Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն Տ. Արտակ Աբեղայ Տիւշէնեանը, որ պոլսահայ մըն է։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց, որպէսզի Սուրիոյ մէջ կրօններու միջեւ փոխադարձ յարգանք հաստատուի։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները անդրադարձան Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին։
Աշխարհահռչակ տնտեսագէտ փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու երէկ Նոպելի տնտեսական մրցանակը ստացաւ՝ ձեռամբ Շուէտի Քարլ Կիւստաւ ԺԶ. թագաւորին։
Սթոքհոլմի Համերգատան մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Նոպելի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որ ինչպէս ամէն տարի՝ այս տարի եւս ամբողջ միջազգային հանրութեան անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ։
Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացէն ներս, շուրջ ամիս մը առաջ, պետական զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած է սահմանին վրայ:
Դեսպանահաւաք. Թուրքիա միշտ հետամուտ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի արարողութիւն մը։ Այսպէս, Հայրապետական սրբատառ կոնդակով վարդապետական լանջախաչ շնորհուեցաւ չորս քահանայ հայրերու, որոնք երկար տարիներէ ի վեր հետեւողական ու նուիրեալ աշխատանք կը տանին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան համակարգէն ներս։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Մաէսթրօ Կոնստանտին Օրբելեանի հետ զրոյց Նիւ Եորքի մէջ՝ ներկայութեամբ ամերիկահայ ազգային գործիչ Շողակ Յովհաննէսեանի (3)
Մաէսթրօ Օրբելեանի արհեստավարժ փորձառութիւնը եզակի է՝ ո՛չ միայն սեփական կեանքը պայմանաւորելու, այլեւ ուրիշներու կեանքին ներշնչանքի աղբիւր հանդիսանալու աստիճան։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Չեմ կարծեր որ այս օրերուն տակաւին գտնուի մէկը, որ լսած չըլլայ Հալէպի եւ կամ հոնկէ հասնող լուրերու մասին: Բայց, իբրեւ հարազատ քաղաքացի կրկնութեան գնով ըսեմ, որ գեղեցիկ է մեր քաղաքը։ Հակառակ այս օրերու իր տխուր «տեսարանին», տակաւին պահած է իր գեղեցկութիւնը։
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այն բանէն ետք, երբ տնտեսական ճակատները եւ միջազգային համագումարները այս դարաշրջանի նորաձեւութիւնը դարձան, ինչպիսիքն են ՕՓԷՔ-ը, Եւրոպական միացեալ շուկան, աշխարհի կարգ մը լուսաւոր աղքատներէն կոչ ըրին ստեղծել միացեալ շուկայ մը այն երկիրներուն համար, որոնք տխրութիւն եւ արցունքներ կ՚արտահանեն ու կը սպառեն, ինչպէս նաեւ անոնք նախապատրաստական ժողով մը հրաւիրելու կոչ ըրին՝ աշխարհի մէջ որեւէ մէկ տեղ, հետեւեալ կարգախօսով.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աղօթքը՝ շնորհքի պարգեւ է, իսկ մեր կողմէն վճռական փոխադարձութիւն մը։ Աղօթքը միշտ կ՚ենթադրէ ճի՛գ մը։ Ասիկա, աղօթքին պայքա՛րն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կեանքը որ կ՚ապրինք, իրականութեան մէջ պայքար մըն է անցեալի յիշողութիւններուն, որոնք ի մի գալով մարդուն անցեալը կը կազմեն եւ մարդ կամայ թէ ակամայ ունի հակում յիշողութիւնները պահելու՝ անոնք ըլլան դրական կամ ժխտական եւ նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւրին անցեալը (իր դրականով ու ժխտականով) ամբողջութեամբ կը տարբերի ուրիշինէն, ապա այդ պայքարը եւս կ՚ըլլայ տարբեր՝ ոմանց համար տանելի, իսկ ուրիշներու համար անհանդուրժելի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ընդհանրապէս որոշած եմ քաղաքականութեան մասին չգրել, պարզ այն պատճառով, ինչպէս նաեւ համոզումով, որ քաղաքականութիւնը հիմնուած է լոկ մի քանի մենաշնորհներու շահերը ապահովելու, սակայն ոչ երբեք ժողովուրդին, բայց Սուրիոյ ներկայ իրավիճակը առիթ կու տայ քաղաքականութեան շուրջ մի քանի կարծիքներ յայտնելու:
«Թուրքիա կը պաշտպանէ Սուրիոյ տարածքին ամբողջականութիւնը եւ աչք չունի որեւէ երկրի հողին վրայ»:
Նախագահ Էրտողան յաղթանակի առթիւ շնորհաւորեց սուրիացիները: Ֆիտան հեռաձայնով զրուցեց Կութերեսի հետ:
Բարեյիշատակ լուսանկարիչ Նիքոլաս Մանկինասի յիշատակին կազմակերպուած միջազգային լուսանկարչութեան մրցոյթը այս տարի կազմակերպուեցաւ երրորդ անգամ ու պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Նիքոլաս Մանկինաս անժամանակօրէն մահացած էր 2021 թուականին եւ այդ տարիէն ի վեր այս միջազգային մրցոյթը կը կազմակերպուի՝ իր յիշատակը վառ պահելու համար։
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կետէոն Սաար նախընթաց օր Երուսաղէմի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին քաղաքական հարցերու պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւնները։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Միջազգային քրէական ատեանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոն, որ վերջին շրջանին ներգրաւուած է՝ Արցախի գերեվարուած ու Պաքուի մէջ ի պահ դրուած ղեկավարներու ազատ արձակման ուղղեալ պայքարին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մինաս Մեծատուրն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ այս եկեղեցւոյ քարոզիչ ու հոգեւոր հովիւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Մաէսթրօ Կոնստանտին Օրբելեանի հետ զրոյց Նիւ Եորքի մէջ՝ ներկայութեամբ ամերիկահայ ազգային գործիչ Շողակ Յովհաննէսեանի (2)
Եկուր-տե՛ս, որ ուղեւորութիւնները միշտ ալ յղի են անակնկալներու։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսահայ մեծանուն բանաստեղծ Զահրատի համբաւը վաղուց ելած է իր ծննդավայրէն, հասած հեռաւոր երկիրներ, իսկ Հայաստանի մէջ ալ միշտ ջերմութեամբ եւ ակնածանքով կը վերաբերին հայալեզու գրողին, որ հայերէնը առանձնակի մակարդակի մը հասցուցած է իր բանաստեղծութիւններուն մէջ՝ կերտելով մեր ժամանակներու լաւագոյն քերթողութիւններէն մէկը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Մարդ երբ աչառութիւն ընէ դատաստանի մէջ, ի՞նչ կ՚ըլլայ հետեւանքը:
Պատասխան. Առակացի իմաստուն հեղինակը կը գրէ. «Այս բաներն ալ իմաստուններուն յատուկ են: Դատաստանի մէջ աչառութիւն ընելը աղէկ չէ: