Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդու տկարութեան մաս կը կազմէ կողմնակալութիւնը. օրինակի համար՝ այսօր փողոցի մը մէջ հայ մը եւ օտար մը թող կռուի բռնուին, առանց նիւթի իսկութիւնը հասկնալու, բնականաբար, առաջին անգամ պիտի պաշտպանենք հայը, որովհետեւ այդ մէկը մարդկային տկարութեան մաս կը կազմէ:
Անգարա կը վերահաստատէ իր սպասումը՝ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար:
Հաքան Ֆիտան եւ Արարատ Միրզոյեան զրուցեցին ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքի ծիրէն ներս:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան Քլաուտիա Պուշը։ Վեհափառ Հայրապետը դեսպանը շնորհաւորեց նշանակման կապակցութեամբ եւ բարեյաջող առաքելութիւն մաղթեց՝ ի նպաստ երկու ժողովուրդներու կապերու առաւել զօրացման։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը մշտական ներկայացուցիչ մը հաւատարմագրեց՝ ՄԱԿ-ի Նաիրոպիի գրասենեակին եւ տեղւոյն երկու գործակալութիւններուն մօտ։ Մշտական ներկայացուցիչի պաշտօնը վստահուած է դեսպան Սահակ Սարգսեանին, որու նստավայրը կը գտնուի Ատիս Ապապայի մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Դարձեալ Տիթրոյիթ եմ. սակայն ո՛չ ամէն անգամուայ նման, այլ՝ իբրեւ սգաւոր: Եկած եմ յարգանքի վերջին տուրք-բաժինս տալու ինձմէ տարիքով քիչ մը աւելի փոքր եղբօրս՝ Երուանդին: Եկած էի հրաժեշտ տալու այն հարազատիս, որ լաւ ճանչցած էր ժամանակի ողբերգանական ահազանգը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ Սթիրլինկ բարեգործական ընտանեկան հիմնարկի Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատու Պրիտնի Սթիրլինկն ու ընկերակիցները, որոնք այս օրերուն կ՚այցելեն քաղաքս։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները մահուան սահմանումներու եւ ընկերաբանական ընկալումներու վերաբերեալ։
Բազում հասարակութիւններ վաղ ժամանակներէն ի վեր կը փորձեն իմաստաւորել մահը եւ անոր աշխարհը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս իր աշակերտներուն կ՚ըսէ եւ կը հաստատէ, թէ անկարելի է, որ ընկերական յարաբերութիւններու մէջ գայթակղութիւններ՝ իրարու դէմ պակասութիւններ չպատահին։ Մտքի, բարոյական նկարագրի, տարիքի, դասակարգի, պաշտօնի, դիրքի եւ այլ շատ մը տարբերութիւններ, որոնք ինքնաբերաբար յառաջ եկած են մարդկային ընկերութիւններու մէջ՝ բնական եւ տնտեսագիտական յեղաշրջումով, յաճախ բախումներ յառաջ կը բերեն իրարու հետ ապրող ամենէն սիրելի անձերու միջեւ իսկ։
Սպանահայութիւնը վերջին օրերուն հիւրընկալեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը, որ այցելեց Մալակա։ Տեղւոյն Ս. Մարիամ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագէն վերջ կատարուեցաւ ջրօրհնէք։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Իտալիոյ դեսպան Ալֆոնսօ տի Ռիցոն, որ դիւանագիտական առաքելութիւնը կ՚աւարտէ Հայաստանէ ներս։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի մարզէն ներս այս շաբաթավերջին պիտի վերաօծուի Կիւմրիի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պիտի նախագահէ արարողութեան, որուն առթիւ Շիրակի թեմը բազմաթիւ ուխտաւորներ պիտի հիւրընկալէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ տքթ. Էրօլ Չընարն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը այս շրջանին նոր վիճակաւոր մը ունենալու սպասման մէջ է։ Մինչեւ նոր հոգեւոր առաջնորդի ընտրութիւնը, անցումային շրջանին, պատրիարքական կառավարիչի հանգամանքով արքեպիսկոպոսարանի ղեկը ստանձնած է Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան, որ վերջին օրերուն այցելեց մայրաքաղաք Անգարա, ուր հիւրընկալուեցաւ բարձր մակարդակի վրայ։
Ամանորի ընդառաջ Պէշիկթաշի քաղաքապետ Ռըզա Աքփոլատ եւ կողակիցը երէկ երեկոյեան ընթրիք մը սարքեցին՝ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց հոգեւոր առաջնորդներուն եւ համայնքային շրջանակներուն համար։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ իրականութեան մէջ արեւմտահայերէն մշակոյթի զարգացման միակ խոշոր նպաստի ծրագիրը այս տարի նոյնպէս յայտարարեց իր նպաստառուները: «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի «արդ եւս» խորագրեալ դրամաշնորհի ծրագիրը չորրորդ տարին ըլլալով օժանդակութիւններ կը տրամադրէ յաջողակ գաղափարներուն, որոնք միտուած են արեւմտահայերէնով յառաջադէմ կիրարկութեան համար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Եդուարդ Սիմքէշեանի (1906-1979) մէկ գրութիւնը, որ կը կրէ «Մարդուն մեծագոյն քաղաքակրթութիւնը»: Գրութիւնը կը ներկայացնենք, նկատի ունենալով անոր այժմէականութիւնը:
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը վերջերս 15 հազար ամերիկեան տոլար յատկացուցած է «Արփի» հրատարակչատան՝ պատանեկան երկու վէպերու լոյս ընծայման նպատակով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տեւական կ՚աղօթենք Աստուծոյ, քանի որ Ան ըստ քրիստոնէական աստուածաբանութեան Հա՛յր է՝ Արարիչ եւ Նախախնամ, եւ շատ բնական է, որ «որդի»ն հօրմէն պահանջէ իր կարիքերը։ Բայց աղօթքը, ինչպէս ընդհանրապէս կը կարծուի, միայն պահանջելու միջոց մը չէ։
Սուրիոյ տագնապալի մթնոլորտի պայմաններով, երբ Հալէպը ընդդիմութեան զինեալներու հակակշռին տակ անցած է, համայն հայաշխարհը մտահոգուած է տեղւոյն հայութեան համար։ Հանրային կարծիքէն խաւեր կ՚ակնկալեն Հալէպի հայութեան Հայաստան տարհանումը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իրականութեան մէջ այս յօդուածին սկսելէ առաջ կասկածի տակ կը դնեմ անոր հրապարակումը, որովհետեւ հայկական դարաւոր սովորութեան համաձայն, յաճախ մեծերը չնեղացնելու սիրոյն պէտք է ստել, անտեսել անդունդ ի վար գահավիժումը, սակայն աւելի քան երբեք, այսօր համոզուած ենք, որ շատ անգամ այդ «մեծերը» նեղացնելու գնով անգամ պէտք է բարձրաձայնել ճշմարտութիւնը, համոզուած ըլլալով, թէ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը աւելի մեծ ու բարձր են՝ քան այդ մեծերը: