Արխիւ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ աւագ հիւպատոս Մայքըլ Լելլին։
Երէկ երեկոյեան, Միջմութենական 27-րդ գիտելիքներու մրցոյթը հասաւ իր աւարտին։ Վերջին շաբաթներուն համայնքային շրջանակներէն ներս անմիջական ուշադրութեան արժանացած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որ ունի խոր աւանդոյթներ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը մատնանշէ իշխանութիւններու հակաեկեղեցական արշաւի հետեւանքները:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը կը յորդորէ՝ վերանայիլ հոգեւոր արժէքներու դէմ որդեգրուած դիրքորոշումները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր Աւագ երեքշաբթի է: Աւագ երեքշաբթին Տէր Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին կատարած քարոզութեան վերջին օրն է եւ ամենէն երկարը: Յիսուսի այսօրուան ուսուցումը տեւած է առաւօտեան կանուխ ժամերէն, մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
31 մարտին՝ իր մահուան թուականէն 109 տարի ետք ալ, արեւելահայ բանաստեղծ, երգիծագիր եւ թարգմանիչ, շեշտուածօրէն՝ բանաստեղծ, Ալեքսանդր Ծատուրեանի (Զաքաթալա քաղաք, Թիֆլիզի հիւսիսը, ներկայիս՝ Ատրպէյճանի հանրապետութեան հողատարածք, 28 ապրիլ 1865 - Թիֆլիզ, 31 մարտ 1917):
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս օրերուն, երբ կը պատրաստուէինք վայելելու Աւագ շաբթուան խորհրդաւոր ու խաղաղ մթնոլորտը՝ այն հոգեւոր շրջանը, երբ մարդ կը հրաւիրուի ինքն իր հետ հանդիպելու, իր խղճին առջեւ կանգնելու եւ ներքին լռութեան մէջ Աստուծոյ ձայնը լսելու, մեր իրականութիւնը, դժբախտաբար, կը պարզէ ցաւալի ու մտահոգիչ հակապատկեր մը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին ընդունեց Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի եւ BlackRock-ի նախագահ Լաուրընս Ֆինքը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Ծաղկազարդը։ Տէր Յիսուսի Ս. Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակութեան տօնը հոգեւոր մեծ հրճուանքի առիթ դարձաւ։
Կեդրոնական վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Վերյիշումհինգ հաստատութիւններու» խորագրեալ ձեռնարկը երէկ երեկոյեան կրկնուեցաւՊէյօղլուի «Աթլաս» շարժանկարի դահլիճի երդիքին տակ։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Տարուան ամենախորհրդաւոր շաբթուան սկիզբն ենք եւ բոլորէս պահանջուած է գիտակցիլ, որ երկրային մեր մեղքերէն ազատուելու, մաքրուելու եւ նոր կեանք մը սկսելու աստուածատուր մեր առիթն է «Զատիկը»:
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը շաբաթավերջին կեդրոնացած էր «Տերվիշ Էրօղլու» մշակոյթի կեդրոնին վրայ, ուր թրքահայ մարզական կեանքին վերաբերեալ անկիւնադարձային իրադարձութեան մը վերածուեցաւ՝ 384 հոգիի մասնակցութեամբ կազմակերպուած քուէարկութիւնը:
Ալէն Պաղի կողմէ գլխաւորուած խումբը իրաւունք շահեցաւ՝ Թաքսիմ ակումբի վարչութեան ղեկը ստանձնելու: Ընդհանուր ժողովին արդիւնքը ողջունելի համարուեցաւ՝ մինչ կարմիր ցանկի նորընտիր երիտասարդ վարչայինները շնորհաւորութիւններ ու խրախուսական մաղթանքներ կը ստանան բոլորէն: Հիւրերու շարքին էր Սեւան Սվաճըօղլու:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայկական տպագիր ու ձեռագիր ժառանգութեան բացառիկ նմոյշներ փրկուած եւ իրենց հանգրուանը գտած են Հայաստանի «Կերոն» զարգացման հիմնադրամի յարկին տակ՝ շնորհիւ «Wilco» ընկերութեան ազնիւ նուիրատուութեան: Դարաւոր պատմութեան մը վերջակէտը եւ նոր յոյսը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ժամանակակից աշխարհին մէջ քաղաքները դարձած են մարդկային կեանքի գլխաւոր բեմը։ Ամէն օր միլիոնաւոր մարդիկ կ՚արթննան բարձր շէնքերու մէջ, կը շտապեն աշխատանքի, կը կորսուին երթեւեկութեան աղմուկին եւ բազմութեան մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ծաղկազարդի յաջորդող եօթնեակը՝ շաբթուան եօթը օրերը կը կոչուին Աւագ շաբաթ, իսկ անոր իւրաքանչիւր օրը՝ երկուշաբթիէն մինչեւ շաբաթ, կ՚անուանուին Աւագ, տեսակ մը զուգադրութեամբ սրբոց աւագ տօներուն՝ որոնք կը գրաւեն Աստուածայայտնութեան տօնը կանխող եօթնեակը, այսինքն շաբաթը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջին մի քանի տասնամեակներու ընթացքին, մանաւանդ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած դժուարութիւններն ու այդտեղ տեղի ունեցած անմարդկային ու գազանային անցուդարձերը նկատի ունենալով, մարդկութեան մէջ տարածուեցաւ այն համոզումը, որ իսլամը ոճրագործ ու չարագործ է։
Երէկ, Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան արարողութիւններուն հանդիսապետեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր մուտք գործեց իր ծիսական կեանքի ամենէն խորհրդաւոր շաբաթներէն մէկը, որ կը կոչուի ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ: Անունը կը յուշէ մեզի այս շաբթուան ունեցած տարբերութեան մասին տարուան միւս շաբաթներէն:
Երուսաղէմի հոգեւոր առաջնորդները խորհրդակցութիւն մը ունեցան Սուրբ Զատկի տօնին ընդառաջ:
Իսրայէլի ոստիկանութիւնը արգելք հանդիսացաւ Լատին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Ծաղկազարդի տօնակատարութեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի շաբաթավերջին ունեցան հեռախօսազրոյց մը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութեան եկեղեցւոյ դէմ սկսած հալածանքները ներկայիս որոշ «դադար»ի շրջան մը կ՚ապրին, որովհետեւ իշխանութիւնը լաւապէս կը գիտակցի, որ տակաւին եկեղեցին որպէս սրբութիւն ընդունող մեծամասնութիւն մը գոյութիւն ունի եւ անոր հանդէպ բացայայտ հալածանքը կրնայ քուէներու կորուստ արձանագրել։