Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցող ամէն արժէք յարաբերական է՝ ինչպէս որ յարաբերական է նաեւ անոր ձգած ազդեցութիւնն ու տպաւորութիւնը ուրիշներու վրայ:
Մխիթարեան վարժարանի լիսէի բաժնի աշակերտներէն Միրա Պարսամօղլու վերջերս արձանագրած է շատ յատկանշական յաջողութիւն մը, որ իսկապէս արժանի է բարձր գնահատանքի։
Վեհափառ Հայրապետը Ս. Ստեփանոսի տօնին առթիւ մէկտեղուեցաւ սարկաւագաց դասու անդամներուն հետ:
Նորին Սրբութիւնը յորդորեց պանծացնել հայ եկեղեցականի համբաւը՝ արժանանալով սերունդներու օրհնութեան:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստը՝ յատկացուած Բերձորի միջանցքի փակումին, առիթ էր առընչուած պետութիւններու դիրքորոշումները հրապարակելու: Այս փուլին կ՚ակնկալուի կոչ՝ միջանցքը բանալու, մարդոց տեղաշարժը ազատականացնելու եւ բնականաբար կողմերը խաղաղութեան շուրջ բանակցելու հրաւիրող ենթահող ստեղծելու:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ գլխաւորեց տարուան վերջին նախարարաց խորհուրդի ժողովը։ Նիստի աւարտին Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան հանդէս եկաւ մամլոյ ասուլիսով։
Լաչինի միջանցքը փակուած է՝ Հայաստանի տարածքէն արտատարածքային միջանցք մը ապահովելու համար:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեն Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցեցաւ ԱՊՀ-ի անպաշտօն գագաթաժողովին, որ տեւեց 7 ժամ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ազգային ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային իրաւունքի ամենակարեւոր կէտերէն մին է: Այն նոյն միջազգային օրէնքի կազմութեան հետ կամաց-կամաց հաստատագրուեցաւ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կը շարունակենք մեր զրոյցը հալէպահայ ազգային գործիչ տքթ. Սեւան Քէշիշեանի հետ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կը շարունակենք Գերպ. Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետին հարցում-պատասխանով տուած բացատրութիւնները սուրբերու բարեխօսութեան մասին:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Համաձայն չինական լուսնային օրացոյցին, տարուան անունը կը կրկնուի ամէն 12 տարին անգամ մը՝ նոյն կենդանիին կամ անասունին անունով: Այլ խօսքով, չինական աստղագիտութիւնը տարիները բաժնած է 12 կենդանիներու անուններով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երբ 1919 թուականի օգոստոսին հայ թատերագիր, գրող Շիրվանզատէն (Ալեքսանտր Մովսիսեան, 1858-1935թթ.) կ՚ուղեւորուի Իսթանպուլ, ան առիթ կ՚ունենայ մօտէն հաղորդակցելու նաեւ պոլսահայ կիներուն հետ, որոնց անջատ բաժին մը նուիրած է իր յուշագրութեան մէջ:
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին այսօր կը նշէ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի յիշատակութեան տօնը։ Երէկ երեկոյեան, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նախատօնակի հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հալէպահայ ազգային գործիչ տքթ. Սեւան Քէշիշեանի հետ զրուցեցինք վերջերս։ Ան երկարամեայ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին չէ լքած Հալէպը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1919 թուականի օգոստոսին հայ թատերագիր, գրող Շիրվանզատէն (Ալեքսանտր Մովսիսեան, 1858-1935թթ.) կ՚ուղեւորուի Իսթանպուլ: Ինչպէս ինք կը նկարագրէ՝ կը փախչէր արեւելահայ իրականութենէն, որ այլեւս անտանելի դարձած էր իրեն համար:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Բարեկամութեան մէջ առաջնահերթ են սէրը, համագործակցութիւնն ու վստահութիւնը։ Ըստ այդմ, բարեկամութեան թէ՛ ընկերային եւ թէ՛ անհատական իմաստները շատ մօտ են իրարու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երանելի է այն մարդը՝ որ կը համբերէ փորձութեան, որովհետեւ եթէ փորձութեան մէջ հաստատ ըլլայ՝ պիտի ընդունի կեանքի պսակը, զոր Տէրը խոստացաւ զինք սիրողներուն». (ՅԱԿՈԲՈՍ Ա 12)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարգարէութեան կը հաւատա՞ք թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ «Լիլա» գրչանունը օգտագործող պոլսահայ գրիչ մը իր «Եկեղեցի թէ՞... սալօն» գրութեան մէջ Հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր ճակատագիրին մասին հետեւեալը կը գրէ. «Ատենին թագաւորութիւննիս վրայ տուինք անփթութեան երեսէն, չոր ու ցամաք կրօնք մը մնացած է ձեռքերնիս, վաղը ան ալ կը ջրենք դարձեալ մեր աննախանձախնդիր ոգւոյն շնորհիւ». եւ իրապէս ալ «ջրեցինք», սակայն ո՛չ այն ջրելներէն որ կը պտղաւորէ՝ այլ ամբողջութեամբ հակառակը:
Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ Արցախի հայութիւնը դարձեալ ձայն բարձրացուց բազմամարդ հանրահաւաքով:
Լեռնային Ղարաբաղի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան շրջափակման ծանր պայմաններուն ներքեւ խօսք ուղղեց ժողովուրդին:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները անցան ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։
Ամանորի ընդառաջ Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը անցուց ոգեւոր շաբաթավերջ մը։ Այսպէս, Բանկալթըի «Ռամատա փլազա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Շիշլի մարզակումբին ի նպաստ աւանդական Ամանորի քէրմէսը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։