Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Լեզուախօսութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքին առընչուող նիւթ մըն է, որ վերջին տասնամեակներուն սկսած է սխալ կերպով ընկալուիլ: Բազմաթիւ մարդիկ, հետեւելով տարբեր-տարբեր աղանդաւորական շարժումներու, կը վարակուին այս ախտով եւ կը մոլորին ճշմարտութենէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդոց իրարմէ կախումը հետզհետէ կը սաստկանայ։ Ան տակաւ առ տակաւ կ՚ընդարձակուի համայն աշխարհի տարածքով։ Մարդկային ընտանիքին միասնականութիւնը, իրարու համախմբելով բնական հաւասար արժանապատուութիւն վայելող արարածները, յառաջ կը բերէ «ընդհանրական հասարակաց բարիք» մը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատմաբաններ թող նստին ու շարունակեն ուսումնասիրել Վասակի դաւաճան ըլլալ-չըլլալու իրողութիւնը։ Ուզեն նզովեն, ուզեն սրբացնեն. այդ մէկը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ բան մը պիտի չփոխէ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը Վասակը շուքի տակ ձգող դաւաճաններ շա՜տ ունեցաւ, ունի՛ եւ կը շարունակէ ունենալ. անձեր՝ որոնք կեանքի ամենէն դժուար պայմաններուն մէջ նոյնիսկ պատրաստ են անիրաւութիւն գործել՝ հեղձամահ ընելով ամէ՛ն տեսակ խղճմտանք ու գութ:
Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի կազմը յաւակնոտ մեկնարկ մը ըրաւ 2023-2024 եղանակին։ Շիշլիցիները, որոնք վերջին երկու տարիներուն ախոյենութիւն տօնեցին, ներկայ շաբթուան առաջին կէսին Իւրկիւփ մեկնած էին՝ նոր եղանակի սկզբնական փուլի հանդիպումներուն առթիւ։
Պոլսահայ գեղարուեստասէր շրջանակները այս շաբաթավերջին ժամադրուած են եզակի ձեռնարկի մը։ Այսպէս, ժողովրդական պարերու եւ ժողովրդական արուեստի երախտաշատ ու տիրական դէմքերէն Ճուլիա Մութլու կը նշէ իր գործունէութեան 50-ամեակը եւ այս յոբելեանը բոլորին կողմէ կը համարուի բացառիկ իրադարձութիւն մը։
Հայ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարի պատմական կամարներուն ներքեւ հանդիսաւոր աղօթք:
Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան քարոզեց՝ քրիստոնէից միութեան հետամուտ հաւաքին ընթացքին:
Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան պարգեւատրուեցաւ «Բարի արժանիքի» քահանայապետական շքանշանով:
Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու պաշտօնական երկխօսութեան միացեալ աստուածաբանական յանձնաժողովի նիստը:
Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) որոշեց պատժամիջոց մը սահմանել Ատրպէյճանի դէմ։ Այսպէս, քուէարկութեան արդիւնքով որոշուեցաւ չվաւերացնել Ատրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման հարցը Հայաստանին չի վերաբերիր, սա իր երկրի եւ Ատրպէյճանի երկկողմանի յարաբերութիւններու ծիրին մէջ է։
Ազգային մեծ ժողովին կողմէ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան համար տրուած հաւանութիւնը անմիջապէս կ՚անդրադառնայ Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն վրայ։
Ազգային մեծ ժողովը երէկ հաւանութիւն տուաւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան։ Համապատասխան արձանագրութիւնը խորհրդարանին կողմէ ընդունուեցաւ՝ ԱՔ կուսակցութեան, ՄՀՓ-ի, ՃՀՓ-ի եւ «Կելեճէք» կուսակցութեան երեսփոխաններու քուէներով։
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին բարձր մակարդակով յատուկ նիստը՝ Կազզէի հրատապ օրակարգով:
Հաքան Ֆիտան Նիւ Եորքի մէջ ընդգծեց, որ Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան պնդումները համոզիչ ըլլալէ դադրած են:
Երեւան Պաքուի մօտ քաղաքական կամքի բացակայութիւն կը տեսնէ՝ խաղաղութեան հաստատման համար:
Ըստ նախարար Արարատ Միրզոյեանի՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ նոր մագլցման հաւանականութիւնը միշտ առկայ է եւ Հայաստան նոր դաշնակիցներու կարիք կը զգայ անվտանգային հարցերը լուծելու ուղղութեամբ:
Եթովպիոյ Դաշնակցային Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ ու լիազօր դեսպան Սահակ Սարգսեան երէկ մեկնեցաւ Ատիս Ապապա։
Թուրքիա-Իրան բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի 8-րդ ժողովը այսօր տեղի կ՚ունենայ, գլխաւորութեամբ երկու երկիրներու նախագահներուն՝ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Իպրահիմ Ռայիսիի։ Այս առթիւ, Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ Ռայիսի պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Անգարա։
Մեր համայնքէն Յակոբ Շիրինօղլու անդամակցեցաւ Կալաթասարայ մարզակումբին։ Անցեալ շաբաթավերջին, Կալաթասարայ լիսէի նշանաւոր, պատմական «Թեւֆիք Ֆիքրէթ» սրահի երդիքին տակ հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ մարզակումբի նոր անդամներու ընդունման առթիւ:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Քաղաքական մորեխը Արաբական աշխարհի ներկային եւ ապագային վրայ ունեցած ազդեցութենէն ետք, կարծես հիմա իր ուշադրութիւնը ուղղած է անցեալին. այս՝ այն պատճառով, որպէսզի արաբ մարդը ոչ մէկ բան ունենայ, ուր կարենայ իր կռնակը կռթնեցնել՝ զինք շրջապատող վտանգները դիմակայելու համար՝ բացի այն աթոռէն, որու վրայ նստած է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իմաստութիւն կը նշանակէ խելահասութիւն, փորձառութիւն, խոհեմութիւն եւ հմտութիւն։ Այս իմաստով՝ իմաստունները անոնք են, որոնք կը հաւատան եւ իրենց առաքինի խորհուրդով, բարի գործերով եւ անշահախնդիր պաշտամունքով կը լուսաւորուին, կը լուսաւորեն իրենց շուրջ բոլորը եւ անոնք կը փայլին իրենց իմաստութեամբ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն տասնամեակներ առաջ քանի մը հայ երիտասարդներ հաւաքուելով կ՚որոշեն բառախաղ խաղալ։ Խաղի կանոնը հետեւեալն էր. խաղակիցներէն մին կ՚ընտրէր բառ մը եւ այդ բառին մէջ եղած տառերով խաղակիցներ բառեր ու գոյականներ պարտէին գտնել եւ կը շահէր ան, որ ամենէն շատ բառը կը գտնէր:
Չինաստանն ու Ատրպէյճանը կը ծրագրեն ընդլայնել առեւտրային համագործակցութիւնը։ Պաքուի մօտ Չինաստանի դեսպան Կուօ Մին երէկ անդրադարձաւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին։