաճախ ու տարբեր ժամանակաշրջաններու հանդիպած ենք «վերնատուններու», որոնք ակամայ արտացոլած են հայ մշակութային եւ տեղ մըն ալ ընկերային ու հասարակական կեանքին երանգները, ուղղուածութիւնները, անցուդարձը, միտումները եւ այլն…
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կու տայ սիրտի մաքրութիւնը մարդուն:
Պատասխան. Առակացի մէջ կը կարդանք. «Սիրտի մաքրութիւն սիրողին շրթունքներուն վրայ շնորհք կայ ու թագաւորը անոր բարեկամ կ՚ըլլայ» (Առ 22.11):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ըստ եկեղեցական իրաւաբանութեան՝ «նշանադրութիւն» կը նշանակէ պսակուելէ առաջ երկու կողմի համաձայնութեամբ կայացուած վճիռը՝ որով կը յայտարարուի ոեւէ աղջիկ «նշանած» տղու մը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր ազգի խնդիրները լուծելու լաւագոյն ձեւը Պապի անսխալականութեան հասկացողութենէն դուրս գալն է, որովհետեւ ազգովին ունինք այն կարծիքը, թէ մեր ղեկավարները անսխալական են. անոնց այս կամ այն գործը քննադատելը սրբագրութիւն որպէս դիտուելու փոխարէն կ՚ընկալուի որպէս «դաւաճանութիւն». քննադատողը յանկարծ կը դառնայ ժողովուրդին թշնամին եւ կը հալածուի:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնի վարչամեքենայի եւ արտասահմանեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հաւաքը:
Դիլիջանի մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ ծաւալուն խորհրդակցութիւն՝ Երեւանի որդեգրած առաջնահերթութիւններուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ:
Իսրայէլի «The Jerusalem Post» հեղինակաւոր օրաթերթին մէջ այսօր լոյս տեսած է ուշագրաւ յօդուած մը՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիմագրաւած առկայ հարցերուն շուրջ։ Նատաւ Թամիրի ստորագրութեամբ հրապարակուած է յօդուածը, որուն մէջ հրատապ կոչ կ՚ուղղուի Հին Քաղաքի Հայկական թաղամասի պաշտպանութեան համար։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Հայաստանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան անմենայն պարզութեամբ յայտարարեց՝ այն ինչ, որ բոլորը գիտէին, սակայն, չէին յանդգներ բացէ ի բաց ու բարձրաձայն յայտարարել։ Առանց Փութինի կանաչ լոյսին՝ Ատրպէյճան պիտի չհամարձակէր յարձակիլ Արցախի վրայ եւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին չսկսէր։
Անգարա-Դամասկոս առանցքին վրայ ակնկալուած բնականոնացման գործընթացին թափը դարձեալ իջած է։ Թուրքիա եւ Սուրիա բաւական կը դժուարանան հարթելու համար իրենց խնդիրները։
Իրան բանակցութիւնները պիտի շարունակէ՝ իր դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու վերացման համար:
Հաքան Ֆիտան-Ապպաս Արաղչի-Ճէյհուն Պայրամով հեռախօսազրոյցներ՝ տրածաշրջանի հրատապ իրադրութեան մէջ:
ՀԲԸՄ-ի նախագահը նամակ մը ուղարկեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարին:
Պերճ Սեդրակեան Էնթընի Պլինքընէն պահանջեց ապահովել՝ Պաքուի հայ պատանդ եւ գերիներու ազատ արձակուիլը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տ. Վիգէն Արք. Այգազեանին հետ 22 օգոստոս 2024-ին կարճատեւ հանդիպում մը ունեցայ: Սրբազան հայրը փափաք յայտնեց երեկոյեան հանդիպիլ Երեւանի մէջ՝ մեզի ընկերակից ունենալով թերթիս երիտասարդ սիւնակագիրներէն Հրայր Տաղլեանը:
Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի կազմը ձեռնունայն վերադարձաւ Մենչըսթըրէն, ուր Եւրոպայի ախոյեաններու լիկի նախաորակաւորման փուլի հանդիպումներուն մասնակցեցաւ՝ որպէս Թուրքիոյ ներկայացուցիչը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Դիմակայելու համար ռազմաճակատին վրայ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին սկսած է փրկութեան լաստօղակներ որոնել։ Այդ առումով ալ ներկայ փուլին կարծէք, թէ ամենանպատակայարմար ձեւը Հարաւային Կովկասի մեծ նաւուն գործերը կարգի բերելն է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պատմութենէն ծանօթ է, որ հայ մեծագոյն բարերար Ալեքսանդր Մանթաշեանց (Մանթաշով) իր բարերարութիւնները չէ խնայած նաեւ հայ մշակոյթի, արուեստի, կրթութեան գործիչներու համար: Գիտնալով որ Կոմիտասը սեփական դաշնամուր չունի, ան կարգադրած է, որ Գերմանիայէն անոր համար բերուի երաժշտական գործիք մը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Գիտնականները յեղափոխական յայտնագործութիւն կատարած են Խաղաղական ովկիանոսի հիւսիսին գտնուող Քլարիոն-Քլիփըրթըն շրջանին մէջ։ Պարզուած է, որ Խաղաղական ովկիանոսի խորքին տեղակայուած մետաղական հանգոյցները «մութ թթուածին» կ՚արտադրեն առանց լոյսի եւ կենդանի օրկանիզմներու օգնութեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքը պարտի յարգուիլ եւ բացարձակ կերպով պաշտպանուիլ յղութեան վայրկեանէն սկսեալ։ Իր գոյութեան առաջին րոպէին իսկ, պէ՛տք է մարդկային էակը «անձ» ըլլալու իրաւունքները վայելէ, որոնց շարքին՝ ամէն անմեղ արարածի կեանքի անբռնաբարելի իրաւունքը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի օր առաջ հայրենիքի մէջ մեր աշխատակիցներէն Վարանդ Քորթմոսեանի հետ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցանք՝ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեանի եւ բանաստեղծուհի Անուշ Նագգաշեանի հետ. մեզ մէկտեղողը ԺԱՄԱՆԱԿ-ն էր ու հայ գրականութեան, հայ ազգին հանդէպ մեր ունեցած սէրն ու մտահոգութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհի եւ մարդուն ծագումին մասին արծարծուած հարցը, առարկան է գիտական բազմաթիւ հետազօտութիւններու՝ որոնք շքեղօրէն ճոխացուցած են մարդուս ճանաչումները եւ տեղեկութիւնը տիեզերքի տարիքին եւ տարածքին մասին, կենդանական տեսակներու լինելութեան մասին եւ, վերջապէս մարդուն երեւումին մասին
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ծանօթ բարեկամ մը տարի մը առաջ պաշտօնով եկաւ Հայաստան եւ դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի պաշտօնեայ. այս գրասենեակը եկաւ փոխարինել ժամանակին յայտնի «Սփիւռքի նախարարութիւն»ը, որ լուծարուեցաւ 2019 թուականին: