Արխիւ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ՝ անգլիախօսութեան օր մը, որ առիթ դարձաւ, որպէսզի աշակերտները չափեն իրենց անգլերէնի իմացութիւնը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու «Մարալ» երգի-պարի համոյթի պարուսոյց Կարպիս Չափքանը։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին գոհաբանական աղօթք մը տեղի ունեցաւ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակութեան առթիւ։
Երէկ առաւօտ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նարեկ քահանայ Տէյիրմենճեան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ խօսելով Սուրբ Հոգիի շնորհքներուն մասին, կը շեշտէ, թէ՝ «թէեւ զանազան շնորհքներ կան, բայց պարգեւող Հոգին նոյնն է» (Ա. Կր 12.4):
Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակութիւնը շաբաթավերջին նշուեցաւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր հոծ թիւով հաւատացեալներ հետեւեցան արարողութեան, որուն հանդիսապետեց Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան։
Ցուցանմոյշներու շարքին են՝ ազգային տարազներ, նրբաճաշակ զարդեր, ձեռագործ գորգեր, կենցաղային իրեր:
Պատմութեան թանգարանէն ներս վերաբացուած մշտական ցուցադրութիւնը լոյս կը սփռէ անցեալի ծալքերուն վրայ:
Հայաստանի մէջ, յառաջիկայ յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ, ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները հետզհետէ աւելի ուշագրաւ կը դառնան։ Այսպէս, վերջին օրերուն յայտարարուեցաւ նորաստեղծ «Նոր ուժ» բարեփոխումներու կուսակցութեան հիմնադրութեան մասին։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան վերջին օրերուն կորսնցուցած է իր անզուգական ու սիրեցեալ հայրը՝ Ռուբէն Պետրոսեանը
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի մասնաճիւղը վերջերս կազմակերպեց յոբելենական հանդիսութիւն մը, որ իսկապէս պատմական բնոյթ ունէր։ Մասնաճիւղը, որ կը գլխաւորուի ատենապետ Գէորգ Զօրեանի կողմէ, հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ նշեց Լոս Անճելըսի «Մանուկեան-Տեմիրճեան» վարժարանի հիմնադրութեան յիսնամեակը։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Մանուկներուն հետ աշխատելու ամենահետաքրքրական յատկութիւններէն մէկը անոնց վարքին ընդմէջէն յաճախ շատ ճիշդ եզրակացութիւններու հասնիլն է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Զէյթունը հայոց պատմութեան մէջ կը ներկայանայ իբրեւ եզակի երեւոյթ մը, ուր լեռնային խստաշունչ պայմաններուն մէջ կերտուած է տոկունութիւն, հաւատք եւ ինքնութիւն։ Դարեր շարունակ այս փոքրիկ գաւառը եղած է այն վայրերէն մէկը, ուր հայ մարդը իր գոյութիւնը պահպանած է ներքին կազմակերպուածութեամբ եւ հոգեւոր ամուր կռուաններով։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Գրեթէ բոլոր հասարակութիւնները միշտ զանազան կարծիքներու եւ մտածումներու վրայ հիմնուած են։ Մարդը կը մտածէ, կը հարցնէ, կը վիճի եւ երբեմն ալ կը մերժէ այն, ինչ որ իրեն կը ներկայացուի որպէս «ճշմարտութիւն»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Շողոքորթութիւն»ը Սուրբ Գիրքին մէջ զանազան առիթներով յիշուած է որպէս անխորհուրդ եւ վատ ունակութիւն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք հատուածներ այս նիւթով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բոլորս ալ վստահաբար լսած ենք, որ խնամի-ծանօթ-բարեկամ սկզբունքով կ՚առաջնորդուի ներկայ աշխարհը. կարողութիւն, իմաստութիւն եւ այլ «ութիւն»ններով վերջացող բոլոր բառերը աւելորդ են պարզապէս:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայ գրականութեան մէջ կան աշխատութիւններ, որոնք հասարակ վէպ կամ գիրք ըլլալէ աւելի փիլիսոփայական գանձեր են. աշխատութիւններ՝ որոնք մարդը կը մղեն մտածելու, վերլուծելու եւ վերատեսութեան ենթարկելու համոզումները։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Գերմանիոյ մէջ ծառայող կաթոլիկ երիտասարդ հոգեւորականներու խումբը՝ առաջնորդութեամբ Իսթանպուլի գերման կաթոլիկ Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Ճոշուա վարդապետի։
Իսլամական աշխարհի Ռամազանի տօնին առթիւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թերթս կարճ դադար մը կ՚առնէ՝ ապահովելու համար մեր անձնակազմի մահմետական անդամներուն հանգիստը։ Թուրքիան արդէն մտած է արձակուրդի։
Կեդրոնական վարժարանի նախաձեռնութեամբ եւ հիւրընկալմամբ, վերջին օրերուն կազմակերպուեցաւ ձեռնարկ մը, որ ուղղուած էր անգլերէնի գործածութեան խրախուսման: Պոլսահայ հինգ լիսէներուն առընթեր, քաղաքիս յոյն համայնքի լիսէին աշակերտներն ալ մասնակցեցան երկօրեայ այս ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին:
Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս ընդունուեցան՝ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու առաքելութիւններու ղեկավարները: