Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Միասին» հարթակի հիմնադիր Վարդան Գաբրիէլեան. «Սփիւռքը իմաստ չունի առանց Հայաստանի, ան չի կրնար գոյատեւել, եթէ հայրենիքը կեդրոնական ուղենիշ չնկատէ»:
Պետականակեդրոն ու համահայկական առանցքներ:
«Բարի կամքի դրեւորումը բաւարար չէ, պէտք է հաւաքական ուժ դառնալ եւ տեսլականի պակասը հիմնական խնդիր է։ 2040-ին ալ պէտք է ըլլա՞յ այնպէս՝ ինչպէս որ եղած էր 1960-ին, 1980-ին, 2000-ին կամ 2020-ին»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանցի սրճարանասէր հանրութիւնը մէկ ամսուան մէջ ականատես եղաւ արուեստի շունչով յագեցած երկու յայտնի քաղաքային սրճարաններու փակման…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքին մէջ բնազդական երկու զօրութիւն կայ՝ որոնք թէեւ ըստ երեւոյթին բարոյական էակին համար երկրորդական կարեւորութիւն ունենալ կը թուին եւ սակայն կեանքին պաշտպանութեան եւ տեւականութեան համար անհրաժեշտ պայմաններ են։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Արդէն աւելի քան երկու տարի, գրեթէ ամէ՛ն օր Երեւանի Ամիրեան փողոցի վրայ կը տեսնեմ տարեց կին մը, որ ամէ՛ն անցորդի ձեռքը երկարելով «մի պուճուր կ՚օգնէ՞ք» մը կը փսփսայ:
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը այս տարուան Սուրբ Ծնունդի պատգամին մէջ մաղթեց, որ թող մօտենայ Հայաստան-Ատրպէյճան վերջնական խաղաղութեան օրը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովին, որ կազմակերպուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ։
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան համալիրի Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ մէջ, կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծնունդի Ճրագալոյցին առթիւ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ։
Ամերիկահայ յայտնի գիտնական ու գործարար աշխարհահռչակ «Moderna» ընկերութեան համահիմնադիր եւ ազգային բարերար Նուպար Աֆէեան կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել՝ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի Պաքուի մէջ բանտարկուած ըլլալուն կապակցութեամբ։
Ամանորի ընդառաջ Թուրքիա կը սգայ Հիւսիսային Իրաքի մէջ նահատակուած զինուորներուն կորուստը:
Թուրք զինեալ ուժերը յամառ պայքարով ու մեծ զոհողութիւններով կը կատարեն իրենց բարդ առաջադրանքները:
Էսաեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Մարալ» երգի-պարի համոյթի Ամանորի խրախճանքը։ «Մարալ»ի մեծ ընտանիքը այս առթիւ համախմբուեցաւ բարձր տրամադրութեամբ։
«Չաղտաշ» ընկերութեան տարեվերջի ընթրիքը՝ Կայրեթթեփէի «Փոինթ» պանդոկի երդիքին տակ:
Մեր բարերարներէն Տիգրան Կիւլմէզկիլի տանտիրութեամբ կազմակերպուած երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Տուրսուն Էօզպէք:
Այսօր, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Ստեփանոսը՝ առաջին սարկաւագը, քրիստոնէութեան նախավկան։ Աւանդական տօնակատարութիւններով կը խնդրուի սուրբին բարեխօսութիւնը։
Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ամանորի շարժառիթով յատկանշական հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, թաղային խորհուրդը Տարեմուտի առթիւ սեղան մը սարքեց՝ թաղի աղքատախնամին կողմէ ցանկագրուած նպաստընկալ ընտանիքներուն համար։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան, որու ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։ Այս վերջինը Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն է, իր կենսունակութիւնը երիտասարդութեան հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ է, սակայն ապահոված աշխուժութիւնն ու ձգողականութիւնը ընդհակառակն, որովհետեւ այս երիտասարդ տարիքին իսկապէս փորձառու հովիւի մը ձեռքբերումներուն կը հասնի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կազզէի ներկայ պատերազմին ու անոր նախորդած յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերութիւններուն, Պեշար Էսատի իշխանութեան եւ այլ հանգամանքներու համայնապատկերին վրայ Սուրիոյ իրադարձութիւնները անուշադրութեան մատնել անկարելի է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աճուրդները համաշխարհային վաճառքներու մէջ կարեւոր տեղ ունին: Ասիկա վաճառքի ձեւ մըն է, որու ընթացքին առաւելագոյն տուողը կը շահի:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ես միշտ կը կարծեմ, թէ մարդիկ յաճախ կը հասկցուին իրենց մահէն յետոյ՝ ոչ թէ ողջ ժամանակին…
Վերջերս մահացած ծանօթէ մը իմացած էի հետեւեալ նախադասութիւնը. «Երբ ես սիրտս կը բանամ մէկու մը, կը թուի, թէ անոնք չեն հասկնար իմ վիճակը: Ես կ՚ուզէի, որ զիս աւելի քիչ սիրեն, բայց աւելի ըմբռնումով մօտենան»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքին շրջանները կը բաժնուին երեք գլխաւոր ժամանակամիջոցներու՝ որոնց բոլորին մէջ կը գտնուի Աստուծոյ հզօր կամքը։ Առաջին շրջանն է «անցեալ»ը։ Ուստի, յաճախ պէտք է նայիլ անցեալին՝ ուր կը գտնուին սխալներ, թերացումներ եւ հոգեկան տկարութիւններ։