Արխիւ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի տարեկան հանգանակութիւնը տեղի կ՚ունենայ այս շաբաթավերջին:
Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը հերթական սիրոյ սեղանին ընդառաջ զօրակցութեան կոչ կ՚ուղղէ համայնքին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայրենի վաստակաւոր պատմաբան Էմմա Կոստանդեանի յօդուածները՝ արեւմտահայոց ազգային, հասարակական, եկեղեցական եւ այլ բազում հարցերուն առընչուող, ո՛չ միայն պարզապէս աշխատութիւններ են, այլեւ՝ զանազան հարցեր առաջ քաշող եւ լուծման ուղիներ առաջարկող գիտնականի վերլուծումներ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայաստանի գործող իշխանութիւնները վերջերս այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, թէ իրենց դիմաց ծառացած բոլոր խնդիրները լուծած են, այնքան ազա՜տ ժամանակ ունին, որ այլեւս իրենք ալ չեն գիտեր ինչով զբաղին, այդ պատճառով հազար ու մէկ մանրուքներու ետեւէն իյնալով, կը փորձեն «հզօրացնել» մեր պետութիւնը…:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մտածական»ը յատկապէս փնտռտուք մըն է։ Մարդուս հոգին կը փնտռէ հասկնալ «ինչո՞ւ»ն եւ «ինչպէ՞ս»ը քրիստոնեայ կեանքին եւ ընդհանրապէս «կեանք»ին, որպէսզի յարի եւ պատասխանէ Տիրոջ իրմէ խնդրանքին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աստուծոյ դէմ բորբոքող այս անգամ իգական սեռի ներկայացուցիչ մըն է՝ Շուշանիկ Կուրղինեան, որ ապրած է 1876-1927 թուականներուն միջեւ: Մինչեւ օրս լաւապէս չուսումնասիրուած գրողներէն մէկն է Շուշանիկ, որ պէտք է իր ուրոյն տեղը ունենայ հայ գրականութեան մէջ՝ Սիպիլի, Զապէլ Եսայեանի եւ այլ իգական սեռի ներկայացուցիչ գրողներու կողքին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհի վրայ միշտ եղած են թշնամութիւններ, քանի որ մարդ միշտ եղած է եսամոլ եւ շահասէր։ Մարդ բնութեամբ շահի համար կրնայ խղճի եւ արդարութեան ընդդէմ շատ բաներ ընել։
Գիտութեան եւ թեքնոլոժիներու ներկայ ժամանակներուն երէկ դարակազմիկ իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Արհեստական բանականութեան հեռանկարներուն զուգահեռ՝ երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ էր մարդկային ուղեղին միջամտելու նիւթը։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներուն հերթական հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ այսօր։ Սա կը հանդիսանայ իր տեսակին մէջ 6-րդ շփումը։
Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեան վերանշանակուեցաւ իր պաշտօնին։ Վերջերս աւարտած էր պայմանագիրով սահմանուած իր պաշտօնավարութեան ժամկէտը։
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած «Հայ ազգային քոնկրէս» կուսակցութիւնը վերջերս մտահոգութեամբ արձագանգեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ երկրի Սահմանադրութիւնը փոխելու վերաբերեալ յայտարարութեան։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ուղեւորութեան ձեռնարկած է Պալքանեան երկիրներ:
Թուրքիա կը շարունակէ նախանձախնդրութեամբ հաւատարիմ մնալ Մոնթրէօյի համաձայնութեան գործադրութեան:
Երուսաղէմի օտարերկրեայ դիւանագէտները իրերայաջորդ կ՚այցելեն Ս. Յակոբեանց հայոց վանքը:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը «Կովերու պարտէզ»ի տագնապը քննարկեց ԱՄՆ-ի դեսպանատան ներկայացուցիչին հետ:
Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան հիւրընկալեց քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերը:
Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Առաջնորդանիստ Մայր տաճարին մէջ հանդիսաւոր ու հոգեպարար էքիւմենիք աղօթք:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուէլպիի հետ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին։
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարուստներն ու աղքատները, դատաւորներն ու յանցագործները, պահակները, աւազակները եւ գինովները, բոլորը կ՚ըսեն ինծի.
-Այս հայրենիքի երկինքին տակ մազերդ ճերմակելէն եւ անոր մայթերուն վրայ կռնակդ կորանալէ ետք այլեւս ի՞նչ կ՚ընես այստեղ. ի՞նչ կը սպասես անկէ, երբ քաղաքականութեան մէջ թէ՛ քու եւ թէ ուրիշներու ապագան որոշուած է, ինչպէս որոշուեցաւ Մուհամմատ Ամինի1 ապագան՝ արուեստի աշխարհին մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երէկուան մեր գրութեան մէջ «Կը վախնան քեզմէ, բռնակալ Ալլահ» խորագրեալ յօդուածով խօսեցանք Մինաս Պետրոսեանի «Բողոք առ Աստուած» բանաստեղծութեան մասին, ուր բանաստեղծը հայ ժողովուրդին դժբախտութեան հիմնական պատճառ կը նկատէր զԱստուած:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Պատմական եւ արդիական հիմնական հարցերէն մէկը որեւէ եղելութեան-եղափոխութեան աղբիւրներու եւ պատճառներու գտանումն է, ինչ որ անկարելի գործընթաց մըն է՝ նկատի առնելով հաստատակամութեան եւ վաւերագրութեան բացարձակութիւն մը ապահովելու դժուարութիւնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ Առակագիրին ըսած հետեւեալ նախադասութիւնը. «Քանի որ յոյս կայ՝ տղադ խրատէ եւ անոր մահուանը կամակից մի՛ ըլլար» (Առ 19.18):
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վիթթորիա Աղանուրեան (Աղանուր) բանաստեղծուհիի անունը քիչ յիշատակուած է: Թէեւ ան ստեղծագործած է իտալերէնով, բայց հոգեւոր մեծ կապ ունեցած է հայութեան, հայ գրականութեան հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ազատութիւնը մարդս կ՚ընէ «բարոյական անձ»։ Մարդը երբ կը գործէ ինքնակամ եւ քմայական կերպով, ան, այսպէս ըսելու համար, տէրն է իր արարքներուն։