Արխիւ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Հայկական կողմը շատ սահմանափակ տեղեկութիւններ հաղորդեց զրոյցի բովանդակութեան շուրջ, իսկ թրքական պաշտօնական աղբիւրները որեւէ հաղորդում չըրին:
Երէկ, Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան տարեդարձն էր։ Արդէն կարեւոր ալ չէ, թէ քանի տարի առաջ ծնած էր ան, որովհետեւ Կոմիտասը վաղուց անժամանցելի ու մշտական ներկայութիւն դարձած է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, նաեւ երաժշտական աշխարհէն ներս։
Արցախի հայութիւնը ողբերգական պայմաններով կը շարունակէ լքել հայրենիքը։ Արդէն 4-5 օրէ ի վեր տարհանումը կը շարունակուի։ Ըստ վերջին տուեալներուն, ցարդ Արցախէն 47 հազար 115 հայ անցած է Հայաստան։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ Նախիջեւանէ վերադարձի ճանապարհին կատարուած յայտարարութիւններու լոյսին տակ:
Թուրքիա Ատրպէյճանի հետ թանտեմը այնպիսի մակարդակի մը հասցուցած է, որ այլեւս Ռուսաստանի հետ առաջուան նման որակով համագործակցելու պէտք չունի՝ Հարաւային Կովկասը տոմինասիոնի տակ պահելու համար:
«Զանգեզուրի միջանցք» բանաձեւումին պարունակութիւնը պիտի բիւրեղանայ յառաջիկայ իրադարձութիւններով, ինչ որ պիտի պայմանաւորէ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւնները:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Նուրհան Տավուլճեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Վիեննայի համալսարանի 32 աստուածաբան ուսանողները՝ գլխաւորութեամբ Ծիսագիտութեան Աստուածաբանական ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Ֆոյլնէրի։
Կեդրոնական վարժարանէն խումբ մը սաներ եւ իրենց ուսուցիչները այցելեցին «Mamut Limited Vol.1», որ համանուն գեղարուեստական ծրագրի թուային հարթակն է։ Տղաքը «Պոմոնթիատա»ի համալիրէն ներս հետաքրքրական շրջայց մը կատարեցին։
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սիֆիլիսով վարակուելու ձեւերը: Սիֆիլիսի արտայայտութիւնները. անոր խաղացած դերը ամուսնութեան մէջ: Հիւանդին սպառնացող վտանգը: Ընտանիքին սպառնացող վտանգը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վատթարացուցիչ հիւանդութիւն մը՝ որ ջղային դրութեանս մէջ է», ըսաւ պաղարիւնութեամբ։ «Բժիշկները ըսին, թէ մահացու է եւ յոյս չկայ եւ պիտի կորսնցնէի թեւերուս եւ սրունքներուս գործածութիւնը մինչ քաղցկեղը կը տարածուէր մարմնիս մէջ, բայց ես վերսկսած եմ գործածել թեւերս եւ սրունքներս»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Որպէսզի շփոթութիւն չըլլայ, յայտնենք, որ Պաղտասար Դպիրէն առաջ վստահաբար եղած են քերականութեան հետ կապուած աշխատութիւններ. տպագիր ամենէն հին օրինակներէն մէկն է լեզուաբան, մշակութային գործիչ եւ հրատարակիչ Ոսկան Երեւանցի «Քերականութիւն»ը, որ հրատարակուած է 1666 թուականին։
Թրքական մտաւորական աշխարհը երէկ ցնցուեցաւ ծանր կորուստով մը. ոչ եւս է Հըֆզը Թոփուզ, որ կեանքէ հեռացաւ 100 տարեկան հասակին։ Հըֆզը Թոփուզ մտաւորական աշխարհէ ներս վառ անհատականութիւն մըն էր, լրագրող-հրապարակագիր, սակայն բաւական ծաւալուն իմաստով։
«Խնդրած եմ՝ անձամբ փոխանցել Միացեալ Նահանգներու եւ իմ վարչակազմի ուժեղ աջակցութիւնը Հայաստանի ձգտման՝ դէպի արժանապատիւ ու կայուն տարածաշրջանային խաղաղութիւն, ինչ որ կ՚երաշխաւորէ ձեր ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը»:
Սեմենթա Փաուէր Երեւանի մէջ երէկ լրատուամիջոցներուն յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն ունի բաւարար միջոցներ՝ Պաքուի հաւանական ոտնձգութիւնները զսպելու համար:
Անգարա-Պաքու դաշնակցային գործակցութիւնը կը պայմանաւորէ Հարաւային Կովկասի նոր պատկերը:
Էրտողան եւ Ալիեւ Նախիջեւանի մէջ հերթական անգամ անդրադարձան Զանգեզուրի միջանցքի բացման: Թուրքիա եւ Ատրպէյճան շատ աւելի համարձակ կ՚արտայայտեն իրենց ձգտումը: Հայաստանին վերստին կոչ՝ խաղաղութեան համար:
Արցախէն բնիկ հայերու տարհանումը կը շարունակուի։ Ողբերգական դրուագները իսկապէս սրտի ճմլում կը պատճառեն ամբողջ հայութեան։ Տեղահանութեան սկսած ժամանակ պաշտօնական աղբիւրները աւելի յստակ վիճակագրութիւններ կը հաղորդէին, սակայն ներկայիս գաղթը այնպէս մը թափ հաւաքած է, որ տուեալներու համադրումը, ըստ երեւոյթին, բաւական դժուար է։
Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին առթիւ Վատիկանի մէջ նախատեսուած էքիւմենիք ձեռնարկներու ժամանակացոյցը երէկ արդէն պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արցախի կառավարութիւնը յայտարարած է, որ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահ զօրախումբին ուղեկցութեամբ իրականացնելու սկսած է Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան ընտանիքներու տեղափոխում:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Կարելի է նշել նաեւ այլ ոլորտներ, բայց անխուսափելի է շեշտը դնել ծառայողական եւ առեւտուրի մշակոյթի բնագաւառները, որոնց մէջ վարպետ եւ հմուտ կը համարուին սուրիահայերը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչի՞ կը տանին հպարտութիւնն ու խոնարհութիւնը:
Պատասխան. Առակաց 18.12-ին մէջ կը կարդանք. «Կործանումէն առաջ մարդուն սիրտը կը հպարտանայ, բայց փառքին առջեւէն խոնարհութիւնը կ՚երթայ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը պատմուի, թէ բժիշկները հիւանդի մը կ՚ըսէին, որ քաղցկեղէ վարակուած է եւ պիտի մեռնի՛։ Բժիշկը հիւանդին կ՚ըսէ գործողութենէն ետք.- Վագրը վանդակէն դո՛ւրս ելած է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մամուլի ճամբով աշխարհաբար լեզուն կոկուեցաւ, սակայն կար հիմնական հարց մը. քերականութեան պակասը: Շատեր կը փորձէին գրաբարի քերականութեան հիման վրայ աշխարհաբար լեզուն գործածել, ինչ որ մեծ դժուարութիւններ կը յառաջացնէր: