ԸՆԹԱՆԱԼ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԱԾ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՎ
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ նախընթաց օր պատարագեց եւ քարոզեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Խաչատրեան։
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ նախընթաց օր պատարագեց եւ քարոզեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Խաչատրեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Մալթայի դեսպան Տոմինկօ Արտուինին։
Մէկ կողմ թողուլ տարակարծութիւնները եւ հետամուտ ըլլալ ազգային միասնականութեան հաստատման:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ աղօթք՝ գերիներու ազատութեան, նեղեալներու մխիթարութեան եւ Հայաստանի խաղաղութեան համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մաղաքիս Արք. Օրմանեան, իր «Խոհք եւ խօսք»ին մէջ՝ որ իր ինքնակենսագրութիւնն է, կը խորհրդածէ նաեւ կրօնական օր օրէնսգիտական սկզբունքներու վրայ՝ ՀԵ. հատուածին մէջ, 1918 թուականին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ յունիսի 28-ին Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի պարագային դատարանի արձակած կալանաւորման եւ ազատազրկման որոշումը, որ ուղղակի հետեւանքն էր վարչապետի եւ իշխանութեան բարձրաստիճան միւս պաշտօնեաներու եկեղեցահալած քաղաքականութեան եւ եկեղեցականներու դէմ թշնամանքի ու ատելութեան խօսքի։
Խոր ցաւով եւ մտահոգութեամբ տեղեկացանք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, ապա վեհարանի տարածք խուժելու եւ այնտեղ աննախադէպ իրավիճակ յառաջացնելու մասին։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բոլոր նուիրապետական աթոռներուն եւ ՀԲԸՄ-ի կողմէ յայտարարութիւններ:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը իրերայաջորդ հրապարակումներով ահազանգ կը հնչեցնէ՝ Սուրբ Էջմիածնի դէմ իշխանութիւններու պախարակելի ոտնձգութիւններուն, վարչապետի անձնական վրէժխնդրութեան, նաեւ եկեղեցականներու դէմ թշնամանքի ու ատելութեան խօսքի կապակցութեամբ:
Սոյն թուականի յունիսի 27-ը Հայ Եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դէմ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուած խայտառակ գործողութիւններով մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ կը մնայ՝ որպէս ազգային ամօթի օր։
27 յունիս 2025 ուրբաթը վիթխարի ամօթի օր. դաւադիր հարուած հայոց հնագոյն ազգային հաստատութեան՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ:
Հայաստանի իշխանութիւնները դիմակաւորուած մեծածաւալ ուժերով արգելափակեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մուտքերը եւ խափանեցին համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնի բնականոն կեանքն ու անդորրը: Ամենայն Հայոց Սրբութիւն Սրբոցին դէմ անպատկերացնելի հակաեկեղեցական քայլեր, որոնք նոյնիսկ չեն առնուած երբեմնի օտար տիրապետողներու կողմէ:
Յունիսի 27-ի առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններու ուժեր՝ մուտք գործելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ վեհարանի տարածք, փորձեցին ձերբակալել Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը, որ Մայր Աթոռ ժամանած էր քահանայից տարեկան ժողովի առթիւ՝ իբրեւ հաւաքի համակարգող։