Արխիւ
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու կը պատրաստուի այցելել Պաքու՝ հանդիպելու համար Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Իսրայէլի վարչապետը Պաքու կը մեկնի իր կողակցին՝ Սարա Նեթանիյահուի հետ, 8-11 մայիսին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նախընթաց օր ունեցան հեռախօսազրոյց մը՝ հերթական անգամ անդրադառնալով Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները կը հիմնուին ու պէտք է հիմնուին փոխադարձ հետաքրքրութիւններու վրայ։ Իր խօսքով՝ Երեւան մտադրութիւն չունի Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները լարելու, խզելու կամ փճացնելու։
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին արդէն կը պատրաստուի իր նոր՝ 267-րդ քահանայապետը ընտրելու։ Կը հաղորդուի, որ Քոնքլաւը պիտի գումարուի յառաջիկայ շաբաթ՝ մայիսի 7-ին։
Հայաստանի ղեկավարութիւնը այսօր կը հիւրընկալէ Վրաստանի նախագահ Միխէյիլ Քաւելաշվիլին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս առաւօտ պետական արարողակարգով դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը։
Վեհափառ Հայրապետը կը կարեւորէ բարեկամ երկիրներու եւ միջազգային հանրութեան ջանքերը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը միշտ մտահոգ՝ Հայաստանի դիմագրաւած անվտանգային ծանր մարտահրաւէրներով:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու՝ որպէս Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ղեկավար երէկ հիւրընկալեց հեռուստահաղորդավար Արամ Գուրանը, որ վերջերս ներգրաւուած է Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր մշակոյթի եւ գեղարուեստի քաղաքականութիւններու խորհուրդի կազմին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ բացուած է ուշագրաւ ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է Մարսէյլի պատմական «Քամփ Օտտօ»ին։
Ցուցադրութիւնը կազմակերպած են Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը եւ Մարսէյլի «ԱՐԱՄ» հայկական յիշողութեան հետազօտման եւ արխիւացման կազմակերպութիւնը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Աղքատութիւնը Աստուծմէ տրուած պատի՞ժ է մարդուն:
Պատասխան. Երբե՛ք: Աղքատութիւնը պատիժ չէ՛ Աստուծմէ տրուած, այլ կարգավիճակ է, որ ինչ-ինչ պաճառներով, կամ ինչ պարագաներու բերումով մարդ այդ վիճակին մէջ կը յայտնուի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհի վրայ՝ ուր կ՚ապրինք, ամէն ինչ արժանի է գնահատանքի, քանի որ այն բոլորը ստեղծուած են բանաւոր պատճառով մը եւ ո՛չ մէկ բան առանց նպատակի ստեղծուած է։ Մարդ շատ իրականութիւններու կրնայ չանդրադառնալ, բայց շատ բաներ՝ որոնք կը գտնուին աշխարհի վրայ, ստեղծուած են ի նպաստ մարդուն՝ ծառայելու եւ օգտակար ըլլալու համար անոր։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր մարդկային միտքին մէջ կան որոշ կաղապարներ ու համոզումներ, որոնք իրականութեան մէջ ճշմարտութենէն հեռու կրնան ըլլալ. օրինակի համար՝ մեր մարդկային տկար համոզումով ժպիտն ու խնդուքը ուրախութեան, լացն ու վիշտը տրտմութեան արտայայտութիւններ են, սակայն հոգեբանութիւնը կու գայ փաստելու, որ միշտ չէ՛, որ լացը տխրութեան եւ ժպիտը ուրախութեան արտայայտութիւններ ըլլան։
Նորոգ վախճանեալ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին յուղարկաւորութիւնը վերածուեցաւ միջազգային հաւաքի մը:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը գլխաւորեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վատիկան մեկնած պատուիրակութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ, բացի կեդրոնի իշխանութիւններէն, զինուելու հնարաւորութեամբ որեւէ նախաձեռնութիւն անընդունելի է։ «Ինչպէս ԻՇԻՊ-ը («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում), այնպէս ալ ՓՔՔ-ն համակարգէ դուրս պիտի ելլէ։
Ֆրանսահայ յայտնի նկարչուհի Ասիլվա այս օրերուն Իսթանպուլի գեղարուեստասէրներուն կը ներկայանայ եզակի ցուցահանդէսով մը։ Բանկալթըի «Պերզէ» գեղարուեստասրահին մէջ բացուած է այս ցուցահանդէսը, որ շաբաթավերջին համախմբեց հոծ թիւով արուեստասէրներ։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը կը պատրաստուի հանդէս գալ ելոյթով մը։ «Մարալ»ի ընտանիքը ներկայիս կը նշէ համոյթի հիմնադրութեան 45-ամեակը։
Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ողջունեցին Թաքսիմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացումը։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը հոգեւոր մեծ ուրախութեան առիթ դարձաւ։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Ապրիլի 24-էն առաջ, ապրիլի 24-էն վերջ՝ նոյնն են իսկութեան մէջ։ Ամէն տարի այս օրերուն հայ եղող ամէն բան կը բռնկի։ 23, 24, առաւելագոյնը՝ 25. միայն Ծիծեռնակաբերդին կրակը կը մնայ 26-ին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ապրիլին, «Հայփոսթ»ը շրջանառութեան մէջ դրած է նոր դրոշմաթուղթ մը՝ նուիրուած Նուպար Նուպարեանի (Նուպար փաշա) ծննդեան 200-ամեակին։ Դրոշմաթուղթը թողարկուած է «Աշխարհահռչակ հայեր» խորագրի ներքոյ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Երկրաշարժերը մեզ կը յիշեցնեն, որ բնութիւնը շատ զօրաւոր է եւ պէտք է մշտապէս պատրաստ ըլլանք անոր ուժին։ Ամենավտանգաւոր կողմերէն մին այն է, որ երկրաշարժը նախօրօք կարելի չէ ճիշդ կերպով կանխատեսել։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեւորականին սնարի գի՛րքն է Աստուածաշունչ մատեանը։ Ան է, եւ ան պէտք է ըլլայ գրասեղանի առաջին եւ անբաժան ընկերը հոգեւորականին։