Արխիւ
Վերընտրեալ նախագահին առաջին այցերը՝ դէպի Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւն եւ Ատրպէյճան:
Ալիեւ ամոլը երէկ երեկոյեան Պաքուի «Կիւլիստան» պալատին մէջ պաշտօնական ընթրիքով մը մեծարեց Էրտողան ամոլը:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանէն պատուիրակութիւն մը։ Հիւրերը գլխաւորեց Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու կաճառի խորհուրդի նախագահ Չարլզ Ղալեան։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Եզակի ցուցադրութիւն մը ներկայացուած է Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ: Հայրենի պատմաբան, հնագէտ, արուեստագէտ Յակոբ Սիմոնեանի գլխաւորած հետազօտական արշաւախումբը Հայաստանի Վերին Նաւեր դամբարանադաշտի մէջ շուրջ յիսուն տարի կատարած պեղումներու արդիւնքին յայտնաբերած է բացառիկ գտածոներ, որոնք ի վերջոյ, ներկայացուած են հանրութեան:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Խնդրե՛մ, ըսէ՛ք, ի՞նչ պիտի ըլլար ձեր պատասխանը, երբ օր մը ձեր սենեակէն ներս, գրասեղանիդ վրայի համակարգիչին դիմաց նստած, մտածկոտ ու խոհերու մէջ թաղուած, յանկարծ տասը տարեկան ձեր թոռնուհին սենեակ մտնէր, առանց բարեւելու, մօտենար ձեզի եւ բարկացող եւ սակայն անմեղօրէն հարց տար.
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Մեծ եղեռնի հետեւանքով յառաջացած հայ ժողովուրդի նշանակալից ներկայութիւնը Սուրիոյ հողին վրայ ունեցաւ դրական ազդեցութիւն՝ նոյն Սուրիոյ բարգաւաճման ու զարգացման գործին մէջ: Յիշարժան իրականութիւն է որ, Սուրիոյ մէջ մարդկային բարձր վերաբերմունք ցուցաբերեցին հայազգի վերապրածներուն եւ այդ հանդիսացաւ խթանը հայ ժողովուրդի պատմութեան շարունակութեան Սուրիոյ հողին վրայ:
Ֆրանսական մամուլին մէջ վերջերս լոյս տեսած հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին Ֆրանսուա Սիւրօ կ՚ըսէր հետեւեալը. «Գրականութիւնը ժամանց մըն է, միջոց մը ժամանակէն անդին անցնելու համար»։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը Ս. Պատարագի արարողութեան մասնակցեցաւ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աւարտին յայտարարութիւն:
Մայր Աթոռը կը շարունակէ անհանգստութիւն յայտնել Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութեան շուրջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մեր ընթերցողներուն տեղեկացուցած էինք, որ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը» թուայնացուցած է արեւմտահայ գրականութեան դասականներէն Յակոբ Օշականի տպագիր հիմնական ժառանգութիւնը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ներկայ ժամանակներուն բնութեան հաւասարակշռութիւնները արագօրէն կը փոխուին, կենդանի տեսակներ կ՚անհետանան, տեղի կ՚ունենան աննախադէպ բնական աղէտներ եւ անոնց քանակն ու սաստկութիւնը օրէ օր կը մեծնան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Միջին դարու վերջաւորութենէն սկսեալ իմաստասիրութեան ընկերային եւ քաղաքական կարեւորութիւնը հետզհետէ կորսնցուցած կ՚երեւի։ Միջին դարու երեւելի իմաստասէրներէն William Ockham (1300-1349), Keiser-ի կողմէ Պապի հանդէպ գիրեր գրելու նպատակով վարձուած, կաշառուած էր։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր ազգի վիճակը լաւապէս հասկնալու եւ մենք զմեզ լաւապէս ճանչնալու համար պէտք է մեր պատմութիւնը լաւապէս ուսումնասիրել ու քննել: Չեմ գիտեր ինչու, յաճախ հայոց պատմութիւն ըսելով լոկ հայոց ցեղասպանութիւն, Վարդանանց ճակատամարտ ու նման մի քանի յատկանշական դէպքեր կը յիշենք, մոռնալով, որ ազգի մը պատմութիւնը մի քանի դէպքերէն անդին, իր մարդոց առօրեայով կարելի է լաւապէս հասկնալ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
2019 թուականին Լիբանանի տնտեսական տագնապի սրումէն ի վեր երկրի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին՝ Ռիատ Սալամէիի անունը որպէս մեղաւոր դրուեցաւ շրջանառութեան մէջ։
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ խանդավառ օր մը ապրեցաւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից աւանդական հաւաքին առթիւ։ Բաժակի պահուն բոլորը յարատեւութիւն մաղթեցին իրենց սիրեցեալ դպրոցին։
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ ֆութսալի մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր հոգելոյս Ռոպէր Չեթինքայայի յիշատակին։ Վարչութեան այս նախաձեռնութեան իր զօրակցութիւնը բերաւ նաեւ Ռոպէր Չեթինքայայի որդին՝ Այգուն Չեթինքայա։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ այս ամրան շրջանի առաջին Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։ Օրուան քարոզին մէջ հայր սուրբը անդրադարձաւ Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին։
Շաբաթավերջին Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի մանկանց կազմը յաջող համերգով մը հանդէս եկաւ, ինչ որ գտաւ լայն արձագանգ։ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։
Գարակէօզեան Տան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական նախաձեռնութիւն մը։ Այսպէս, խորքին մէջ ընկերային ու բնապահպանական զգայնութիւններու հետամուտ ծրագիր մըն էր այս մէկը։
Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետներու աշխատանքային խումբին գործունէութիւնը կը շարունակուի՝ Հարաւային Կովկասէ ներս տարածաշրջանային տնտեսական ու փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման օրակարգով։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդիպում մը ունեցան Սոչիի մէջ, ուր կազմակերպուած էր ԱՊՀ-ի եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներուն հաւաքը։ Փութինն ալ Սոչի մեկնած էր այդ հաւաքին մասնակցելու համար եւ առիթէն օգտուելով աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Փաշինեանի հետ։