Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ տեղեկացուց, որ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու ներկայիս աշխատանք կը տանի՝ կազմակերպելու համար պոլսահայ վարժարաններու վարչայիններուն եւ Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինի միջեւ հանդիպում մը։
Թուրքիոյ ներքին քաղաքական օրակարգին վրայ շաբաթավերջին անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի արտահերթ համագումարը։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ կազմակերպուած ընդհանուր ժողովը մագնիսացուց հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը։
Հաքան Ֆիտան եւ Էնթընի Պլինքըն այս առաւօտ բանակցութիւններու ձեռնարկեցին Անգարայի մէջ:
Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ առանցքին վրայ կ՚արժեւորուին տարածաշրջանի հրատապ իրադարձութիւնները:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Նիւ Եորք վերադարձէն ի վեր մեծ համակրանքի եւ զօրակցութեան առարկայ կը դառնայ։ Նորին սրբազնութիւնը վերջերս Նիւ Եորքի Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ մատոյց իր առաջին Ս. Պատարագը։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի քառօրեայ ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աւարտին յայտարարութիւն:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Հայրապետական մաղթանք՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան տարեդարձին առթիւ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քաղաքական ու մանաւանդ՝ անվտանգութեան բաւական բարդ այս շրջանին ապագայի համար նետուած խարիսխները մեծապէս կրնան օգտակար ըլլալ, որպէսզի Հայաստանի հանրութիւնը եւ առհասարակ աշխարհով մէկ տարածուած ու երկրի հարցերով ապրող հայութիւնը ի վերջոյ գիտակցին, թէ հզօր պետութիւն մը կերտելու համար հիմնարար է ուժեղ տնտեսութիւն ունենալը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ներկայիս վատ տրամադրութիւնը շատ բնականոն է։ Մէկ կողմէ նիւթականի բացակայութիւնը, միւս կողմէ աշխարհով մէկ պայթող ռումբերը անխուսափելիօրէն կը փճացնեն ուրախութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած Ի՛նքն է Արարիչը, ստեղծողը եւ ամենաբարի Առաջնորդը Իր իսկական բնութեամբ։ Անբաւ եւ անսահման զօրութիւնը՝ որմէ տարածուած եւ շրջապատուած է ամէն ինչ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շատ մը ծնողներ արդի մանկավարժութիւնը սխալ ձեւով ըմբռնելով համոզուած են, որ մանուկին կարելի չէ «ոչ» ըսել, գուցէ այն սխալ մտածումով, որ «ոչ»ն ու մերժումի զգացումը կրնայ վնասել մանուկին հոգեկան աշխարհը:
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ, հոգելոյս Նազար Հանչէրի ի յիշատակ կազմակերպուած ճատրակի մրցաշարքը երէկ տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ։ 54 պատանի մարզիկ մասնակցեցաւ այս մրցաշարքին, որու պատուոյ հիւրերն էին Նազար Հանչէրի այրին՝ արուեստաբան Էլմոն Հանչէր եւ հարազատները։
«Արաս» հրատարակչութիւնը, որ թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 30-ամեակը, յոբելենական շրջանին փայլուն մասնակցութիւն բերաւ՝ երէկ եզրափակուած Իսթանպուլի գիրքի տօնավաճառին։ «Արաս»ի այս տարուան մասնակցութեան թագն ու պսակը եղաւ այն մեծ եռուզեռը, որ տօնավաճառի ընդարձակ համալիրէն ներս ստեղծուեցաւ իր տաղաւարին մէջ։
Թրքահայ համայնքին տեսակէտէ շաբաթավերջին յատկանշական իրադարձութիւն մը եղաւ Թուզլայի մէջ, երբեմնի «Քամփ Արմէն»ի տարածքէն ներս կատարուած հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, փոքրամասնութիւններուն համար կատարուած բարեփոխումներու շրջանակին մէջ «Քամփ Արմէն»ի սեփականութեան իրաւունքը վերադարձուեցաւ հայ աւետարանական եկեղեցւոյ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 22.15-24:
Պօղոս առաքեալին Եփեսացիներուն ուղղած նամակէն 1.1-14:
Ղուկասի Աւետարանէն 8.17-21:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պալաթ, իր եւ շրջակայ թաղերու ուսումնավայրերով, Պոլսոյ «Quartier Latin»ը եղած է, ազգին պարգեւած դպիր, պատուելի, ուսուցիչ եւ պատրիարքներով՝ որոնք պատկառելի թիւ մը կը կազմեն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իւրաքանչիւր զոյգ, տնտեսական, ընկերային ու կրթական ո՛ր մակարդակին վրայ ալ գտնուի, պէտք է լաւապէս հասկնայ, որ իրական կեանքը սիրահարութեան ժամանակ մեզ կուրացնող վարդագոյն կեանքին չի նմանիր եւ մեր կամքէն անկախ պայծառ օրերու կողքին կ՚ունենանք նաեւ մշուշապատ օրեր, ինչ որ մեր մարդկային ու բնական կեանքին մաս կը կազմէ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս էքիւմենիք հաւաք:
Տ. Մեսրոպ Եպիսկոպոս Պարսամեան. «Մեզի յանձնարարուած է ըլլալ խաղաղութեան ճարտարապետներ աշխարհի մէջ»:
Այսօր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան տարեդարձն է։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, աշխարհացրիւ իր հօտով, իր ամբողջութեան մէջ, կը նշէ ընդհանրական հայրապետին գահակալութեան տարեդարձը։
«Երբ աշխարհ կանգնած կը հետեւի անարդարութեան ու որեւէ քայլ չ՚առներ, դժուար է հասնիլ խաղաղութեան»:
«Moderna»ի հիմնադիր Նուպար Աֆէեան CNN-ին հարցազրոյց մը տուաւ՝ անդրադառնալով Ռուբէն Վարդանեանի ձերբակալման:
Երեւանի ղեկավարութիւնը բոլոր հարթութիւններու վրայ ահազանգ կը հնչեցնէ՝ իր դիմագրաւած մեծ ռիսքերուն մասին։ Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ լուրջ մտավախութիւն գոյութիւն ունի, թէ այսօր ալ Ատրպէյճան տարածքային պահանջներ ունի իր երկրէն։
Անգարայի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին կը հիւրընկալէ Պլինքընը, որ իրերայաջորդ կ՚այցելէ Իսրայէլ:
Արիւնահեղութիւնը չի դադրիր. Կազզէէն միշտ ահազանգ կը հնչէ, թէ բոլորը մահուան համար կը սպասէ իր հերթին: