Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարգարէութեան կը հաւատա՞ք թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ «Լիլա» գրչանունը օգտագործող պոլսահայ գրիչ մը իր «Եկեղեցի թէ՞... սալօն» գրութեան մէջ Հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր ճակատագիրին մասին հետեւեալը կը գրէ. «Ատենին թագաւորութիւննիս վրայ տուինք անփթութեան երեսէն, չոր ու ցամաք կրօնք մը մնացած է ձեռքերնիս, վաղը ան ալ կը ջրենք դարձեալ մեր աննախանձախնդիր ոգւոյն շնորհիւ». եւ իրապէս ալ «ջրեցինք», սակայն ո՛չ այն ջրելներէն որ կը պտղաւորէ՝ այլ ամբողջութեամբ հակառակը:
Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ Արցախի հայութիւնը դարձեալ ձայն բարձրացուց բազմամարդ հանրահաւաքով:
Լեռնային Ղարաբաղի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան շրջափակման ծանր պայմաններուն ներքեւ խօսք ուղղեց ժողովուրդին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս ծնաւ ախոռի պարզութեան, համեստութեան եւ խոնարհութեան մէջ՝ աղքատ, համեստ ընտանիքի մը ծոցը, ինչպէս կը վկայէ Սուրբ Գիրքը. (ՂՈՒԿ. Բ 6-7)։ Պարզ հովիւները եղան այն հրաշալի՜ իրադարձութեան առաջին վկաները։ Այս համեստ աղքատութեան մէջն է, որ երկինքի փառքը կը յայտնուի. (ՂՈՒԿ. Բ 8-20)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տակաւին նոր պսակադրուած երիտասարդ աղջնակի մը ձեռքը գիրք տեսայ. գնահատելի երեւոյթ է, որ կեանքի այս քաոսին մէջ ժամանակ գտնելով ընթերցելու ժամանակ կը յատկացնէ։ Սակայն մտահոգեցուցիչ էր ընթերցած գիրքը՝ «Սիրոյ հինգ լեզուները». մտահոգեցուցիչ, որովհետեւ ընթերցելու կողքին աղջնակը յոյսը դրած էր գիրքին՝ առողջ ու կայուն ամուսնական կեանք մը ունենալու համար։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 41.4-14:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Փութինի եւ Զելենսքիի վերջին յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ պատերազմի աւարտին մասին խօսելու համար դեռ շատ վաղ է:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Քարամանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Տ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՔ. ԶԵՔԻԵԱՆ
Քրիստոսի Ս․ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան յիշատակին կապուած այս օրերը, ժամանակի ընդոստ ելեւէջումին մէջ, տարւոյն ամենէն հոգեպարար, մեր սրտերը ամենէն քնքշօրէն շոյող օրերը կ՚ընծայեն մեզի։
ARA KOÇUNYAN
Yarın artık son gün olacaktı ama major bir gelişme yaşandı. Vakıflar Genel Müdürlüğü'nün yerinde müdahalesiyle seçimler ertelendi. Cemaatimizin üyeleri, Beyoğlu Üç Horan Ermeni Kilisesi Vakfı'nın yönetim kurulu üyelerini seçmek için biraz gecikmeyle sandık başına gidecek.
Համայնքային ընտրութիւններու գործընթացին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ զգայացունց իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վաղուան ընտրութիւնը յետաձգուեցաւ։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Կասկածէ վեր է, որ Արցախի միջանցքի խափանումը Ալիեւի ոխերիմ հայատեաց վերաբերմունքին արտայայտութիւնն է։ Այս միջոցին Արցախն էր, անկէ առաջ Հայաստանը, անկէ առաջ 2020-ի պատերազմին ընթացքին բոլոր պատերազմական յանցագործութիւնները, ռազմագերիներուն դէմ անմարդկային վերաբերումը, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման գործողութիւնները։
Մինչ Լաչինի միջանցքը փակ է եւ Արցախը կը շարունակէ շրջափակուած վիճակի մէջ մնալ, Երեւանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ Լեռնային Ղարաբաղի պաշարուած վիճակը յաղթահարելու համար։ Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան յայտնեց, որ Լաչինի միջանցքի փակումը Պաքուի կողմէ նախապէս ծրագրաւորուած գործողութիւն մըն է։
Արցախի շրջափակման պայմաններուն ներքեւ Լաւրովի եւ Պայրամովի միջեւ տեսակցութիւն. «Մոսկուա բոլորէն աւելի շահագրգռուած է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կայուն, արդար խաղաղութեան հաստատմամբ»:
Ռուսաստան ցաւ յայտնեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ եռակողմանի հանդիպման չկայանալուն պատճառով՝ իրադարձութիւնը որակելով բաց թողուած հնարաւորութիւն:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Անակնկալ մը ունինք ձեռնարկին աւարտին:
«Անակնկալ» բառը շատ կը սիրեն պզտիկները եւ հակառակ անոր որ ձեռնարկը կը վերաբերի Ամանորին, որմէ պէտք էր ենթադրէին անակնկալը, ոմանք՝ քիչ մը մեծերը, թերեւս ենթադրեցին ալ, բայց «անակնկալ» բառին կախարդանքը չուզեցին կորսնցնել, սպասեցին աւարտին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը լսուի սա խօսքը, թէ՝ դրամը միջոց մը, առարկայ մըն է միայն եւ ո՛չ՝ նպատակ։ Բարոյագէտներ եւ կրօնաւորներ ալ նոյնը կ՚ըսեն։ Եւ իսկապէս ալ այդպէս է. դրամը, պարզապէս, նպատակի մը հասնելու համար միջոց մըն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամերիկացի հայր մը վերջերս կը բողոքէր, թէ իր հարազատ դուստրը 21 տարեկան ըլլալով հանդերձ կը շարունակէ իրենց հետ նոյն տան մէջ ապրիլ եւ որոշ կարծիքներ կը խնդրէր հանրութենէն, թէ ինչ ձեւով կրնայ համոզել, որ կա՛մ դուրս գայ եւ կամ ալ որպէս չափահաս հաւասարապէս մասնակից դառնայ տան ծախսերուն...։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս Սուրբ Ներսէս ընծայարանի աշնան շրջանը հասաւ իր աւարտին։ Ծանօթ է, որ այս շրջանին Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի նաեւ Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ սեպտեմբերէն ի վեր հաստատուած է այս ընծայարանէն ներս։
Երուսաղէմի Հայոց վանքէն ներս Թարգմանչաց եւ Ժառանգաւորաց վարժարաններու քննութեան շրջանը արդէն վրայ հասած է՝ 2022-2023 կրթական շրջանի առաջին կէսի եզրափակիչ փուլին ընդառաջ։ Թարգմանչացի եւ Ժառանգաւորացի ուսուցչական կազմերը երէկ հաճելի հաւաք մը իրականացուցին՝ տեսուչ հայր սուրբին գլխաւորութեամբ։
Ուաշինկթըն Երեւանի եւ Պաքուի հետ ուղիղ կապ կը պահէ Լաչինի միջանցքի փակման հարցին շուրջ:
Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ կ՚ընդունի Ճէյհուն Պայրամովը: Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի՝ եռակողմանի յայտարարութենէն բխած պարտաւորութիւնները գործնականօրէն չեն կատարուիր նաեւ Ռուսաստանի խաղաղապահներուն կողմէ: