Արխիւ
Հայաստանի Ազգային ժողովի Եւրոպայի համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն տուաւ այն օրէնքի նախագծին, որով սկիզբ պիտի առնէ երկրի Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Եի երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Տանըլտ Թրամփ նախագահական երդումով ամրագրեց իր յաղթական վերադարձը Սպիտակ տուն՝ հակառակ 2020 թուականի ընտրութիւններու պարտութենէն ետք իշխանութիւնը բռնագրաւելու փորձի մեղադրանքին, հակառակ գահընկէցութիւնը պահանջող երկու դատավարութիւններու, յանցագործութեան մեղադրանքի, հակառակ ենթարկուած մահափորձին...
Հայաստան, Հիւսիսային Եւրոպա եւ Պալթեան երկիրներ ձեւաչափով կարեւոր համագործակցութիւն:
Ալէն Սիմոնեան. «Եւրոմիութեան անդամ որեւէ երկիր Երեւանէն չէ պահանջած կապերը խզել այլ որեւէ երկրի հետ»:
Առաջնահերթութիւն՝ տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններուն:
Հայաստանի եւ Խրղըզիստանի արտաքին գոծոց նախարարները արժեւորեցին անվտանգային իրավիճակի հարցեր:
Երեւան կը ջանայ հաւասարակշռութիւն ստեղծել ԵՄ-ի, Մոսկուայի եւ տարածաշրջանային ուժերու հետ:
Փաշինեան-Ռութէ հանդիպում. ՆԱԹՕ կ՚աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք կարեւորեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատումը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Չէի գիտեր, թէ ի՛նչ կ՚ուզէի, ես կը վախնայի կեանքէն, կ՚ուզէի փախչիլ կեանքէն, բայց, այնուամենայնիւ կեանքէն բան մը կը սպասէի», ըսած է Լեւ Թոլսթոյ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ի՞նչու «դարձեալ սիրոյ մասին»։ Դարձեալ, քանի որ երբ ամէն ատեն սիրոյ մասին կը մտածենք եւ կը խօսինք, կ՚անդրադառնանք, որ երբ աւելի քան երկու հազար տարիէ ի վեր սիրոյ մասին կը մտածուի եւ կը խօսուի՝ կը նշանակէ, թէ տակաւին ամբողջութեամբ ըմբռնուած չէ՛ սիրոյ իմաստը մարդոց կողմէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իր յաջորդ հարցով Արամ Ա. Կաթողիկոս կ՚անդրադառնայ տասնամեակներ շարունակ հայ ժողովուրդը յուզող հիմնական հարցի մը. սփիւռք եւ Հայաստան յարաբերութիւն: Երկար ժամանակ լուրջ խնդիր եղած, է թէ ո՞ւր է սփիւռքի դերը հայրենիքի կազմաւորման մէջ.
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարպիս Գալայճեանն ու գործակից ընկերները։ Զրոյցի ընթացքին թաղականները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ տուին իրենց գործունէութեան շուրջ։
Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկ հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը։ Համայնքային կեանքէն ներս կայծակնային արագութեամբ տարածուած մտահոգիչ իրադարձութեան մը բաւական յապաղումով արձագանգած է թաղային խորհուրդը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց միջեկեղեցական աղօթքի, որ կազմակերպուած էր Քրիստոնէից միութեան շաբթուան ծիրէն ներս։
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները արձակեցին ուշագրաւ դատավճիռ մը, որ կարեւոր նշանակութիւն ունի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու աշխարհէն ներս հեղինակային իրաւունքներու հարցերուն հետ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց Սուրբ Երկրի պապական նուիրակ Ատոլֆօ Տիտօ Ըլանա արքեպիսկոպոսը, որ փութացած էր հայոց Սուրբ Ծնունդը շնորհաւորելու։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ պաշտօնի կոչուելէ անմիջապէս վերջ Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալեց Հնդկաստանի, Աւստրալիոյ եւ Ճաբոնի իր պաշտօնակիցները։
Վարչապետը մեկնաբանեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատումը հիւսիսէն շարունակելու պարագան:
Նիկոլ Փաշինեան. «Մենք արդէն ունինք սահմանագծուած հատուածներ ու կ՚ուզենք զանոնք դարձնել ամբողջական»:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Անահիտ Սուլթանեան ծնած է Հայաստան: Ամուսինը երկար ժամանակէ ի վեր արդէն հաստատուած է Ալմաթը, Ղազախիստան: Անահիտը լեզուաբան է, անոր կեանքի կոչումն է մանկավարժութիւնը: Երեսուն տարի եղած է Արտաշատ քաղաքի աւագ դպրոցի տնօրէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թէ՛ բնութեան երեւոյթներ, թէ՛ մարդկային կեանքի մէջ պատահած զանազան իրադարձութիւններ եւ մինչեւ իսկ տիեզերքի ստեղծագործութիւնը, մէկ խօսքով գոյացութիւնը դիպուա՞ծի մը, թէ իմաստութեամբ պատրաստուած աստուածային ծրագրի մը արդիւնքն է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յունուարի սկիզբին լրացաւ սփիւռքահայ անուանի գրող, փիլիսոփայ, գրաքննադատ, հրապարակախօս, բանասէր Գրիգոր Պըլտեանի ծննդեան 80-ամեակը, եւ Հայաստանի մէջ տրուեցաւ այս նշանակալից յոբելանին մեկնարկը։