Արխիւ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի վերջին յայտարարութիւնը, թէ 2026 թուականին Թուրքիա խորհրդանշական քայլերու պիտի ձեռնարկէ՝ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շրջանակներէն ներս։
Երէկ, Հալըճըօղլուի գերեզմանատան Ս. Ստեփանոս մատրան մէջ պատարագեց ու քարոզեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Համանուն սուրբի յիշատակութեան տօնին հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտ ստեղծուեցաւ գողտրիկ սրբավայրին մէջ։
Երէկ, Ս. Ստեփանոս Նախավկայի յիշատակութեան տօնին առթիւ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց աւանդական արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Ս. Ստեփանոս նախավկայի տօնին տասներկու սարկաւագ ձեռնադրուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը օրհնեց սարկաւագաց դասու անդամները, որոնց հետ ունեցաւ զրոյց մը:
Մինչ քրիստոնեայ աշխարհը սկսած է նշել Սուրբ Ծնունդը, քաղաքիս մէջ ալ փոքրամասնական յարանուանութիւններու հոգեւոր կեդրոններուն միջեւ շփումները վերստին խտացած են՝ տօնական տրամադրութեան մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Դարձեալ կիրակի էր: Մէկը՝ ա՛յն կիրակիներէն, որուն տէրը չեմ կրցած ըլլալ: Ու այս անգամ հոգեհանգիստի մը «սիրոյն», այր եւ կին, մեր քաղաքէն քիչ մը հեռու, եկեղեցի մը կ՚երթայինք:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Քաղաքականութեան մէջ սխալ հաշուարկներու հետեւանքները երբեմն մէկ անգամէն չեն երեւար։ Բերեմ երկու օրինակ։ Փաշինեան կը դիմէ Եւրոմիութեան, որպէսզի այդ կազմակերպութիւնը իրեն օգնէ վերարտադրել՝ իրավիճակը այնպէս մը ներկայացնելով, որ Ռուսաստան կը փափաքի զինքը գահընկէց ընել։
Մոսկուա եւ Դամասկոս Իսրայէլի քայլերը կը համարեն ուղիղ սպառնալիք տարածաշրջանի կայունութեան դէմ:
Շէյպանի տեսակցեցաւ Փութինի եւ Լաւրովի հետ. Ռուսաստան-Սուրիա յարաբերութիւնները կը թեւակոխեն նոր դարաշրջան մը:
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ան այս առթիւ շնորհաւորեց իր պաշտօնակցին ծննդեան տարեդարձն ու Նոր տարին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ճաբոնը յաճախ արտաքին դիտորդին կը թուի որպէս զատ աշխարհ մը։ Եւ այդ պատկերացումը մէջտեղ կու գայ, երբ օտարը կը ծանօթանայ այդ երկրի մշակոյթին, աւանդոյթներուն, տօներուն․․․
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տարեվերջեան մեր այս սիւնակը ուզեցինք ամփոփել մտորումներով, բայց այս անգամ քիչ մը տարբեր: Մեր մտորումները պիտի ունենանք հայ մեծանուն գրողներու մտածումներու լոյսին տակ, վեր հանելով մի քանի երեւոյթներ, որոնք այսօր արմատացած են մեր՝ հայ իրականութենէն ներս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս Իր ամբողջ կեանքին ուսուցանեց, սորվեցուց եւ խօսեցաւ հաւատքի մասին եւ ցոյց տուաւ ճշմարտութեան տանող ճամբան։ Ան՝ երբ կը խօսի հաւատքի մասին, մանաւանդ կը մատնանշէ սա կէտին, թէ հաւատքը աւելցնելու ճամբան հարցուցին Յիսուսի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր մեր շուրջ կը տեսնենք, որ գրեթէ ամէ՛ն մարդ (մանաւանդ Հայաստանի մէջ) ունի պարտքեր եւ լուրջ ձեւով անոնց տոկոսներուն տակ ճնշուած ելք մը կը փնտռէ: Սակայն Աստուածաշնչական ընթերցումներէն լաւապէս կը յիշենք, թէ քրիստոնէութիւնը (ինչպէս նաեւ այլ կրօններ) տոկոսը մեղք կը նկատէ, սակայն մեր օրերուն տարօրինակ ձեւով բնական ու «անմեղ» վիճակով մը կը շարունակէ մարդոց կեանքը դժուարացնել:
Քրիստոնեայ աշխարհը արդէն սկսած է նշել Սուրբ Ծնունդը։ Երէկ երեկոյեան, քաղաքիս Լատին կաթոլիկներու վիճակաւոր Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ արքեպիսկոպոսը պատարագեց Շիշլիի Լուրտի Ս. Աստուածածին վրացական եկեղեցւոյ մէջ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները ընդունուեցան Իսրայէլի սփիւռքի նախարարին կողմէ:
Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Պաղտասարեան Ամիխայ Շիկլիի ուշադրութիւնը հրաւիրեց հրեայ ծայրայեղականներու արարքներուն վրայ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի յիշատակութեան տօնը։ Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նախատօնակի արարողութիւն՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Երէկ երեկոյեան, Ս. Ծնունդի առթիւ, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան Ս. Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։
Երէկ երեկոյեան, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի համալիրէն ներս բիւր յարգանքով ոգեկոչուեցաւ բարեյիշատակ ազգային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ։ Մթնոլորտը իսկապէս խորհրդաւոր էր, նաեւ յուզումնախառն՝ մանաւանդ, որ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ անմոռանալի բարերարի անունին ձօնուած դահլիճին մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Բժիշկին սպասման սենեակէն ներս հազիւ տեղաւորուած էի, երբ յանկարծ դուռ մը բացուելով, կապոյտ համազգեստով օրիորդ մը, բարձրաձայն անունս կանչեց: Յստակ էր, թէ կարգս հասած էր:
ԹԱՄԱՐ ՄԱՆԿԱՍԱՐ
Վերջերս, Փարիզի հայ համայնքը ապրեցաւ բացառիկ պահեր՝ որոնք լեցուն էին խնդութեամբ եւ հպարտութեամբ։ Լուսաւորիչ երգչախումբը՝ գլխաւորութեամբ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի, յատուկ հրաւէրով մը ժամանեց Ֆրանսայի հայաշատ քաղաքներէն՝ Առնուվիլ, մասնակցելու համար «Պոլսոյ շաբաթավերջ» խորագրով երկեակ հանդիսութեան։