Արխիւ
Մայրենի լեզուի համաշխարհային օրուան առթիւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ փայլուն հանդէս մը։ Սա խորքին մէջ միջվարժարանային ձեռնարկ մըն էր՝ քանի համայնքային այլ դպրոցներէ սաներ եւ կրթական մշակներ ալ մասնակցութիւն բերին՝ Օրթագիւղի ընտանիքի պատասխանատուներուն առընթեր։
Շիշլի մարզակումբի մարզիկները բոլոր ճիւղերուն մէջ կը շարունակեն իրենց մրցակցութիւնը։ Թէ՛ անհատական եւ թէ խմբային մարզաձեւերու մէջ ակումբին կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնները արդէն կայուն հունի մը մէջ են։
Համայնքային շրջանակները վերջին օրերուն կը սգան ցաւալի եւ անժամանակ կորուստը՝ թրքահայութեան այնքան համակրելի ու երեւելի դէմքերէն Արարատ Մօրի, որու յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը։
Միջմիութենական նարտի մրցաշարքը համայնքային շրջանակներէն ներս վերջերս անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ եւ մեծ ոգեւորութեան թատերաբեմը դարձաւ։ Այս տարի 26-րդ անգամ կազմակերպուած մրցաշարքը արդէն վերահաստատուեցաւ՝ հոգելոյս Մուրատ Քէյիշօղլուի անունով։
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ձայն. Բարեւ… Էլիթ սրճարան: Այստեղ Նիւ Եորքն է: Ես արաբ Էյուպը կ՚ուզեմ:
Էյուպ. Կը լսեմ:
Ձայնը. Ես դոկտոր Խավիեր Պերես տէ Կույլարն1 եմ, չճանչցա՞ր զիս:
Էյուպ. Ցաւօք, ո՛չ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աւելի՛ երջանկաբեր է տալը, քան առնելը». (ԳՈՐԾ. Ի 35)։ Մարդուս կեանքը, ընդհանրապէս հաստատուած է նիւթական եւ հոգեկան առեւտուրերու վրայ, քանի որ մարդ՝ որպէս անհատ ընկերային արարած մըն է եւ անոր կեանքը մեծ մասամբ կախում ունի մէկզմէկու կեանքէն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բազմաթիւ հայերու համար այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երթալն ու այդտեղ կայք հաստատելը որքան ալ տենչալի ըլլալ թուի, անցեալին այդպէս չէր՝ մանաւանդ ամերիկահայ գաղութի առաջին գաղթականներուն համար:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը:
Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով՝ Վատիկանի Արեւելեան կաթոլիկ եկեղեցիներու քահանայապետական գրասենեակի ղեկավար կարտինալ Քլաոտիօ Կուչերոթթի Հայաստան կ՚այցելէ: Մայր տաճարի օծումը օրակարգի վրայ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի տասներորդ օրն է:
Երէկ խօսեցանք Տէր Յիսուսի ծոմապահութեան մասին, ապա եկեղեցւոյ հայրերէն հատուածներ մէջբերեցինք այդ ուղղութեամբ: Այսօր, մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի բացատրութիւնները այս մասին:
Փաշինեան Միշէլի հետ հեռախօսազրոյց ունեցաւ՝ Ալիեւի հետ հանդիպումէն անմիջապէս վերջ:
Ըստ վերլուծաբաններու՝ Անգլիա կ՚ուզէ Հայաստանը ներքաշել Իրանի դէմ խաղին, իսկ միջանցքի հարցին շուրջ առաջինը Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը դէմ են, որ Ռուսաստանի կողմէ վերահսկուի իրենց հաղորդակցութիւնը:
Հայկական դասական երաժշտութեան բացառիկ երեկոյթ մը՝ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ:
Արթիւր Պաղտասարեան, Տիանա Յարութիւնեան եւ Մարգարիտ Սարգսեան արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու:
Նացիներու կողմէ գնդակահարման 80-րդ տարելիցին պատմական արարողութիւն: Նախագահ Մաքրոն վերայուղարկման առթիւ կը դամբանախօսէ, հրաւիրուած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան:
Հայաստան հետամուտ՝ անվտանգութեան ու պաշտպանութեան համապարփակ համակարգ մը հաստատելու:
«Միւնիխի մէջ վերահաստատուեցաւ Փրակի եւ Պրիւքսէլի պայմանաւորուածութիւններուն նկատմամբ հաւատարմութիւնը»:
Անգարա ամբողջ տարածաշրջանին տեսակէտէ հեռանկարային կը նկատէ Երեւան-Պաքու համաձայնութիւնը:
Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կոչ ուղղեց, որպէսզի երրորդ կողմեր չխանգարեն Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական աշխարհի արժէքաւոր ու հեղինակաւոր տարրերէն մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեանի նախաձեռնութեամբ այս օրերուն քաղաքիս մէջ տեղի կ՚ունենան երկու համերգներ։ Արթիւր Պաղտասարեան այս շրջանին մեր երաժշտասէրներուն համար հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ հայկական դասական երաժշտութիւնը ըմբոշխնելու թէ՛ որպէս մենակատար եւ թէ որպէս կազմակերպիչ։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը վերջերս հանդէս եկաւ միջվարժարանային մարզական նախաձեռնութիւնով մը, որ երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Այսպէս, Տատեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ եռօրեայ՝ ֆութսալի եւ վոլէյպոլի մրցաշարք մը։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը կը յորդորէ պատշաճօրէն արձագանգել անցանկալի երեւոյթներուն:
Նորին Սրբութիւնը կը կարեւորէ սփիւռքի մէջ հոգեւորականներու գործուն մասնակցութիւնը հայորդիներու կրթութեան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի իններորդ օրն է:
Մեզմէ շատեր կը հարցնեն, թէ Տէր Յիսուս ինչո՞ւ քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութիւն ըրաւ եւ յետոյ միայն անօթեցաւ: Ի՞նչ իմաստ ունի քառասուն թիւը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանայ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ երեկոյեան ժամերուն, Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով մեկնեցաւ Հայաստան։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Ամէն առտու դպրոցի ճամբուս վրայ կը հանդիպէի թռչուններուն հացի փշրանքներ բաժնող մարդուն։ Այդ արարողութիւնը բանաստեղծութիւն ըլլար կարծես։ Կը նկատէի նաեւ, որ շրթունքները գոհունակութեան բառեր կը մրմնջային, փառք կու տար Աստուծոյ, որ իր առօրեայ հացէն կրցած էր բաժին հանել նաեւ թռչուններուն...