Արխիւ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ հերթական բանակցութիւններ: Սերտար Քըլըչ քննարկումներ ծաւալեց Ռուբէն Ռուբինեանի հետ, նաեւ ընդունուեցաւ Արարատ Միրզոյեանի կողմէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ։ Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար». (ԳԱՂԱՏ. Զ 14)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գիր գրականութիւնը, յօդուածագրութիւնն ու վիպագրութիւնը շատերու համար լոկ բառերու եւ գաղափարներու ամբողջութիւն մը կրնայ թուիլ, սակայն, այդ մէկը գրողի մը համար կրնայ շատ անգամ լքուած հոգիի մը աղաղակները ըլլալ, որ շատ անգամ ընթերցողին համար կրնայ անթափանց մնալ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Առաւելագոյնն ու նուազագոյնը, նաեւ անոնց ձգտման մարդկային յատկանիշութիւնը՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ, տարբեր հասկացողութիւններով առարկաներ են: Շատ մը պարագաներու առաւելապաշտութիւնը կրնայ ըլլալ արդարացի, օրինական ու բարոյական, իսկ ուրիշ պարագաներու ոչ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ձեռքերուս մէջ է Բերիոյ հայոց թեմի բարեջան եւ ժրաջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի թարգմանական մէկ նոր արգասիքը՝ «Հոգեւոր ըմբռնումներ»: Գիրքին հեղինակը Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ բարեյիշատակ հոգեւորականներէն՝ Իուանիս Եպիսկոպոսն է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իսրայէլ անցեալ երեքշաբթի թիրախաւորեց Քաթարը։ Աւելի ճիշդ է ըսել, որ Իսրայէլ ո՛չ թէ թիրախաւորեց Քաթարը, այլ Տոհա մեկնած «Համաս»ի բանակցութիւններու պատուիրակութեան գտնուած վայրը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այս օրերուն քաղաքիս մէջ կը գտնուի հայկական գիտական աշխարհի վառ ներկայացուցիչներէն փրոֆ. Ալպերթ Խառատեան, որ Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի Պատմութեան կաճառի սիւներէն մին է։
Համայնքային շրջանակները այս շաբաթավերջին ուրախակից են մեր ծանօթ եւ համակրելի ազգայիններէն Ազնիւ Մեծատուրեանին, որ ծառայասիրութեան, նուիրումի եւ հետեւողակա-նութեան կերպար մը կը մարմնաւորէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Արդարեւ, Ազնիւ Մեծատուրեան այսօր կը դառնայ 70 տարեկան։
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Խաչվերացի տօնին Հայ եկեղեցին վեր կը բարձրացնէ այն նշանը, որ մեր ժողովուրդը առաջնորդած է գիշեր ու ցերեկ, վիշտի եւ ուրախութեան, կեանքի ուղիներու մէջ ու մահուան եզրին։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հաշտուելու համար պէտք է երկու կողմի փափաքը։ Ատրպէյճանական ազգի ներկայացուցիչները մեր թշնամիները չեն։
Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կը շարունակէ հրապարակային խորհրդածութիւններով հանդէս գալ՝ երկրի հրատապ օրակարգի վերաբերեալ հարցերուն շուրջ։ Նախագահ Տէր-Պետրոսեան երէկ հերթական անգամ տեսակէտները հրապարակեց՝ իր առաջնորդած Հայ ազգային քոնկրէսի պաշտօնական կայքէջին վրայ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կանգ կ՚առնէ տարածաշրջանէ ներս երկարաժամկէտ կայունութեան հաստատման վրայ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը բարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալէ ՆԱԹՕ-ի մօտ հաւատարմագրուած անդամ երկիրներու դեսպանները:
Անգարա-Հռոմ համաձայնագիր՝ գաղթականներու հարցերով գործակցութեան շուրջ:
Թուրքիա եւ Իտալիա ուշադրութիւն կ՚ընծայեն Միջերկրականի անվտանգութեան նկատմամբ:
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու շրջանակներէն ներս այսօր արդէն տեղի կ՚ունենայ յատուկ ներկայացուցիչներու հերթական սպասուած հանդիպումը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Սեպտեմբերը շատերու համար փոփոխութիւններու ամիս մըն է։ Ամառը անցած է, արձակուրդները աւարտած են եւ երեխաները կը վերադառնան դասի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աստուծոյ վրայ մեր ունեցած վստահութեամբն է որ կ՚ըսենք այս բաները. վստահութիւն՝ որ Քրիստոս կու տայ մեզի։ Որովհետեւ բնաւ չենք խորհիր որ մենք մեր ուժերով այդպիսի գործ մը կրնանք ընել. այլ՝ Աստուած է որ այդ կարողութիւնը կու տայ մեզի», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (Բ ԿՈՐՆԹ. Գ 4-5)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բոլոր այն ամէնը՝ որ այսօր մեր շուրջ կը տեսնենք, ծնունդն են անձի մը գուցէ չգնահատուած յոգնութեան ու փորձերուն, որովհետեւ այսօր մեր շուրջ ինչ որ ունինք, նախ եղած է միտքի մը ծնունդը՝ որ զանազան զոհողութիւններով ու դժուարութիւններով վերածուած է իրականութեան:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը, որ իրեն ներկայացաւ համայնքային շրջանակներէն կամաւորներու խումբի մը հետ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Թէ՛ առաջ եւ թէ այսօր պատմաբանները, կարծես, կը նեղուին, երբ ոեւէ մէկը կողքէն կ՚արձանագրէ, որ իրենց գրած դասագիրքը կ՚արտացոլէ օրուայ իշխանութեան տեսակէտը։ Օրինակ, ժամանակին 2008-ի մարտի 1-ի իրադարձութիւններու համար դասագիրքերու մէջ ամբողջ մեղքը բարդուած էր ցուցարարներուն վրայ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին կանգ առին Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին ու Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններուն վրայ։