ՍՈՒՐԲ ՔԱՂԱՔԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՅՍՏԱԿ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ Ի ՆՊԱՍՏ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ
Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու մթնոլորտին մէջ, Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները վերահաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ Հայոց Պատրիարքութեան եւ հրատապ միջամտութեան կոչ ուղղեցին։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ թեմէն ուխտաւորներ։
Երէկ, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին առթիւ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Միչիկընի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» լիսէէն խումբ մը սաներ, որոնք ստացան իր օրհնութիւնը։
Համայն հայութիւնը կը շարունակէ զգայնութեամբ հետեւիլ Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած գոյաբանական մարտահրաւէրներուն։ Հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այդ մարտահրաւէրները միշտ առաջնահերթութիւններու շարքին կը դասուին։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան դերակատարութիւնը ճակատագրային է։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջերս նշուեցաւ կարեւոր յոբելեան մը։ Այսպէս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի հովանաւորութեամբ, կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններով նշուեցաւ Ֆիլատելֆիոյ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եկեյղեցւոյ հաստատման 100-ամեակը։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն հիւրեր։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը մէկտեղուեցաւ Այխշթեթ-Ինկոլշթատի կաթոլիկ համալսարանի քրիստոնեայ արեւելքի աստուածաբանութեան ամպիոնի դասախօսական կազմին, Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի ուսանողներուն հետ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Save Armenia» յուդայա-քրիստոնէական դաշինքի տնօրէն Մաթիաս Փերթուլլան եւ տնօրէններու խորհուրդի անդամներէն տքթ. Ալվետա Քինկը, որ Մարթին Լութեր Քինկի կրտսեր զարմուհին է, քաղաքացիական իրաւունքի պաշտպան եւ քրիստոնէական հաւատքի դեսպան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցած էր Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ, արդէն վերադարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։