Արխիւ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մարտի 8-ի՝ Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ հրապարակեց շնորհաւորական պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի քսանվեցերորդ օրն է:
«Սուրբ պահեցողութեան ճամբորդութեան ընթացքին, մեր Փրկիչը քայլ առ քայլ կ՚ընկերակցի մեզի, որպէսզի խորհինք մեզմէ իւրաքանչիւրին նկատմամբ իր ունեցած անսահման սիրոյ մասին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կասկածէ վեր է, որ Ուքրայնայի բանակը՝ մասնաւորապէս կարգ մը սահմանամերձ հատուածներուն մէջ, մեծ նահանջներու դէմ յանդիման է։
Ուքրայնայի տարածքին մէջ ռուսական զօրքը ո՛չ միայն յաջողութիւններու կը հասնի, այլեւ իր տիրապետութեան տակ կ՚առնէ ռազմավարական նշանակութեամբ շրջաններ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կանանց միջազգային օրը, որ հնարաւորութիւն մըն է յիշելու, թէ կիներու իրաւունքները ինչպէ՛ս հասած են մինչ օրս, ամէն տարի կը նշուի զանազան միջոցառումներով, ցոյցերով եւ կազմակերպութիւններով։ Իսկ Կանանց միջազգային օրը ի՞նչ նշանակութիւն ունի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եւ իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց Մեզի». (ԵՓԵՍ. Դ 32)։
Ներել, ներողամիտ ըլլալ… այնքան աստուածահաճոյ արարք մըն է, բայց նոյնքան ալ դժուար եւ հակառակ՝ մարդկային բնութեան, մանաւանդ եսամոլ եւ ինքնակեդրոն նկարագիր ունեցողներու համար։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի ոճրագործը՝ Օկիւն Սամաստ երէկ դատուեցաւ՝ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան անունով յանցագործութիւն կատարած ըլլալու բերումով։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի քսանհինգերորդ օրն է:
Մեր հաւատքի Հայր եւ երկրորդ Լուսաւորիչ՝ Սուրբ Գրիգորը պահքի մասին այսպէս կը գրէ. «Պահքը հզօր պարիսպ եւ ամուր դուռ է, որ կը խափանէ խորամանկ թշնամիին մուտքը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լրացաւ անուանի հայ ջութակահարուհի Անահիտ Աճէմեանի 100-ամեակը: Նշանաւոր Աճէմեան երաժիշտ քոյրերէն պզտիկն է Անահիտ Աճէմեան, որ համաշխարհային փառքի արժանացած է իր դաշնակահարուհի քրոջ հետ եւ ամուր տեղ գրաւած՝ 20-րդ դարու աղեղնային արուեստի պատմութեան մէջ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամենէն վերջը սեղան բերուեցաւ օրուան հաւաքը իմաստաւորողը՝ հինգ փոքր, գունաւոր եւ վառուած մոմերով զարդարուած տարեդարձի կարկանդակը։
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պաշտօնական ամսաթերթի՝ «Սիոն» նոր շրջանի առաջին տարիի 3-րդ թիւի (մարտ 1927, էջ 65-68) խմբագրականէն հատուածներ Մեծ պահքի մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գործք Առաքելոցին մէջ շատ հետաքրքրական դէպք մը կը պատմուի՝ այն ինչ որ՝ ոչ մէկ բան գաղտնի կը մնայ, եւ ի վերջոյ կը յայտնուի, եւ ճշմարտութիւնը երեւան կու գայ եւ ըստ այնմ հատուցում կ՚ըլլայ։ Արդարեւ, ճշմարտութեան բնութիւնն է ի վերջոյ երեւան գալ եւ յայտնուիլ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատմութիւնը մեծագոյն վկան է, որ Հայ Եկեղեցին դարեր շարունակ հոգեւորին կողքին (գուցէ նաեւ հոգեւորէն շա՛տ աւելի) ընդարձակ աշխատանք տարած է հայ գրականութեան, երաժշտութեան եւ մշակոյթին համար. այսօր «հայրենասէր»ի տարած հագած շատ մը երախտամոռաց մարդիկ կը քննադատեն եկեղեցին, նոյնիսկ կ՚ատեն՝ մոռնալով որ հայկական ամէ՛ն արժէքի խորերը, որպէս սիւն կը յայտնուի հայոց եկեղեցին. գրականութիւնը, երաժշտութիւնը, լեզուն, մշակոյթը եւ ի՛նչ որ կարելի է յիշել որպէս արժէք, դարեր շարունակ պահպանուած ու զարգացած է եկեղեցւոյ կողմէ:
Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիսատեպեց Մեծ պահքի շրջանի Միջինքին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր ճարտարագէտներէն Նազար Շիկահեր վերջերս արժանացած է կարեւոր մրցանակի մը։ Այսպէս, Թուրքիոյ «Elle Decoration» պարբերաթերթին կողմէ կազմակերպուած «EDIDA 2024»ի շրջանակներէն ներս Նազար Շիկահերին տրուած է մրցանակ մը։
ՃՀՓ-ի կողմէ Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Ռեսուլ Էմրահ Շահան երէկ երեկոյեան Շիշլիի «Radisson Blu» պանդոկին մէջ ընթրիքի սեղանին շուրջ համախմբուեցաւ փոքրամասնութիւններու շրջանակներէ ներկայացուցիչներու հետ։
ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Կէօքհան Եիւքսէլ երէկ առաւօտ Շիշլիի «Radisson Blu» պանդոկին մէջ նախաճաշի սեղանի մը շուրջ մէկտեղուեցաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Հարաւային Կովկասի իրադրութեան պայմաններով Երեւան-Թեհրան առանցքին վրայ համագործակցութիւնը թափով կը շարունակուի՝ ընդգրկելով նաեւ պաշտպանութեան բնագաւառը։ Երէկ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այցելեց Իրան, ուր հիւրընկալուեցաւ ոլորտի բարձր պատասխանատուներուն կողմէ։
Իլհամ Ալիեւ. «Ատրպէյճան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները հասած են որակական նոր մակարդակի մը»:
Անգարա-Պաքու-Մոսկուա առանցքին վրայ կարեւոր շփումներ, որոնք կը պայմանաւորեն Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը:
Յառաջիկային պիտի կազմակերպուի Հայաստան-Եգիպտոս միջկառավարական յանձնաժողովին նիստը:
Նիկոլ Փաշինեան գործարարներուն. «Մեր նպատակն է բարձր թեքնոլոժիով տնտեսութեան տէր երկիր մը ունենալ»:
Էրտողան. «Արեւմուտքին ալ աջակցութեամբ, Նեթանիյահու ակնյայտ ցեղասպանութիւն մը կը կատարէ»:
Հանրապետութեան նախագահը Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Պաղեստինի Ինքնավարութեան ղեկավարը: