Արխիւ

Երեքշաբթի, Փետրուար 24, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն մօտաւորապէս մէկ դար առաջ ապրած մտաւորականներ գիտութեան եւ մարդկութեան ապագայ զարգացումը այնքան ալ դրական ձեւով չէին տեսներ։ Այո, գիտութիւնը պիտի գար որոշ դժուարութիւններու լուծում տալու՝ որոշ հիւանդութիւններ վերացնելու (ինչպէս օրինակ, մահացու թոքախտը՝ որ մեր օրերուն սովորական հիւանդութիւն մըն է, սակայն անցեալին ինչքա՜ն երիտասարդ կեանքեր խլած է).

Երեքշաբթի, Փետրուար 24, 2026

Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1. Քրիստոս ինչ ընթացքով ընտրեց Իր մարմին առնելիք ցեղը. Աստուածաբանօրէն երկիր ըսելը ի՞նչ կը նշանակէ: 2. Գլխաւորաբար ո՞վ «բանաւոր երկիր» կոչուեցաւ: 3. Քրիստոսի մարդեղութեան մասին ի՞նչ վէճեր եղած են:

Երեքշաբթի, Փետրուար 24, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Փետրուարի 19-ին, երբ հայաստանաբնակ ընթերցողը կրկին անգամ կը նշէր Գիրք նուիրելու օրը՝ իբրեւ յիշեցում, թէ նաեւ գիրքն է մեր գոյութեան շարունակականութիւնը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանի սրահներուն մէջ բացուեցաւ այլ՝ խորհրդանշական դուռ մը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 24, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Արեւագալի արարողութեան, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 24, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Մի՛ պարծենաք եւ ամբարտաւան բաներ մի՛ խօսիք, մեծախօսութիւն թող չլսուի ձեր բերանէն, որովհետեւ Աստուած իմացութիւններու Տէրն է եւ Ան կը պատրաստէ Իր զարմանահրաշ գործերը» (Ա. Թգ 2.3):

Երեքշաբթի, Փետրուար 24, 2026

Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակին առթիւ համերգ:
Երեւանի «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ հանդիսաւոր ձեռնարկ մը. Իտալիոյ դեսպանը պատուոյ հիւր:

Երեքշաբթի, Փետրուար 24, 2026

Միացեալ Նահանգներ զօրք կը կուտակէ, իսկ Իրան միշտ կը խօսի լուծման հնարաւորութիւններու մասին:
Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ կը նախատեսուի բանակցութիւններու նոր փուլ մը. միջազգային հանրութիւնը կը հետեւի ուշադիր:

Երեքշաբթի, Փետրուար 24, 2026

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը արդէն թեւակոխած է չորրորդ տարին։ Սա Բ. աշխարհամարտէն ի վեր Եւրոպայէ ներս ամենածանր ռազմական ու մարդասիրական հետեւանքներով հակամարտութիւնն է, որու պատճառով վերջին չորս տարիներու ընթացքին միլիոնաւոր մարդիկ տեղահանուած են, հարիւր հազարաւոր զինուոր զոհուած է։

Երեքշաբթի, Փետրուար 24, 2026

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

-Պապի՛կ, ի՞նչ կ՚ընես.. մինչեւ վերջ սենեակդ քաշուած… ամէն օր…
Թոռնիկս է: Արդէն մեծցած հասակ առած եւ կ՚ուզէ, որ մենք այր եւ կին, ամէն շաբաթավերջ իր ներկայութեան, իր հետ անցընենք: Խօսինք: Ուտենք: Վիճինք: Խնդանք: Կ՚ատակենք: Երգենք:

Երեքշաբթի, Փետրուար 24, 2026

Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացը կը բարդանայ՝ Պաքուի մէջ պահուող հայոց պատճառով:
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 61-րդ նստաշրջանի ժողովները սկսան Ժընեւի մէջ. Արարատ Միրզոյեանի ելոյթը:

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ուաշինկթըն-Թեհրան առանցքի լարուածութիւնը՝ միջազգային գետնի վրայ անմիջական ուշադրութեան առարկայ:
ԱՄՆ թէեւ կը սպառնայ Իրանին, սակայն, զօրքերու կուտակումները չեն հասած անցեալի յարձակումներու մակարդակին՝ մինչ համաշխարհային մթնոլորտն ալ նպաստաւոր չի համարուիր նոր պատերազմի մը համար: Տարածաշրջանի ազդեցիկ շարք մը երկիրներ պատրաստակամ աջակցելու՝ իրենց դիրքորոշումով:

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Համայն հայութեան օրակարգին վրայ հրատապ խնդիր մը դարձած է՝ Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը: Սա իսկապէս ծանրածանր դրսեւորումներով տագնապ մըն է, որ խոր մտահոգութեան եւ անհանգստութեան պատճառ կը դառնայ համահայկական հարթութեան վրայ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդիկ, ընդհանրապէս որքան գոհ են իրենց անհատական առաւելութիւններէն եւ գործերէն, նո՛յնքան դժգոհ են հաւաքական կեանքի գործունէութենէն, եւ որքան թոյլատու եւ ներողամիտ են իրենց անձնական տկարութիւններու, թերութիւններու եւ անկատարութիւններու համար, նո՛յնքան աններող եւ բուռն քննադատներ կը դառնան պատասխանատու անձերու եւ պաշտօնական մարմիններու հանդէպ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ մտածողներ, կենսաբաններ ու փիլիսոփայական մտածողութիւն ունեցող անձեր կը փորձէին որոշ հետեւողութիւններ ընել, թէ ինչպիսին պիտի ըլլար 2000 թուականը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

«Hamnet» ժապաւէնը, որ ներշնչուած է Մեկի Օֆարելի հեղինակած նոյնանուն վէպէն եւ բեմադրուած է Քլոի Զաոյի կողմէ, միայն պատմական ողբերգութեան վերարտադրութիւն մը չէ։ Ան խորապէս փիլիսոփայական խորհրդածութիւն մըն է կեանքի անցողիկութեան, յիշողութեան խորհրդաւոր ուժին եւ արուեստի ծնունդին մասին։

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

«Ռամատան» է: 
Արաբական երկիրներուն մէջ այսպէս կը կոչուի ծոմապահութեան հոգեւոր այս ամիսը: Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ «Ռամազան» կը կոչուի, գիտե՛մ: «Ռամատան» թէ՛ «Ռամազան», միեւնոյնն է, զիրար հասկցած ըլլալու ենք:

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Առակաց գիրքի առաջին գլուխին 7-19-րդ համարները այսպէս վերանգրուած են՝ «Խրատ երիտասարդներուն»:
Առակացի իմաստուն հեղինակը երիտասարդներուն առջեւ ճանապարհային քարտէս մը կը գծէ, որով եթէ ընթանան, ապա իրենց կեանքը օրինակելի կը դառնայ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026

Էտիրնէգաբուի գերեզմանատան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յատկանշական հանդիպում մը։ Այսպէս, Տատեան վարժարանի խումբ մը սաներ այցելեցին գերեզմանատուն, ուր տասն տարի առաջ տնկած էին եղեւիններ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026

Երէկ երեկոյեան, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թատերական ներկայացում մը, որ կազմակերպուած էր Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 23, 2026

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Global Talks III» խորագրեալ միջվարժարանային ձեռնարկ մը: Համայնքային լիսէներու աշակերտները մասնակցութիւն բերին այս նախաձեռնութեան, որու ընթացքին տղաքը հանդէս եկան անգլերէնով՝ ի ցոյց դնելով հրապարակախօսական իրենց հմտութիւնները:

Էջեր